Յարգանք՝ Ազգի Վրիժառու Բազուկի Խորհրդանիշ Սողոմոն Թեհլիրեանի Հերոսութեան

Յարգանք՝ Ազգի Վրիժառու Բազուկի Խորհրդանիշ Սողոմոն Թեհլիրեանի Հերոսութեան

16 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 100 տարի առաջ՝ 15 Մարտին, վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան գնդակահարեց Օսմանեան կայսրութեան նախկին վարչապետ, Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր ոգեշնչող եւ կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան:

Թեհլիրեանի հերոսական արարքին նկատմամբ իրենց յարգանքը արտայայտելու նպատակով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խումբ մը անդամներ 15 Մարտին այցելեցին արդարահատոյց վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոր առջեւ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան այս առիթով յայտնեց, որ արժանապատիւ հայերով, թէեւ ոչ մեծաթիւ, հաւաքուած են իրենց յարգանքը մատուցելու ու խոնարհելու հայ ազգի վրիժառու բազուկի խորհրդանիշ հայորդիին յիշատակին դիմաց։ «Ուղիղ 100 տարի առաջ այս օրը Բեռլինում Սողոմոն Թեհլիրեանը դիմահար կրակոցով գնդակահարեց Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործներից մէկին` Թալէաթին: Այդ ճիւաղի գնդակահարումը արդարահատոյցն էր հայ ժողովրդի կոտորածների, հայրենազրկման ու տառապանքների», ըսաւ ան։

Screen Shot 2021-03-15 at 2.55.39 PM

Համբարձումեան նշեց, որ 1919ի Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը որոշեց վրէժխնդիր ըլլալ եւ հաշուեյարդար տեսնել Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն եւ դաւաճաններուն նկատմամբ: Եւ, իբրեւ գործադրութիւն այդ որոշման, ծրագրուեցաւ աննախընթաց գործողութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք քանի մը տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ նուիրեալ հայորդիներու ջանքերով, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ոչնչացուեցան բազմաթիւ թուրք ոճրագործներ: Սողոմոն Թեհլիրեան այդ երիտասարդներէն մէկն էր, ըսաւ Արսէն Համաբարձումեան՝ աւելցնելով, որ ան դարձաւ խորհրդանիշը հայկական արդարահատոյցի:

Նոյն առիթով, Ազգային ժողովի Բաղրամեան պողոտայի մուտքին դիմաց, ՀՅԴի երիտասարդներ իրենց հետ բերած Շահան Նաթալիի «Թուրքերը Եւ Մենք» գիրքը ուզեցին ձգել Ազգային ժողովի մուտքին, որպէսզի փոխանցեն «Իմ Քայլը» խմբակցութեան:

Screen Shot 2021-03-15 at 2.57.25 PM

«Այսօր Սողոմոն Թեհլերեանի իրականացրած ակտի 100ամեակն է: Ուզում ենք «Թուրքերը Եւ Մենք» գիրքը նուիրել «Իմ Քայլը» խմբակցութեանը: Վստահ եմ, որ այս ֆրակցիայի մեծ մասը այսօրուայ կարեւորութեան եւ «Նեմեսիս» գործողութեան մասին տեղեակ չէ, տեղեակ լինելուց էլ շատ անտարբեր է: Վստահ եմ, եթէ իրենք այդ ժամանակ հայկական իրականութեան մէջ լինէին դերակատարողներ, «Նեմեսիս» գործողութիւնը տեղի չէր ունենայ, եւ եթէ դերակատարող էլ չլինէին, որպէս չակերտաւոր ասած` մարդասէրներ եւ թուրքասէրներ կը դատապարտէին «Նեմեսիս» գործողութիւնը», նշեց ՀՅԴի անդամ Գոռ Սարգսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամները պէտք է կարդան, հասկնան, որ հայոց պատմութեան մէջ հայ դաւաճաններուն միշտ կը տրուի իրենց պատիժը։ «Ամէն ժամակահատուած` այդ ժամանահատուածին բնորոշ պատիժ է եղել եւ «Իմ Քայլը» թող իրենց մէջ գտնեն դաւաճաններին եւ սպասեն այսօրուայ ժամանակաշրջանին համապատասխան պատժին, որովհետեւ այս իշխանութիւնները դաւաճանական գործողութիւն է իրականացրել` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ», ըսաւ Գոռ Սարգսեան:

Երիտասարդները նշեցին, որ գիրքը այսօրուան իրականութեան եւ թուրքերուն հետ բարեկամութեան մասին է, իսկ այսօրուան կեղծ խաղաղասիրութեան առաջամարտիկներն էին, որոնք երկիրը հասցուցին այս վիճակին։ «Մենք կողմ ենք խաղաղութեան, բայց այն պէտք է պարտադրել ուժով: Խաղաղութեան կը հասնենք, երբ պատրաստ լինենք պատերազմի, իսկ այս մարդիկ պատրաստ չէին պատերազմի նրանց համար Ղարաբաղը բեռ էր: Իրենք չեն հասկացել, որ Ղարաբաղը Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորն էր եւ այսօր մեր բանակն, որը կրկին մեր անվտանգութեան երաշխաւորն էր, մէջքը կոտրուած է իրենց քաղաքականութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի մեղաւորութեան արդիւնքում», ըսին երիտասարդները:

Ոստիկանները շարժումին մասնակցողներուն ըսին, որ Ազգային ժողովին մէջ մարդ չկայ, եւ չեն կրնար գիրքը փոխանցել: Մասնակցողները իռենց կարգին նշեցին, որ գիրքը նամակատան միջոցով պիտի ուղարկեն «Իմ Քայլը» խմբակցութեան՝ աւելցնելով. «Յատկապէս ուզում ենք Անդրանիկ Քոչարեանը եւ մի քանի պատգամաւորներ կարդան»:

0316youth

asbarez.com/arm/386197/յարգանք՝-ազգի-վրիժառու-բազուկի-խորհր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail