«Իսրայէլ 2019-էն Ի Վեր Առնուազն 12 Իրանեան Նաւեր Հարուածած Է» Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

«Իսրայէլ 2019-էն Ի Վեր Առնուազն 12 Իրանեան Նաւեր Հարուածած Է» Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

13 ՄԱՐՏ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլ հարուածած է առնուազն 12 իրանեան նաւեր, որոնք Սուրիա կ՛ուղղուէին եւ որոնց մեծամասնութիւնը իրանեան քարիւղ կը փոխադրէին: Իսրայէլ այդ քայլին դիմած է մեկնելով այն մտավախութենէն, որ քարիւղէն գոյանալիք նոր եկամուտը Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ նոր ճակատի մը ֆինանսաւորման համար օգտագործուի:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ 2019 թուականի վերջաւորութենէն ի վեր, մինչ Իրան շարունակած է Սուրիոյ հետ քարիւղի առեւտուր կատարել եւ քարիւղի միլիոնաւոր տակառներ առաքել` ոտնահարելով Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները եւ Սուրիոյ դէմ հաստատուած միջազգային պատժամիջոցները, Իսրայէլ Կարմիր ծովուն եւ շրջանի այլ տարածքներուն մէջ դէպի Սուրիա նաւարկելնուն ընթացքին իրանեան նաւեր կամ իրանեան բեռ փոխադրող նաւեր հարուածած է` օգտագործելով զէնքեր, որոնց շարքին` ականներ:

«Ծովային կարգ մը յարձակումներ նաեւ թիրախ դարձուցին շրջանին ճամբով այլ բեռներ, ներառեալ զէնքեր փոխադրելու իրանեան ջանքերը», կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»` նշելով, որ իրանեան քարիւղատար նաւերուն դէմ յարձակումները նախապէս չեն բացայայտուած, սակայն իրանցի կարգ մը պաշտօնատարներ նախապէս հաղորդած են կարգ մը յարձակումներու մասին եւ յայտնած, թէ կը կարծեն, թէ անոնց ետին Իսրայէլ կանգնած է:

aztagdaily.com/archives/502231

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail