Ակնարկ. Իրաւականը Զիջեցաւ Քաղաքականին – Հանրապետութեան նախագահը շարժած է աւելի քաղաքական մղումներէ թելադրուած
10 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնանկման վարչապետական որոշումի նախագիծը երկրորդ անգամ չստորագրելով, ըստ էութեան, հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց պաշտօնանկութիւնը: Պաշտօնանկման իրաւակարգը կ՛առկախուէր, եւ այդպիսով անոր վաւերականութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնար, եթէ նախագահը, հակասահմանադրական տարրեր գտնելով որոշումի նախագիծին մէջ, զայն ուղարկէր Սահմանադրական դատարան: Այդպէս չեղաւ սակայն:
Հիմա տեսնենք, թէ Սահմանադրական դատարանին չուղարկելու հանրապետութեան նախագահին որոշումը աւելի իրաւակա՞ն նախադրեալներ ունի, թէ՞ քաղաքական:
Նախագահի բացատրական նամակի բովանդակութիւնը կը համոզէ, որ նախագահը քաղաքական մօտեցումները գերադասած է` Սահմանադրական դատարան չուղարկելու իր որոշումի կայացման ընթացքին: Այնտեղ կը խօսուի քաղաքական ճգնաժամի հրատապ հանգուցալուծման, ստեղծուած բեւեռացած իրավիճակի, ռազմաքաղաքական գործիչներու միջեւ առկայ տարակարծութիւններուն մասին: Կը հիմնաւորուի հետագայ պառակտումներու կանխարգիլումը, հանրային համերաշխութեան կայացման հրամայականը եւ իրավիճակի կայունացման համար նախագահի ճիգերու շարունակութեան յանձնառութիւնը:
Բացատրական նամակին իրաւական մասը կը վերաբերի զինուորական ծառայութեան եւ զինուորական ծառայողի կարգավիճակի մասին օրէնքի սահմանադրականութիւնը ճշդելու խնդիրին: Այս մասը, որ սկզբունքով անմիջական որեւէ կապ չունի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնանկման որոշումի նախագիծին հետ, ուղարկուած է Սահմանադրական դատարան: Եւ եթէ այդպէս է, իրաւունքի ուժ կը ստանայ վարչապետի որոշումը: Այլապէս խնդրոյ առարկայ կը դառնայ վարչապետի որոշումին սահմանադրականութիւնը:
Հիմա դիտարկենք զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին նման եղանակով պաշտօնազրկման աքթի սահմանադրականութիւնը:
Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի զինուած ուժերու բնագաւառին` հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններուն, կ՛ըսէ.
«Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետի առաջարկութեամբ, օրէնքով սահմանուած դէպքերում եւ կարգով, նշանակում եւ ազատում է զինուած ուժերի եւ այլ զօրքերի բարձրագոյն հրամանատարական կազմը»:
Բայց նաեւ` 155-րդ յօդուածի 3-րդ կէտը կ՛արձանագրէ.
«Զինուած ուժերի զինուորական ամենաբարձր պաշտօնատար անձը գլխաւոր շտաբի պետն է, որին վարչապետի առաջարկութեամբ նշանակում է հանրապետութեան նախագահը` օրէնքով սահմանուած ժամկէտով: Ոչ պատերազմական ժամանակ գլխաւոր շտաբի պետը ենթակայ է պաշտպանութեան նախարարին»:
Սահմանադրութիւնը յատուկ կէտ վերապահած է գլխաւոր շտաբի պետին: Այդ գլխաւոր կէտը կը վերաբերի օրէնքի հետ համապատասխանաբար պաշտօնավարման ժամկէտին, որ 5 տարի է: Այդ յատուկ կէտին մէջ, ի տարբերութիւն 133-րդ յօդուածի Ա. կէտին, վարչապետի լիազօրութիւնը կը յստակացուի միայն նշանակման աքթով: «Ազատելու» իրաւասութիւնը չի նշուիր գլխաւոր շտաբի պետին վերաբերող բաժնին մէջ:
Կա՛յ ուրեմն սահմանադրականութեան խնդիր. առնուազն մեկնաբանելու, յստակացնելու: Զուտ իրաւական կամ գուցէ սահմանադրագիտական խնդիր: Ինչ որ նման ծայր աստիճան զգայուն հարցի պարագային յաւելեալ պատճառներ կը գումարէ` թղթածրարին Սահմանադրական դատարան ուղարկման:
Հանրապետութեան նախագահը շարժած է աւելի քաղաքական մղումներէ թելադրուած, քան իրաւական: Ինչ որ չի նպաստեր իրաւական պետութեան կայացման: Տակաւին. նոյնիսկ զուտ քաղաքական հայեցակէտերէ դիտուած, որքա՞ն նպատակայարմար է կամ հանգուցալուծման նպաստող այս պարագային վարչապետին որոշումը իրականացնող դիրքի ընդունումը: Գործող Սահմանադրութիւնը հանրապետութեան նախագահին ընթացիկ կառավարման լիազօրութիւններ չէ վերապահած: Սակայն, հաստատելով, որ ան պետութեան գլուխն է, նախագահին վերապահած է նման զգայուն փուլերու, գերադասելու իրաւականութիւնը, Սահմանադրութիւնը եւ ապաքաղաքականացնելու գործընթացները:
Սահմանադրութեան 133-րդ եւ 155-րդ կէտերուն միջեւ կար յստակացնելիք բաժին եւ ուղղակի կ՛առնչուէր գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնանկման իրաւակարգին: Կար անհրաժեշտութիւնը Սահմանադրական դատարանի մեկնաբանութեան:
Նախագահը անհրաժեշտ էր, որ որոշումի նախագիծը ուղարկէր Սահմանադրական դատարան:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/501759