Կեցցէ՛ Ազատագրուած Հայրենիքը – պոլշեւիկներուն դաժան լուծէն ազատուած Երեւանի առաջին օրուան նկարագրականը – Յարութ Չէքիճեան
19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան –haroutchekijian.wordpress.com
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Կեցցէ՛ Ազատագրուած Հայրենիքը», (1) այս է ենթախորագիրը «Ազատ Հայաստան»-ի 20 փետրուար 1921-ի, «Փետրուար 18-ի պատմական օրը» խորագիրին տակ, պոլշեւիկներուն դաժան լուծէն ազատած Երեւանի առաջին օրուան նկարագրականը: Ստորեւ` արեւմտահայերէնը.
«Վերջին հոգեվարքի օրերուն յուսահատական ճիգեր կը թափէին «Կոմունիստ» կոչուած թափթփուքները` բանտերն ու բազմատեսակ չեկաները մեր լաւագոյն ընկերներով` «հակայեղափոխական» կոչուածներով» լեցնելով: (Որքա՜ն կը նմանի Հայաստանի այժմու դաւաճան իշխանութեան դէմ «Հեռացի՛ր, դաւաճա՛ն» վանկարկող, վարչապետին ու անոր ապազգային վարչամեքենային հեռացումը պահանջող ցուցարարներուն տրուած որակումին ու կալանաւորումներուն – ՅՉ):
«Ամբողջ Երեւանի հայ մտաւորականութիւնը բանտի ու մութ նկուղներուն բաժին դարձաւ: Հիմնարկութիւնները գործելէ դադրեցան, որոնք արդէն չէին գործեր, քանի որ ամբողջ պաշտօնէութիւնը բանտարկուած էր:
«Սակայն արթուն մնաց հայ աշխատաւորութիւնը եւ արթուն մնաց անոր ուրախութիւններուն ու տխուր օրերուն` միշտ ժողովուրդին անբաժան ընկեր ՀՅԴաշնակցութիւնը:
«Ու տոկուն հայ գործիչներուն շաբաթներ շարունակ վարած ժրաջան ու գաղտուկ գործունէութիւնը ամսոյս 18-ի առաւօտեան պսակուեցաւ անորակելի ու հերոսական ազատագրական պայքարով: Երեւան քաղաքը կանուխ առաւօտէն շրջապատուեցաւ ապստամբ աշխատաւոր գիւղացիներով` ձիաւոր ու հետեւակ, որոնք կատաղի գրոհով բոլոր կողմերէն գրաւեցին քաղաքը:
«Քաղաքի նախկին կառավարիչները քանի մը վայրերէ սկսան յուսահատական դիմադրութիւն ցոյց տալ` զինական բոլոր տեսակի միջոցները գործածելով: (Ժողովուրդին դէմ*) Կը գործածէին թէ՛ թնդանօթը, թէ՛ գնդացիրը, թէ՛ հետեւակը եւ թէ՛ ձիաւորը: Բայց եւ այնպէս, հայրենիքի ազատագրումին սիրոյն համար եւ այդ վեհագոյն պայքարին դիմաց` յուսահատական այդ ուժեղ դիմադրութիւնը խորտակուեցաւ:
2. Պոլշեւիկեան բանտէն ազատագրուածներէն, ձախէն՝ Յովհաննէս Քաջազնունի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետ, Նիկոլ Աղբալեան՝ Կրթութեան նախարարներէն եւ Լեւոն Շանթ՝ մտաւորական, թատերագիր, ուսուցիչ:
«Չեկան եւ կեդրոնական բանտը լեցուած (ողջ մնացած*) հայ մտաւորականները արդէն առաւօտեան ժամը 7-8-ը ազատուեցան եւ ժողովրդային մեծ թափօրով ու խանդավառ ցոյցերով, հայկական (եռագոյն*) դրօշակներով, գլխաւոր փողոցներուն մէջ տողանցեցին: Ընդունելութիւնը չափազանց հարազատ էր, սրտաբուխ ու թեւերը բաց: Ամէն պատշգամէ ու պատուհանէ ցնծութեամբ ու խանդավառ բացագանչութիւնով դիմաւորեցին աշխատաւոր յեղափոխականները:
«Հսկայական այս թափօրը երթալով մեծցաւ: Երեւանի բովանդակ ժողովուրդը արդէն փողոցն էր, բոլորին դէմքին` ուրախութեան ժպիտ, հարազատները իրար գտած էին:
«Համբոյրներ, գրկախառնութիւններ, ապա անմիջապէս քաղաքին մէջ կարգն ու խաղաղութիւնը վերականգնուեցաւ եւ քանի մը ժամ ետք քաղաքը մտաւ իր բնականոն հունին մէջ:
«Երկիրը ազատեցաւ սոսկալի մղձաւանջէն. բոլորը ազատ շունչ քաշեցին` կին թէ տղամարդ, փոքր թէ մեծ, ծերունի թէ երիտասարդ:
«Ազատագրուած է հայ աշխատաւորութեան հայրենիքը:
«Կեցցէ՛ հայուն հայրենիքը»
Պատերազմ կորսնցնող, հինգ հազարէ աւելի հայ զոհեր պատճառող, հազարաւոր անտուն գաղթականներ պատճառող, գերիներու վերադարձը չապահովող, 33 տարիներու արիւնով ազատագրուած ու պահպանուած մեր հողերն ու քաղաքները թշնամիին յանձնող այս դաւաճան ու թշնամիին կամակատար, 105 տարիներու ամբողջ հայութեան մղած պահանջատիրութեան` Հայ դատի պայքարը ոչնչացնող արարքներով այս վարչապետն ու վարչախումբը ի՛նչ տրամաբանութեամբ տակաւին կը մնան իշխանութեան վրայ:
Հարցում մը` բոլորի՛ն: Կ՛ուզէ՞ք, որ այս վարչապետն ու վարչախումբը ղեկավարեն յաջորդ պատերազմը, որ կրնայ չուշանալ:
Հարիւր տարի առաջուան պատգամը այժմէական է այսօր` ժամ առաջ մաքրագործել Հայաստանը այս իշխանութենէն: Անհամբեր կը սպասենք այն պահուն, երբ մենք ալ պիտի գոռանք` Կեցցէ՛ Ազատագրուած Հայրենիքը:
19 փետրուար 2021
* Լուսաբանութիւնները իմս
(1) Հայաստանի Հանրապետական Կառավարութեան օրկան «Ազատ Հայաստան», Ա. տարի, թիւ 2, 20 փետրուար 1921, Երեւան:
haroutchekijian.wordpress.com/2021/02/19/կեցցէ՛-ազատագրուած-հայրենիքը/