13 Յունուար 1858-ին Լոյս Տեսաւ «Հիւսիսափայլ»-ը՝ Արեւելահայ Զարթօնքի Հիւսիսէն Փայլող Մամլոյ Լոյսը

hiusisapayl-113 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

Ո՛չ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն ը­սո­ւած խօսք է, ոչ ալ այդ­պէս՝ շռայ­լան­քով տրո­ւած գնա­հա­տա­կան է շա­րու­նակ շեշ­տո­ւող այն հաս­տա­տու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ հայ մա­մու­լը հիմ­նա­կան դեր խա­ղա­ցած է մեր ժո­ղո­վուր­դի լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մը եւ մշա­կու­թա­յին կեն­սա­գոր­ծու­մը յա­ռաջ մղե­լու,

մշտա­նո­րոգ պա­հե­լու եւ նպա­տա­կաս­լաց հու­նով ա­ռաջ­նոր­դե­լուազ­գա­կերտ գոր­ծին մէջ։

158 տա­րի ա­ռաջ, ճիշդ այս օ­րը՝ 13 Յու­նո­ւար 1858-ին, իր ա­ռա­ջին հա­մա­րըհրա­տա­րա­կած «­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ի օ­րի­նա­կը ինք­նին բա­ւա­րար է, որ­պէս­զիիր ամ­բող­ջա­կան եւ ընդգր­կուն ի­մաս­տով ու կա­րե­ւո­րու­թեամբ ըն­կա­լո­ւի այնճշմար­տու­թիւ­նը, որ հայ մա­մու­լը ա­մէ­նօ­րեայ դպրոցն է հա­յուն։

«­Հիւ­սի­սա­փայլ» թեր­թի ա­նու­նին կցո­ւած «Օ­րա­գիր ընդ­հա­նուր ազ­գա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան» վեր­տա­ռու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս կը խտաց­նէ բնա­բա­նը, ա­ռա­ջադ­րանքն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Մոս­կո­ւա­յի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած այս ամ­սա­թեր­թին։

1858-էն սկսեալ մին­չեւ 1862 ան­խա­փան հրա­տա­րա­կո­ւե­լէ ետք, «­Հիւ­սի­սա­փայլ» եր­կու տա­րի լոյս չէ տե­սած, 1864-ին վե­րահ­րա­տար­կո­ւած է եւ այ­նու­հե­տեւ վերջ­նա­կա­նա­պէս դադ­րած է։ Բայց հինգ տարուան իր հրա­տա­րա­կու­թեամբա­ռա­ջա­ցու­ցած է այն­պի­սի՛ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շար­ժում եւ գա­ղա­փա­րա­կան եր­կունք, որ ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան հիւ­սի­սէն փայ­լող Զար­թօն­քի լոյ­սը դար­ձած է ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թեան եւ, ընդ­հան­րա­պէս, լեզուամտա­ծողու­թեան հա­մար։

«­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան նա­խա­ձեռ­նեց Ս­տե­փա­նոս Նա­զա­րեանց, որ փայ­լուն հրա­պա­րա­կա­գիր էր եւ հան­դի­սա­ցաւ ոչ միայն ա­րե­ւե­լա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի մշակ­ման եւ կա­տա­րե­լա­գործ­ման դրօ­շա­կի­րը, այ­լեւ՝ան­վե­հեր պաշտ­պա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ «հո­գե­ղէն շար­ժո­ղու­թիւն» ա­ռա­ջաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին՝ իր հիմ­նած թեր­թին գլխա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նըհռչա­կե­լով «իւ­րաց­նել եւ­րո­պա­կան մշա­կոյ­թը եւ զայն տա­րա­ծել Ա­սիոյ մէջ,լի­նել Ա­սիա­յի հա­մար մի լու­սա­ւոր ճրագ»։

Ս. Նա­զա­րեանց ա­ռան­ձին չէր, իր կող­քին ու­նէր յա­ռաջ­դի­մա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ տես­լա­կա­նի տէր ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կեն­սու­նակ խումբմը, յատ­կա­պէս Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեա­նի օ­րի­նա­կով նո­րա­նուն հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք «­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ը վե­րա­ծե­ցին բա­ռին ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կանի­մաս­տով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան դարբ­նո­ցի։ Գ­րա­կան ու ի­մաս­տա­սի­րա­կանայդ դարբ­նո­ցը, միա­ժա­մա­նակ, շատ ա­րագ հան­րա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւազ­գա­յին զար­թօն­քի դպրոց դար­ձաւ 19-րդ դա­րու երկ­րորդ կի­սու ա­րե­ւե­լա­հայի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, որ «­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ը ու­նէր իր հո­գեմ­տա­ւործնո­ղը, որ Մոս­կո­ւա­յի Լա­զա­րեան Ճե­մա­րանն էր, հիմ­նո­ւած 1814-ին։ Ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պատ­մա­կան մեծ դեր խա­ղա­ցած հան­րա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ ազ­գա­յին զար­թօն­քի այդ անկրկ­նե­լի ու­սում­նա­րա­նը սե­րունդհաս­ցուց եւ Ս. Նա­զա­րեանց, Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեան, Րաֆ­ֆի ու Ռ. Պատ­կա­նեան, «­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ի ի­րենց ճա­ռա­գայ­թող շո­ղե­րով, Լա­զա­րեան Ճե­մա­րա­նով սկսած ա­րե­ւե­լա­հա­յոց զար­թօն­քի շար­ժու­մը յաղ­թա­կան իր ա­ւար­տինա­ռաջ­նոր­դե­ցին։

«­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ե­րեք նշա­նա­կէ­տե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ։

Ա­ռա­ջի՛ն. ա­մէն կար­գի իշ­խա­նու­թեան աղ­բիւր դարձ­նել նոյ­նինքն մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ ա­րեւ­մուտ­քի եւ հիւ­սի­սի մէջ ծա­ւա­լած գա­ղա­փա­րա­կան խմո­րում­նե­րուն եւ հա­սա­րա­կա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն հա­ղորդ պա­հե­լով հայ ժո­ղովր­դա­յին բազ­մու­թիւն­նե­րը, լու­սա­ւո­րե­լովՀա­յու միտքն ու հո­գին եւ թափ տա­լով ա­նոր ինք­նա­հաս­տատ­ման կռո­ւան­նե­րուն ու ինք­նա­զար­գաց­ման զէն­քե­րուն։

Այդ ա­ռու­մով՝ ա­րե­ւե­լա­հայ լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան մէջ շեշ­տո­ւած յա­ռաջ­դի­մա­կան ու ըն­կե­րա­յին զգա­ցո­ղու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի ժա­ռանգն է «­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ին։

Երկ­րո՛րդ. պայ­քա­րիլ հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան տգէտ թե­ւին եւ ա­նոր խա­ւա­րա­միտ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րուն դէմ, ընդ­հան­րա­պէս նաեւ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան եւ ստրկամ­տու­թեան դէմ՝ ա­ռա­ջին հեր­թին աշ­խար­հա­բար լե­զուն գրա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան մշա­կու­մի ու գոր­ծա­ծա­կան բարձր մա­կար­դա­կի հասց­նե­լով, ինչ­պէս նաեւ հայ դպրո­ցը ի­րա՛ւ լու­սա­ւո­րու­թեան դարբ­նո­ցիվե­րա­ծե­լով։

Եր­րո՛րդ. հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին նկա­րագ­րին եւ ա­ւան­դոյ­թին հա­ւա­տա­րիմ՝ եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան վե­րած­նուն­դի նո­ւա­ճում­նե­րով պա­տո­ւաս­տել հայ­կա­կա­նու­թեան հաս­տա­բուն կաղ­նին, իւ­րաց­նել եւ ազ­գայ­նաց­նելյա­ռաջ­դիմա­կան ար­ժէք­ներ, որ­պէս­զի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը հպար­տու­թեամբ քա­լեն հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան մեծ քա­ռու­ղի­նե­րէն։

«­Հայ­կա­կան Հա­նրա­գի­տա­րան»-ի վկա­յու­թեամբ, «իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով ժա­մա­նա­կի հայ ա­ռա­ջա­ւոր մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնն ու Մոս­կո­ւա­յի աչ­քի ին­կողու­սա­նո­ղու­թիւ­նը՝ «­Հիւ­սի­սա­փայլ» հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն լու­սա­բա­նած էազ­գա­յին կեան­քի վե­րած­նուն­դին խնդիր­նե­րը՝ ժո­ղո­վուր­դի լու­սա­ւո­րու­թիւննու դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, քա­ղա­քակր­թու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րուն ըն­դօ­րի­նա­կու­մը, նպաս­տած է բնա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման: Հան­դէ­սը կա­րե­ւո­րած է աշ­խար­հա­բար լե­զո­ւի ար­մա­տա­ւո­րու­մը հայ գրա­կա­նու­թեան ուհրա­պա­րա­կա­խօ­սու­թեան մէջ, մա­մու­լէն ու դպրո­ցէն ներս: Աշ­խար­հա­բա­րիզար­գաց­ման այս են­թաշր­ջա­նը ըն­դու­նո­ւած է ա­նո­ւա­նել «հիւ­սի­սա­փայ­լեան»:

«­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ը գա­ղա­փա­րա­կան սուր պայ­քար է մղած կղե­րա-ա­ւա­տա­տի­րա­կան հո­սան­քին, ա­նոր պար­բե­րա­կան­նե­րուն («­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի», «Ճ­ռա­քաղ» եւ այլն) ու հո­գե­ւոր դա­սուն դէմ եւ, որ­պէս ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան բարձ­րաց­ման ճա­նա­պարհ, նշած է դպրո­ցը ե­կե­ղե­ցիէն ան­ջա­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, լու­սա­ւո­րու­թիւնն ու յա­ռա­ջա­դի­մու­թիւ­նը: Սա­կայն Ս­տե­փա­նոս Նա­զա­րեանն ու Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեա­նը այս խնդիր­նե­րունմօ­տե­ցած են գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր դիր­քե­րէ. ա­ռա­ջի­նը հա­մո­զո­ւածէր, որ լու­սա­ւո­րու­թեան մի­ջո­ցով կա­րե­լի է բարձ­րաց­նել ժո­ղո­վուր­դին ոչմիայն մտա­ւոր, այ­լեւ նիւ­թա­կան վի­ճա­կը, իսկ երկ­րորդն այդ ճա­նա­պար­հով կըձգտէր ժո­ղո­վուր­դին գի­տակ­ցու­թիւ­նը բարձ­րաց­նել այն­պի­սի մա­կար­դա­կի, որան մղում ու­նե­նար մաս­նակ­ցե­լու վե­րա­հաս յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րուն:Այս տա­րա­կար­ծու­թեանց պատ­ճա­ռով 1859-ի աշ­նան Նալ­բան­դեան հե­ռա­ցած է«­Հիւ­սի­սա­փայլ»-էն…

«Այ­դու­հան­դերձ՝ «­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ը մե­ծա­պէս ա­ջակ­ցած է յա­ռաջ­դի­մա­կանեւ թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման: Հոս են տպագ­րո­ւած Մի­քա­յէլՆալ­բան­դեա­նի հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան, գրաքն­նա­դա­տա­կան ու գի­տա­կանբազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­նե­րը, գրա­կան-պատ­մա­կան եր­կե­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րուն, գրա­կան լե­զո­ւի,գրա­կա­նու­թեան ու թատ­րո­նի, լու­սա­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, «­Յի­շա­տա­կա­րա­նը», «­Մե­ռե­լա­հար­ցուկ» վէ­պը, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ Նոյն­պէս՝ Ս­տե­փա­նոս Նա­զա­րեա­նիդպրո­ցա­կան գոր­ծի, դա­սա­գիր­քե­րու, կրթա­կան ծրագ­րե­րու, ըն­տա­նե­կան եւֆի­զի­քա­կան կրթու­թեան ու ման­կա­վար­ժա­կան կազ­մե­րու պատ­րաստ­ման եւնմա­նա­տիպ այլ հար­ցե­րու վե­րա­բե­րող յօ­դո­ւած­նե­րը: Հան­դէ­սին աշ­խա­տակ­ցած են Րաֆ­ֆին, Ռա­փա­յէլ Պատ­կա­նեա­նը, Սմ­բատ Շա­հա­զի­զը, Մու­րա­ցա­նը եւ ու­րիշ­ներ»:

Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով, հայ ժո­ղո­վուր­դի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, ի­րա­ւա՛մբ,հիւ­սի­սէն փայ­լող Զար­թօն­քի լու­սա­ւոր աստ­ղը ե­ղաւ 158 տա­րի ա­ռաջ, Յու­նո­ւար 13-ի այս օ­րը իր ա­ռա­ջին հա­մա­րը լոյս ըն­ծա­յած «­Հիւ­սի­սա­փայլ»-ը։
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail