Անդրադարձ – Հաւասարակշռուած Դիրքորոշման Եւ Միջնորդ Ըլլալու Կարելիութեան Ու Յոյսի Կորուստը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Մոհսեն Ռեզայի-mohsen-rezaee

Անդրադարձ – Հաւասարակշռուած Դիրքորոշման Եւ Միջնորդ Ըլլալու Կարելիութեան Ու Յոյսի Կորուստը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

12 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը աւանդաբար Արցախի հարցի ուղղութեամբ ունեցած է հաւասարակշռուած դիրքորոշում, սակայն վերջին պատերազմի ընթացքին ու անկէ ետք իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները ցոյց տուին, որ Թեհրանը այդ աւանդական դիրքորոշումէն շեղած է:

Այդ յայտարարութիւններուն վերջինը Քոմի մէջ եւ «Թուիթըր»¬ի ճամբով կատարուեցաւ Իրանի Նպատակայարմարութեան խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռեզայիի կողմէ: Անոր յայտարարութիւնները միայն հայկական կողմին չէին վերաբերեր, այլ նաեւ` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը 3 մարտին «Թուիթըր»¬ի վրայ գրառում մը կատարելով` յայտնեց. «Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը էր եւ պիտի մնայ Ազրպէյճանին»: «Այդ շրջանի ղեկավարման որեւէ առաջարկ պէտք է ազրպէյճանական կառավարութիւնը կատարէ», գրեց ան, սակայն երկու օր առաջ Քոմ քաղաքին մէջ, Արցախի հարցին շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին կանխաւ շեղած էր իր կատարած այդ պնդումէն եւ ներկայացուցած «շրջանի ղեկավարման առաջարկ» մը` նշելով.«Մեր գլխաւոր նպատակն է ստեղծել Ազրպէյճանին պատկանող Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ ինքնավար շրջան մը, Հայաստան պէտք է նաեւ մնացեալ հողերը յանձնէ»:

«Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ ազրպէյճանական բանակէն բացի, այլ օտար որեւէ ուժ պէտք չէ ըլլայ», իր թուիթըրեան գրութեան մէջ նշեց Ռեզայի: Ռուսական «Սփութնիք Արմենիա»-ն այդ յայտարարութիւնը նկատեց 28 փետրուարին «ազատագրուած ազրպէյճանական հողերուն» վրայ Հայաստանի զինեալ ուժերուն «ապօրինի տեղակայումը» դադրեցնելու Ազրպէյճանի պահանջին նկատմամբ Թեհրանի արձագանգը` փորձելով ուշադրութիւն շեղել այն իրողութենէն, որ այդ «որեւէ ուժ պէտք չէ ըլլայ»¬ն նաեւ կը վերաբերի շրջանին մէջ տեղակայուած ռուսական ուժերուն:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը մեծաթիւ ազրպէյճանցի բնակչութիւն ունեցող իրանեան Քոմ քաղաքին մէջ նաեւ կատարեց նշանակալից մատնանշում մը. «Ազրպէյճանը միայն մեր դրացին չէ, մենք մէկ ժողովուրդ ենք երկու երկիրներու մէջ», ըսաւ ան: Թուրք¬ազրպէյճանական յարաբերութեան մէջ օգտագործուող «Մէկ ժողովուրդ, երկու երկիրներու մէջ» կարգախօսի որդեգրմամբ իրանցի պաշտօնատարը փանթրքական այդ դիրքորոշման հակադրեց համապարսկականը, որուն շեշտման համար յիշեցուց, որ ռուս¬պարսկական պատերազմներուն ընթացքին հազարաւոր իրանցիներ նահատակուած են` «Ազրպէյճանը ցարերու ճիրաններէն ազատագրելու համար»: Ըստ «Մէկ ժողովուրդ, երկու երկիր» կարգախօսի իրանեան տարբերակին, Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան, Արեւմտեան Ազրպէյճան եւ Արտապիլ նահանգներու բնակիչները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան բնակիչները թուրք չեն, այլ` պարսիկ:

Առաջին հայեացքով Արցախի հարցին նկատմամբ հաւասարակշռուած կեցուածքէն Իրանի շեղումը կարելի է վերագրել Իրանի մէջ նկատառելի թիւով ազրպէյճանցիներու գոյութեան գործօնին (բնակչութեան շուրջ 20 առ հարիւրը): Այդ բնակչութիւնը, սակայն, նախապէս ալ գոյութիւն ունէր եւ որեւէ ձեւով արգելք չէր հանդիսացած 1988-էն մինչեւ 27 սեպտեմբեր 2020` թուրք¬ազրպէյճանական յարձակումի շղթայազերծումը գոյատեւած իրանեան հաւասարակշռուած դիրքորոշման որդեգրման: Ուստի ի՞նչ փոխուեցաւ. երկու ազդակներ պատճառ դարձան, որ այդ փոքրամասնութեան գոյութեան նախապէս անտեսուած գործօնը վերածուի ազդեցիկի: Առաջինը` փանթրքութեան վերաշխուժացումն է, իսկ երկրորդը` Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները:

Իրանեան կեցուածքի փոփոխութիւնը կու գայ վկայելու, որ ամերիկեան երկարատեւ պատժամիջոցներուն իբրեւ հետեւանք իրանեան իշխանութիւնները տկարացած են կամ առնուազն իրենք զիրենք խոցելի կը զգան, ուստի փանթրքութեան վերաշխուժացման լոյսին տակ ոչ միայն կը փորձեն սիրաշահիլ իրենց թրքացեղ բնակչութիւնը, այլ նաեւ` անոր փանթրքական զգացումները հակակշռել ու մեղմացնել, շրջանառութեան մէջ դնելով ատոր իրանեան տարբերակը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով օգնական Ապպաս Արաքժի 1 մարտին յայտարարեց. «Իրան միշտ ունեցած է դիրք մը, որ իրեն կ՛արտօնէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու համար միջնորդութիւն կատարել»: Դժբախտաբար, ատիկա անցեալին կը պատկանի. Թեհրան 27 սեպտեմբերին շղթայազերծուած թուրք-ազրպէյճանական յարձակումէն ետք, կորսնցուցած է այդ դիրքը, այդպիսի դերակատարութիւն մը ունենալու կարելիութիւնն ու նուազագոյն յոյսը:

aztagdaily.com/archives/502054

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail