Պաքուի Կողմէ Գերի Բռնուած Մարալ Նաճարեան Ազատ Արձակուեցաւ

Մարալ Նաճարեան (կեդրոնը)՝ իր ընտանիքի անդամներուն հետ

Պաքուի Կողմէ Գերի Բռնուած Մարալ Նաճարեան Ազատ Արձակուեցաւ

11 ՄԱՐՏ 2021 – ՍՓԻՒՌՔ:

ՊԷՅՐՈՒԹ․- Մօտաւորապէս չորս ամիսէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուած Մարալ Նաճարեան Չորեքշաբթի օր ազատ արձակուեցաւ եւ Թուրքիոյ ճամբով Լիբանան հասաւ, կը հաղորդէ լրագրող Ճեսմին Սէյմուր, տեղեկութիւնը ստանալով Մարալի քրոջմէ՝ Սօսիէն։ Ան արդէն իսկ կը գտնուի Լիբանանի մէջ իր ընտանիքին բնակարանը։

Յիշեցնենք, որ Մարալը ատրպէյճանական բանակին կողմէ գերի առնուած էր 10 Նոյեմբերին, Բերձորի մէջ, ուր գացած էր իր անձնական իրերը առնելու։

Նշենք, որ Մարալ Նաճարեան Լիբանանի եւ Հայաստանի երկքաղաքացի է։

Մարալ Նաճարեան

asbarez.com/arm/385943/պաքուի-կողմէ-գերի-բռնուած-մարալ-նաճար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail