«Հէյլօ Թրասթ» Ընկերութիւնը Կը Հերքէ Պատերազմի Ընթացքին Թրքական Ուժերուն Ականուած Դաշտերու Քարտէսներու Տրամադրման Մասին Լուրը

Թաւշեայ իշխանափոխութենէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխուժացան արեւմտեան լրտեսական ցանցերը

«Հէյլօ Թրասթ» Ընկերութիւնը Կը Հերքէ Պատերազմի Ընթացքին Թրքական Ուժերուն Ականուած Դաշտերու Քարտէսներու Տրամադրման Մասին Լուրը

13 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներով զբաղող բրիտանական «ՀԷՅԼՕ Թրասթ» ընկերութիւնը հերքած է թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող ականապատուած տարածքներու քարտէսի տրամադրման լուրերը: Այս մասին ընկերութիւնը յայտարարած է իր դիմատետրեան պաշտօնական էջին վրայ:

«ՀԷՅԼՕ Թրասթ»-ը տեղեակ է այն պնդումին մասին, որ 2020 թուականի ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին կամ ատկէ առաջ թրքական ուժերուն ականուած դաշտերու քարտէսներ տրամադրած է: Աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին «ՀԷՅԼՕ Թրասթ»-ը աշխատած է Ղարաբաղի մէջ` տեղական բնակչութեան կեանքը անվտանգ դարձնելու համար: «ՀԷՅԼՕ Թրասթ»-ը կը կարենայ ամբողջ աշխարհի տարածքին աշխատիլ տագնապի գօտիներու մէջ միայն այն պատճառով, որ անիկա ոչ քաղաքական եւ չէզոք կազմակերպութիւն է: Այս պնդումը բացարձակապէս սուտ է», կը նշուի ընկերութեան յայտարարութեան մէջ:

Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Պորիս Աւագեան լրատուամիջոցներէն մէկուն հետ զրոյցի ընթացքին մանրամասնած էր, որ բրիտանական «ՀԷՅԼՕ Թրասթ» ընկերութիւնը թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն տրամադրած է Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող ականապատուած տարածքներու քարտէսը, ինչ որ կարելիութեան տուած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին բարեյաջող կերպով յաղթահարել Արցախի պաշտպանութեան բանակի պաշտպանական ականապատուած տարածքները:

«Հաւաստի աղբիւրներէ ինծի յայտնի դարձած է, որ «ՀԷՅԼՕ Թրասթ» ընկերութիւնը, որ կ՛աշխատէր բրիտանական բարեգործական կազմակերպութեան անուան տակ եւ զբաղած էր ականներու չէզոքացման աշխատանքներով, Արցախի մէջ աշխատած ժամանակաշրջանին ձեռք բերած է հայկական կողմի ականապատուած տարածքներու քարտէսներն ու տրամադրած թրքական գաղտնի սպասարկութեան: Ասոր պատճառով պատերազմի ընթացքին հակառակորդը կրցած է բարեյաջող կերպով անցնիլ ականապատուած տարածքներէն: Վտանգաւոր տարածքները ուսումնասիրելու անուան տակ այս ընկերութիւնը իրականացուցած է հետախուզական գործողութիւններ Արցախի ամբողջ տարածքին», ընդգծած էր պաշտօնատարը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան իր դիմատետրեան էջին գրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Թաւշեայ իշխանափոխութենէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխուժացան արեւմտեան լրտեսական ցանցերը: Արտաքին լրտեսներու հետ միասին տեղական նշանակութեան լրտեսները թուլացուցին մեր երկու հայկական պետութիւններու դիմադրողականութիւնը»` աւելցնելով, որ ինք չի հաւատար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները չեն իմացած, որ բրիտանական «ՀԷՅԼՕ Թրասթ»-ը Արցախի մէջ լրտեսութեամբ զբաղած է:

«Ի վերջոյ, ի՞նչ սպասես իշխանութենէ մը, որո՞ւն Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իր ամբողջ ներուժը կ՛օգտագործէ ոչ թէ արտաքին թշնամիի դէմ պայքարի, այլ կեղծ օգտատէրեր բռնելու համար եւ կանացի զուգագուլպաներու մասին իմ հեռաձայնային զրոյցներս գաղտնալսելով», գրեց ան:

aztagdaily.com/archives/502232

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail