Սողոմոն Թեհլիրեանի Կողմէ Թալէաթի Սպանութեան Արձագանգները – ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
16 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
15 Մարտ 2021ը հարիւրամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթի ահաբեկման՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի արձակած վրիժառու փամփուշտով:
Տեղի ունեցածը մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներուն մահուան պատասխանատուին դէմ մահավճիռի գործադրութիւնն էր. բան մը, զոր չէին կրցած իրականացնել Դաշնակից ուժերը եւ իթթիհատականերուն յաջորդած թրքական իշխանութիւնները:
1919ի Աշնան, Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր ժողովը որոշած էր Ցեղասպանութեան պատասխանատուները մահապատիժի ենթարկել եւ այդ նպատակով կազմուած էր յատուկ մարմին մը՝ Շահան Նաթալիի եւ Արմէն Գարոյի գլխաւորութեամբ: Գործողութիւնը մկրտուեցաւ յունական դիցաբանութեան վրէժի չաստուածին՝ Նեմեսիսի, անունով:
Այս առիթով, մեր այսօրուան թիւով կու տանք Կարօ Յովհաննէսեանի «Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960)» ծաւալուն ուսումնասիրութենէն քաղուած հատուածներ եւ Թաթուլ Յակոբեանի՝ «Հայկական Նեմեսիս. Թեհլիրեան՝ «Մարդ Եմ Սպաննել, Բայց Մարդասպան Չեմ»» յօդուածը:
ՄՈՒՏՔ
1915ին, Անդրանիկի կամաւորական Ա. գունդի երկրորդ վաշտը, որուն հրամանատարն էր Սեպուհը, իսկ օգնականը՝ Գրիգոր Ամիրեան, Վասպուրականի ճամբուն վրայ կռիւի կը բռնուի թուրք հրամանատար Խալիլ պէյի զօրքերուն դէմ: Լեռնանցքէ մը բարձրանալու ատեն, կռիւի տաք մէկ վայրկեանին, Ամիրեան կը նկատէ պատանի մը, որ, արհամարհելով թշնամի փամփուշտներուն վզվզոցը, արիւն-քրտինք մտած, կը ջանար վայրկեան առաջ հասնիլ գագաթը եւ դիրք բռնել այնտեղ: Ամիրեան կը պատմէ. «Մօտեցայ այդ զինուորին, որպէսզի յանդիմանեմ զինք իր անխոհեմ ընթացքին համար եւ զգուշացնեմ հաւանական վտանգէն:
– Սպասի՛ր եղած տեղդ, ա՛յ տղայ, ո՞ւր կ’երթաս, չե՞ս տեսներ, որ թշնամին նկատած եւ նշանակէտ դարձուցած է քեզ:
– Պարո՛ն վաշտապետ, լաւ նշանառուներ չեն, գնդակները սուլելով կ՛անցնին գլխուս վրայէն:
– Սպասի՛ր, ճիշդ գտնուած տեղդ, դիրքդ լաւ է: Սպասիր, մինչեւ որ յիսնեակին յետամնաց զինուորներն ալ բարձրանան ու միահամուռ գրոհ տանք…
– Բայց, պարո՛ն վաշտապետ, մինչեւ անոնց գալը, թշնամին կրնայ փախչիլ, արդէն տատանումի մէջ են…
– Ոչի՛նչ, հոգ մի՛ ըներ. մենք նորէն կը հանդիպինք անոր,- ըսի՝ աւելի եւս մօտենալով,- ի՞նչ է անունդ եւ ո՞րտեղացի ես:
– Անունս Սողոմոն Թեհլիրեան է, քեմախեցի եմ:
– Ո՞րտեղէն եկած ես:
– Սերպիայէն, Ռումանիոյ ճամբով:
– Քանի՞ տարեկան ես:
– 18, պարո՛ն վաշտապետ:
– Չե՞ս կարծեր, որ սխալ ըրած ես կամաւոր գալովդ, դուն դեռ պատանի ես:
– Բնա՛ւ, պարո՛ն վաշտապետ, իմ մէջս ես ուժ կը զգամ թուրքերէն վրէժ լուծելու»:
Թուրքերէն վրէժ լուծելու զգացումը մինչեւ վերջ տիրապետող մնաց Սողոմոն Թեհլիրեանի մէջ: Եւ ի՛նչպէս չմնար:
***
Մարտ 15, 1921ին իրագործուած Թալէաթի սպանութիւնն ու Թեհլիրեանի դատավարութիւնը ունի բազմաթիւ նշանակութիւններ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին գետնի վրայ:
Առաջին. Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքը եւ դատավարութեան արձագանգները կայծակնային արագութեամբ տարածուեցան հայ ժողովուրդին մէջ, որ ցնծութեան մէջ էր: Թեհլիրեան հանդարտեցուց հայութեան հոգեկան տառապանքը: 1915ի հայ նահատակներուն աճիւնները հանգիստ առին, իսկ Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն հոգիներուն վրայ զով հով մը փչեց: Մղկտացող սրտերը հանգստացան, ազատ շունչ առին, դէմքերը պայծառացան: Հայ ժողովուրդը իր ներաշխարհի խորերէն երկար օ՜խ մը քաշեց, ֆրէօյտեան հաւաքական քաթարսիս մը արտաշնչեց: Դիւցազնատիպ հերոսին միակ փամփուշտը հանդարտեցուց կիրքերը եւ վերականգնեց հայու արժանապատուութիւնը:
Թեհլիրեանի անպարտ արձակուիլը աւելի հմայք ստեղծեց հայութեան մէջ իրեն նկատմամբ. աւելի անմահացաւ ան հայ ժողովուրդի աչքին: Իրաւամբ, ան եղաւ խորհրդանիշը հայկական վրէժխնդրութեան՝ «Հայ Նեմեսիս»ին:
Երկրորդ. Թալէաթի ահաբեկումին չափ եւ աւելի մեծ աղմուկ հանեց Թեհլիրեանի դատավարութիւնը: Կ՛ըսեն, որ ամբողջ Պերլինը եւ Եւրոպան այդ օրերուն կ՛ապրէին ու կը շնչէին այդ դատավարութեամբ, թէ` շատ քիչ անգամ գերման մայրաքաղաքը եւ եւրոպական մայրաքաղաքները այդքան բուռն հետաքրքրութեամբ եւ հոգեկան այդքան սուր լարումով հետեւած են որեւէ դէպքի:
Բոլոր նկատառումներէն վեր, Սողոմոն Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքը քաղաքական նշանակութիւն ունի: Եւ՝ «դժուար է խորաչափել քաղաքական կշիռը այն գնդակին, որ […] Թեհլիրեանի ձեռքով պարպուեցաւ Թալէաթի վրայ: […] Հսկայ մայրաքաղաքը զգում էր կարծես, որ դատասրահում դատւում էր ոչ թէ մի պարզ հայ, այլ դատւում էր համայն մարդկութիւնը, որ անպատիժ ձգեց մի անմեղ ժողովրդի նկատմամբ գործադրուած ապրիլեան անօրինակ Եղեռնը», կը գրէ Վահան Նաւասարդեան:
Թեհլիրեանի արարքը չէր կրնար քաղաքական չըլլալ, մանաւանդ երբ նկատի կ՛առնենք դատավարութեան ամբողջ ընթացքը:
Գերմանական դատարանը շատ աշխատեցաւ, որ քաղաքական բնոյթ չստանայ դատավարութիւնը: Թեհլիրեանի պաշտպան փաստաբան Նիմայեր տեղ մը կ՛ըսէ. «Պրն. նախագահը դատավարութեան առաջին օրը ըսաւ, թէ մենք քննելու չենք այս դէպքը դատական ընթացիկ հարցերէ տարբեր ձեւով: Ուրեմն այս դատավարութիւնը քաղաքական դատավարութիւն մը պիտի չդառնայ: […] Ես կը կարծեմ, որ մենք կրցանք գործնական մնալ: Եթէ դուք ծանօթանայիք այն ստուար նիւթին, որ մենք կրնայինք ներկայացնել ձեզի, այն ատեն կու տայիք մեզի ամենախղճամիտ ինքնասահմանափակման վկայականը»:
Ինչ ալ ըլլայ սակայն, դատավարութեան ընթացքին եղած ելոյթները եւ Ցեղասպանութեան հրապարակումները չէին կրնար քաղաքական չդարձնել դատավարութիւնը: Այսպէս. պաշտպան Ատոլֆ Ֆոն Կորտոն կը յայտարարէր՝ ի շարս այլ բաներու. «Թեհլիրեանը, ինչպէս իր բոլոր ցեղակիցները, համոզուած էր, որ Թալէաթն է բոլոր սարսափներուն հեղինակը. եւ դուք ցոյց տուիք, որ կը հաւատաք ատոր: […] Բաւական է այն պարզ ու անվիճելի իրողութիւնը, որ քանի մը ամսուան ընթացքին 1,800,000 հայերէ 1,400,000ը տեղահանուած են, եւ այդ վերջիններէն մէկ միլիոնը` սպաննուած: […] Խնդրեմ` դուք ինքներդ կը խորհիք, հնարաւո՞ր է ատիկա առանց համակարգեալ ղեկավարութեան՝ վերէն: Իրապէս թուրք կառավարութիւնը այնքան անզօ՞ր էր, որ ի վիճակի չըլլար այդ աղէտին դէմ միջոցներ ձեռք առնելու…»:
Այլ պաշտպան մը՝ Եոհաննէս Վերթաուէր կը հաստատէր. «Մէկ միլիոն սպաննուածներու, ամբողջ ժողովուրդի մը վրիժառուն է, որ կանգնած է այդ ժողովուրդի բնաջնջման պատասխանատու անձին, բոլոր տանջանքներուն հեղինակին դիմաց: […] Ան, այսպէս, վար կ՛իջնէ, ներկայացնելու համար արդարութեան ոգին ընդդէմ բռնի ուժի սկզբունքին: Ան վար կ՛իջնէ, ան՝ ներկայացուցիչը մարդկութեան ընդդէմ հակամարդկայնութեան, ներկայացուցիչը արեւային իրաւունքին ընդդէմ խաւար անիրաւութեան: Ան կու գայ իբրեւ ներկայացուցիչը ճնշուածներուն՝ ընդդէմ ճնշողներու հաւաքական ներկայացուցիչին: Ան կու գայ յանուն մէկ միլիոն սպաննուածներու ընդդէմ մէկուն, որ ուրիշներու հետ միասին այդ ոճիրներուն բեռը կը կրէ»:
Բոլոր ելոյթներուն մէջ ամէնէն տպաւորիչը գերմանացի արեւելագէտ եւ հոգեւորական Եոհան Լեփսիուսինն էր, որ մանրամասն, ընդարձակ եւ բացառիկ վկայութիւն մը տուաւ իթթիհատականներու կողմէ կազմակերպուած հայկական ջարդերու մասին: Լեփսիսուս ջարդերու ատեն արդէն հրատարակած էր «Գաղտնի Տեղեկագիր Հայաստանի Ջարդերուն» աշխատասիրութիւնը: Աւելի ուշ ան հրատարակեց «Գերմանիան Եւ Հայաստանը» գործը, որուն նիւթերը կը կազմեն Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան փաստերը: Լեփսիուսի ելոյթը ցնցիչ տպաւորութիւն ձգեց դատաւորին եւ փաստաբաններուն վրայ, որոնք անտեղեակ էին ջարդերուն:
Ան կ՛ըսէր. «Տեղահանութիւնը, ընդհանուր աքսորը, որ արդէն 1915 Ապրիլին որոշուած էր, կը վերաբերէր Թուրքիոյ ամբողջ հայ ժողովրդին […]: Թուրքիոյ բնակչութեան մէջ կար պատերազմէն առաջ՝ 1,850,000 հայ: […] Մօտաւորապէս 1,400,000 հայ տեղահան եղած են: Ի՞նչ կը նշանակէ այս միջոցառումը: Թալէաթի կողմէ ստորագրուած հրամանագրի մը մէջ կը գտնուի սա խօսքը. «Աքսորավայրն է ոչնչութիւն»: Համաձայն այս հրամանագրին, արեւելեան Անատոլուի նահանգներէն դէպի հարաւ տեղահան եղող ամբողջ բնակչութենէն միայն 10 առ հարիւրը աքսորավայր պիտի հասնէր. մնացած 90 առ հարիւրը ճամբան արդէն պիտի սպաննուի, բացի ոստիկաններէն եւ քիւրտերէն առեւանգուած կիներէն ու աղջիկներէն՝ մնացածը անօթութենէ եւ ուժասպառութենէն պիտի մեռնէին»:
Գերմանական դատարանը ոչ միայն քաղաքական բնոյթ չուզեց տալ դատավարութեան, այլեւ աշխատեցաւ կարճի կապել զայն: Խորքին մէջ այս երեւոյթը կը նպատակադրէր մեղմացնել մեղսակցութիւնը գերմանական պետութեան եւ գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականներուն ու դիւանագէտներուն, որոնք օժանդակեցին եւ նոյնիսկ որոշ չափով ծրագրեցին հայկական ջարդերը: Այսպէս, Թեհլիրեանի դատավարութեան վկայութեան չկանչուեցան Թուրքիոյ մէջ գերմանացի դեսպան Ֆոն Վանկենհայմը եւ զօրավար Ֆոն Տեր Գոլցը, որ քսան տարի մարզած էր թրքական բանակը. ան մէկն էր հայերու տեղահանման գաղափարը յղացողներէն եւ իր ծառայութեան համար «փաշա» տիտղոսը ստացաւ: Դատարանը հրաժարեցաւ զանոնք վկայութեան կանչելէ, որովհետեւ երկուքին մեղսակցութիւնը շատ բացայայտ էր հայկական ջարդերուն մէջ:
Ցեղասպանութեան մէջ գերմանացիներու մեղսակցութեան սքանչելի վկայութիւն մըն է պաշտպան փաստաբան Նիմայերի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Պատերազմի ատեն Գերմանիոյ պատերազմական եւ ուրիշ հաստատութիւնները հոս` երկրին մէջ եւ դուրսը լռութեան մատնեցին եւ քօղարկեցին հայկական սարսափները այնպիսի եղանակով մը, որ կը հասնէր ներելի սահմանի վերջին գծին: Անշուշտ գերմանացիները ջանացին մինչեւ որոշ աստիճան դադրեցնել սարսափները: Բայց թուրք ժողովուրդը ըսաւ ինքնիրեն. «Անհնարին է, որ այս բոլորը տեղի ունենան առանց գերմանացիներու կամքին: Չէ՞ որ գերմանացիները զօրաւոր են»: Ուրեմն մենք՝ գերմանացիներս Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ թուրքերու հետ մէկտեղ պատասխանատու դարձած ենք հայկական սարսափներուն համար: Մեծ գրականութիւն մը կայ Ամերիկայի, Ֆրանսայի եւ Արեւելքի մէջ, որ նպատակ ունի ցուցնելու, թէ գերմանացիները իրական թալէաթներ եղած են Թուրքիոյ մէջ»:
Երրորդ. Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքը քարոզչական մեծ անդրադարձ ունեցաւ թէ՛ ներքին՝ հայկական եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ: Առանց չափազանցութեան, ինչպէս յայտնեցինք նախապէս, ամբողջ Եւրոպան, նոյնիսկ աշխարհը, հեւ ի հեւ հետեւեցան Թեհլիրեանի դատավարութեան: Գերմանական, անգլիական, ամերիկեան եւ ֆրանսական թերթերը բազմաթիւ յօդուածներ հրատարակեցին հայկական ջարդերուն եւ Հայկական հարցին մասին: Գաղափար մը տալու համար այս քարոզչութեան մասին, գերմանական Die Zukunft երկշաբաթաթերթի յօդուածագիր՝ Մաքսիմիլիան Հարտէն, ի շարս այլ բաներու, հետեւեալը կը գրէր. «Թալէաթը նախ որպէս ներքին գործոց նախարար ու ապա իբրեւ մեծ վեզիր գլխաւոր մեղաւորն է: Ուսանող Թեհլիրեանը որոնեց եւ դուրս բերաւ այդ վախկոտ հրէշի թաքստոցը եւ օրը ցերեկով Պերլինի փողոցներուն մէջ գնդակահարեց իր ծնողներուն եւ ազգին ոճրագործը: Վրէժը իմս է, կ՛ըսէ Տէրը, եւ կ՛արգիլէ իր նմանի սպանութիւնը: Ո՜վ բարեպաշտներ, արդեօք հայ քրիստոնեայի ձեռքը Աստուծոյ զէնքը չէ՞ր, իր բարձր կամքը չէ՞ր արդեօք, որ վրիժառուի միտքը լուսաւորեց եւ նրան Եւրոպայի աղտոտ խառնափնդորութեան մէջէն անզգամ չարագործութեան հետքի վրայ առաջնորդեց՝ աւելի իմաստուն կերպով, քան զօրավարները, իրենց կուրօրէն հպատակուող զօրքերուն միջոցով»:
Բնականաբար թրքական մամուլը վերապահ գտնուեցաւ Թալէաթի ահաբեկման գործին: Այնուամենայնիւ գտնուեցան քանի մը թրքական թերթեր, որոնք քաջութիւնը ունեցան հարազատօրէն ներկայացնելու Թալէաթի անձնաւորութիւնն ու նկարագիրը: Անոնցմէ մէկն է թուրք նշանաւոր գրագէտ Ճենապ Շեհապէտտինի «Գիշատիչ Թռչուններ» խորագրեալ յօդուածը, որ լոյս տեսաւ «Փէյամ Սապահ» թերթին մէջ: Երկար մէջբերում մը կը կատարենք այս յօդուածէն, որովհետեւ լաւագոյնս կը բնութագրէ անոր դիմագիծը.
«Թալէաթ կատաղի փառամոլ մըն էր, երեսփոխանութիւնը չգոհացուց իր մեծամոլութիւնը, անբաւական եղաւ նաեւ նախարարութիւնը, թերեւս մեծ եպարքոսութիւնն ալ արհամարհեց: Ան ամէն օր քիչ մը աւելի ձեռնհասութիւն, քիչ մը աւելի ուժ, քիչ մը աւելի տիրապետութեան իրաւունք շահելու կ՛աշխատէր: Ի գին ամէն բանի՝ ուզեց անդուլ ընդարձակել իր ազդեցութեան սահմանները: Անոր իտէալն էր «երեւալ», երեւալ, միշտ երեւալ, միշտ քիչ մը աւելի բարձրանալով՝ երեւալ: Եւ օրին մէկը զայն մեր գլխուն վրայ տեսանք: Այս ստորածինին մեկնակէտէն մինչեւ հասած դիրքը ուղղահայեաց գիծ մը միայն կայ, հակառակ ասոր` դեռ չէր յագեցած բարձրանալէ: Թալէաթ շատ դիւրաւ ինքնախաբէութեան անձնատուր եղաւ, մանաւանդ որ իր ականջները լեցուեցան շուրջիններուն ներբողականներով: Դիւրին եւ արագ յաջողութիւններով արբեցաւ ինքնավստահութեամբ: Իր առջեւը ա՛լ չէր կրնար երեւակայել ո՛չ մէկ պատնէշ, որ իր յաղթանակներուն արգելք ըլլար: Ճիշդ է որ քանի բարձրացաւ, երեւաց, բայց իր տեսողութեան շրջանակը չընդլայնեցաւ: Հրդեհի աշտարակին գագաթը բարձրացող կոյր մըն էր: Արեւ կարծեց այն հրդեհը, որ մեզ շրջապատած էր: Անկարող էր զանազանելու կենսատու եւ կիզիչ ջերմութիւնները… առաքինութիւն էր այն ոճիրը, որ իրեն նպաստաւոր էր: Կը ճանչնար միայն այն օրէնքները, որ իր ցանկութիւններուն կը ծառայէին: Ճշմարտութիւնը ընդունելի էր, ցորչափ բարձրանալու միջոց մըն էր՝ ճիշդ սանդուխի դստիկոններու պէս: Կը նախընտրէր, որ պետութիւնը իր ձեռքին մէջ մեռնէր, քան թէ բարգաւաճէր ուրիշներու ձեռքին մէջ […]
Թալէաթ «ոչինչ» մը չէր. «ոչինչ» մը յեղափոխութիւն մը չի կրնար կատարել, եւ եթէ անոր «ոչինչ» ըսեն, արդարացում մը գտած կ՛ըլլանք իր վարչական սխալներուն: Չար տաղանդ մը ունէր. թակարդ լարելու, դարանակալ ըլլալու, յանկարծակիի բերելու ընդունակ, խարդախ, լարախաղաց, խաբեբայ տաղանդ մը: Շատ խոնարհ խաւէ մը բարձրացաւ ամէնէն բարձր դիրքին, սակայն իր բախտածառը որքան բարձրացաւ, այնքան յայտնի եղաւ, որ արմատները աղբի մէջ էին: Ա՛լ հասկցած էր, որ նոյնիսկ զինք դարպասողներու աչքին «արհամարհուած արձան» մըն էր: Ինքն ալ զգացած էր, որ թէ՛ իր դիրքը եւ թէ՛ համբաւը պատմութեան առջեւ զինքը ամբաստանող վկաներ պիտի ըլլային: Հակառակ իր պաշտօնական փայլին՝ Թալէաթ ապրեցաւ դժբախտ: Ամէն բանի արժանացաւ` առանց որեւէ բան վայլելու: Թալէաթ ունէր սատանայական գոռոզութիւն մը, որ կը ջանար պարտկուիլ խորամանկութեան մտերմիկ ձեւերու մէջ: Քաղաքական պարտութեան մը հաւանականութիւնը անոր գոռոզութեան համար անհանդուրժելի հեռանկար մըն էր: Եւ սակայն կը զգար, որ ամէն քայլ զինքը կը մօտեցնէր այս հաւանականութեան: Ան կը գիտակցէր, որ այս յափշտակուած փառքի ճամբան ուշ՝ կանուխ պիտի յանգի անկման եւ քայքայման…»:
Չորրորդ. Թալէաթի ահաբեկման որոշումը տրուած էր ՀՅԴի Թ. Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Ահաբեկումէն ետք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը որեւէ ձեւով չստանձնեց արարքին պատասխանատուութիւնը: Տասնապետեան կը հաստատէ, որ՝ «հասկնալի պատճառներով նման որոշում մը պիտի չհրատարակուէր Թ. Ընդհանուր ժողովի որոշումներու գրքոյկին մէջ, բայց Ս. Թեհլիրեանի, Մ. Թորլաքեանի եւ Ա. Շիրակեանի յուշագրութիւնները կը փարատեն ամէն կասկած՝ Եղեռնի պատասխանատուներու ահաբեկումներուն կազմակերպուածութեան մասին»: Մինչեւ 1956, նման նիւթեր չէին հրատարակուած, ոչ ալ, ինչպէս Վ. Նաւասարդեան կը հաստատէր 1956ին՝ «Թալէաթի ահաբեկման շուրջ Դաշնակցութեան կողմէ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն էր եղած»: Նաւասարդեան կը յայտնէ դարձեալ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերը Թալէաթի սպանութեան լրիւ պատմութիւնը չեն: «Ապրիլեան Մեծ եղեռնի գալիք պատմիչը Թալէաթի սպանութիւնը իր բոլոր ծալքերով ներկայացնելու համար առատ նիւթ պիտի գտնի նաեւ ՀՅԴ դիւանի մէջ»:
Թալէաթի ահաբեկումը կազմակերպուեցաւ բացառիկ բծախնդրութեամբ: Հետախուզական հետապնդումները կատարուեցան հրաշալի գաղտնապահութեամբ եւ ահաբեկումը գործադրուեցաւ անթերի կերպով:
Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքը ամբողջութեամբ կը պատկանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Պէտք է հաստատել սակայն, որ անիկա առաջին օրէն դուրս եկած է Դաշնակցութենէն եւ կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Իրողութիւնը այն է, որ հայութեան բոլոր հոսանքները հրաշալի վերաբերում ունեցան Սողոմոն Թեհլիրեանի ահաբեկման նկատմամբ` ընդգծելով արարքին համազգային բարոյական արժէքը:
Այսպէս,
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Պոսթընի պաշտօնաթերթը »Ազգ«ը խմբագրականով մը՝ «Հայուն Արդար Վրէժը» խորագրեալ (19 Մարտ 1921)՝ կը գրէր ի շարս այլոց.
«Արիւնարբու գազանը, հայ ցեղին ամենավայրագ երդուեալ թշնամին, շան մը պէս գետին փռուեցաւ դիտապաստ՝ հայ կտրիճի մը գնդակէն, Պերլինի մէկ արուարձանին՝ Շարլոթենպուրկի մէջ, Հարտենպըրկըրի փողոցին վրայ: Կեցցէ՜: Ձեռքը դալա՛ր Սողոմոն Թեհլիրեանի…
Այս եղաւ ինքնաբուխ եւ հզօր զգացումը, որ երկրաշարժի մը պէս ուժգին ու միաժամանակ ցնցեց հայ սրտերն ի սփիւռս աշխարհի, եւ հպարտ գոհունակութիւնը, որ անզուսպ հրճուանքով մը դուրս ժայթքեց ամէն մէկ հայու ճնշուած կուրծքէն՝ ի լուր թուրք բորենիի սատակման:
Մենք ապրողներս հրճուանքով կը ծափահարենք հայ արդար վրէժի այս գործադրութիւնը ոճրագործի մը վրայ, որ պարզ ամբաստանեալ մը չէ, այլ դատապարտեալ մը` թէ՛ իր իսկ երկրին Պատժական դատարանէն, թէ՛ միջազգային օրէնքէն եւ թէ՛ մարդկային բարոյականին ու խղճին առջեւ»:
Վերակազմեալ հնչակեաններու օրաթերթը՝ «Պահակ»ը, 12 Ապրիլ 1921ի համարով լոյս կ՛ընծայէր խմբագրական մը՝ ուր կ՛ըսուի.
«Համակ ժողովուրդ մը գահավիժած էր արցունքի հովիտը. մէկ հարուած, մէկ կորովի սիրտ, մէկ մարդ իր հուժկու ափերուն մէջ բռնած կռուող հայրերու անմահ հոգին, զերթ ռումբ, զայն արձակեց Մողոքին վրայ, որ կը տիրէ այդ արցունքի հովիտին եւ ահա զայն խորտակող ռումբէն ժայթքած բոցերը արեւներ եղան եւ լացող հոգիները լուսաւորեցին պարտութեան արցունքի հովիտը: Յուսահատութիւնը մեռած է այլեւս, եւ յոյսը ազատութեան, լոյսը երջանիկ ապագային կը շողարձակեն: Սողոմոն Թեհլիրեան փրկեց ազգին պատիւը»:
Իսկ Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Հայրենիք» օրաթերթը «Նեմեսիս» խորագրեալ խմբագրական մը հրատարակեց իր 18 Մարտ 1921ի համարին մէջ, ուր կ՛ըսուի.
«Վերջապէս արդարութեան ձեռքը բարձրացաւ եւ գետին գլորեց բիւրաւոր զոհերու տխրահռչակ դահիճը, օսմանեան աւազակապետութեան նախկին վեզիրը` Թալէաթ փաշան:
Եթէ Թալէաթ ապրէր այս աշխարհի վրայ եւ իր բնական մահով երթար հողին տակ, հայութեան խիղճին վրայ պիտի ծանրանար ահաւոր մղձաւանջ մը, եւ բիւրաւոր զոհերու ոսկորները պիտի խլրտէին իրենց անծանօթ հողակոյտերուն մէջ: Լաւ է, որ այդ անիրաւութիւնը խնայուեցաւ հայութեան եւ անոր բիւրաւոր հայ զոհերուն, որոնց վրէժը կը գոռայ եւ պիտի գոռայ գալիք դարերու ընթացքին՝ վերապրող հայութեան հոգիին մէջ:
Թալէաթ աւելի վատ եղաւ, քան իր նախորդը՝ Ապտիւլ Համիտ, աւելի յանդուգն եւ անսանձ, քան՝ բոլոր թուրք ջարդարարներն ու թալանճիները, եւ այդ իսկ պատճառով, հակառակ իր բոլոր խորամանկութիւններուն եւ զգուշութիւններուն, ինքզինքը գտաւ հայութեան մէկ մեծ զաւկին, անվեհեր եւ վրէժխնդիր զաւկին առջեւ, որ վայրկենաբար փշրեց կոտորածներ եւ նախճիրներ ծրագրող իր դիւային ուղեղը»:
Այո՛, Սողոմոն Թեհլիրեանի արարքը կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Ասիկա իր լաւագոյն արտայայտութիւնը գտած է դատավարութեան ընթացքին պաշտպան Վերթաուէրիի հետեւեալ խօսքին մէջ. «Ան կու գայ յանուն մէկ միլիոն սպաննուածներու՝ ընդդէմ մէկուն, որ ուրիշներու հետ միասին այդ ոճիրներուն բեռը կը կրէ: Հայ ազգը հազար տարիէ ի վեր, մինչեւ ամէնէն փոքրիկ երեխան, կանգնած է անոր ետին: Ան կը կրէ, ու ասոնք են իր խոհերը, դրօշակը արդարութեան, դրօշակը մարդկայնութեան, դրօշակը վրիժառութեան՝ իր քոյրերու եւ ազգականներու պատուին համար: Այս խոհերով ան կ՛ելլէ ընդդէմ անոր, որ պղծել տուաւ իր ընտանիքին պատիւը, ոչնչացնել տուաւ ընդհանուր բարօրութիւնը, ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջինջ ընել տուաւ մարմնապէս»:
Այս բոլորէն վեր, Թեհլիրեանի ահաբեկումը մարդկային հրաշալի փիլիսոփայութիւն մը ունի իր մէջ, որ թէեւ հակասական տարրեր կրնայ ունենալ, սակայն չի դադրիր հրաշալի փիլիսոփայութիւն ըլլալէն: Դատավարութեան ատեն ատեանի նախագահը Թեհլիրեանին կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ արդեօք ան ինքզինք յանցաւոր չի համարեր:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Ինքզինս յանցաւոր չեմ համարեր, որովհետեւ խիղճս հանգիստ է:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- Խիղճերնիդ ինչո՞ւ հանգիստ է:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Մարդ մը սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- Կ՛ըսէք, թէ խղճի խայթ չունիք, ձեր խիղճը մաքուր է: Դուք ձեզ չէ՞ք յանդիմաներ: Բայց հարցուցէ՛ք դուք ձեզի. արդեօք Թալէաթ փաշան սպաննել կ՛ուզէի՞ք:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Այս հարցումը չեմ հասկնար. ես զինքը արդէն սպաննած եմ:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- Կ՛ուզեմ ըսել, թէ զինք սպաննելու ծրագիր ունէի՞ք:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Ես որեւէ ծրագիր չունէի:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- Ե՞րբ արթնցաւ ձեր մէջ այդ գաղափարը:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Դէպքէն գրեթէ երկու շաբաթ առաջ. ինքզինքս շատ վատ կը զգայի եւ ջարդերու պատկերները դարձեալ աչքերուս առջեւ կը նկարուէին: Մօրս դիակը տեսայ. այդ դիակը ոտքի ելաւ, առջեւս կանգնեցաւ եւ ըսաւ ինծի. դուն տեսար, թէ Թալէաթ հոս է եւ անտարբե՞ր կը մնաս, դուն այլեւս իմ զաւակս չես:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- (Այդ խօսքերը կրկնելով երդուեալներուն) Իսկ դուք ի՞նչ ըրիք:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Յանկարծ արթնցայ եւ որոշեցի այդ մարդը սպաննել:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- […] Ի՞նչ զգացում ունեցաք, երբ Թալէաթ փաշան մեռած առջեւնիդ տեսաք. ի՞նչ մտածեցիք:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Թէ անմիջապէս յետոյ ի՛նչ զգացի, չեմ գիտեր:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- Բայց ժամանակ անցնելէ ետք եղածին արդէն անդրադարձած ըլլալու էք:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Ոստիկանատուն բերուելէս ետքն է, որ անդրադարձայ, թէ ի՛նչ էր եղածը:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- Ուրեմն ի՛նչ կը մտածէիք ձեր ըրածին վրայ:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Սրտի գոհունակութիւն մը զգացի:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- Իսկ այսօ՞ր:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Դեռ այսօր ալ եղածէն շատ գոհ եմ:
ՆԱԽԱԳԱՀ.- Բայց գիտէ՛ք անշուշտ, թէ բնական պայմաններու մէջ ոչ ոք իրաւունք ունի իր դատաւոր ըլլալու, նոյնիսկ եթէ շատ բաներ կրած ըլլայ:
ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ.- Չեմ գիտեր. մայրս ինծի պատուիրեց, որ Թալէաթ փաշան սպաննեմ, որովհետեւ ջարդերու պատասխանատուն է. ասկէ միտքս ա՛յն աստիճան գրաւուած էր, որ չէի գիտեր, թէ պէտք չէ սպաննեմ:
«Մարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ»: Թեհլիրեանը ահաբեկիչ էր, սակայն արարքը ահաբեկչութիւն չէր: Բուն ահաբեկիչը, ի բնէ, թուրք պետութիւնն է, որուն բոլո՛ր գործերը, պատմութեան բոլո՛ր ժամանակներուն ահաբեկչութիւն են: Մեր օրերուն արդէն ականատես ենք թուրք պետութեան ահաբեկչական ծրագիրներուն եւ արարքներուն թէ՛ երկրին ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ:
Ուրեմն, Թալէաթը ահաբեկիչ է եւ իր արարքը ահաբեկչութիւն է: Թեհլիրեան ահաբեկիչը ահաբեկեց Թալէաթ ահաբեկիչը եւ վրէժը լուծեց ահաբեկչութենէն:
Աւելորդ չենք համարեր հաստատելու, որ Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքին ընթացքին ոչ մէկ պատահական մարդ կամ անցորդ վնասուած է: Առհասարակ, 1920ական թուականներու «Նեմեսիս»ի վրէժխնդրական բոլոր գործողութիւններու ընթացքին, թիրախներէն բացի, ոչ մէկ մարդ սպաննուած կամ վիրաւորուած է:
***
Երբ տեղի կ՛ունենար Թալէաթի ահաբեկումը, Մոսկուայի մէջ կը պատրաստուէր ռուս-թրքական «բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» դաշնագիրը, որ ստորագրուեցաւ յաջորդ օր: Այդ դաշնագրով Խորհրդային Ռուսիան թրքական հող կը հռչակէր ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ Արեւելեան Հայաստանէն թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած տարածքները, գլխաւորաբար` Կարսը եւ Արտահանը: Աւելի՛ն. Նախիջեւանը իբրեւ ինքնավար հողամաս կը դրուէր Ազրպէյճանի հովանաւորութեան տակ: Այսինքն կը նուրիրագործուէր Պրեսթ-Լիթովսքիի դաշնագիրը, որ ստորագրուած էր 3 Մարտ 1918ին, ինչպէս նաեւ կը նորոգուէր այն քաղաքականութիւնը, որ հիմք դրուած էր թալէաթներու կողմէ՝ եղբայրական գործակցութիւն հաստատելով ռուս պոլշեւիկներու հետ: Պատահականութիւն չէր, որ երկու այլ ոճրագործներ՝ Ճեմալ եւ Էնվեր փաշաները արդարադատութենէ փախչելով (անոնք ալ ի բացակայութեան մահուան դատապարտուած էին) եւ ռուսերու հետ եղբայրական յարաբերութեան մէջ ըլլալով` իրենք զիրենք աւելի ապահով կը զգային Ռուսիոյ մէջ, քան Գերմանիոյ:
Բոլոր պարագաներու հայ վրիժառու եւ արդարհատոյց գնդակները հասան նաեւ անոնց: Ճեմալ փաշան ահաբեկուեցաւ Արտաշէս Գէորգեան-Պետրոս Տէր Պօղոսեան-Ստեփան Ծաղիկեան երրորդութեան կողմէ, Թիֆլիս, Չեկայի շէնքին առջեւ, 25 Յուլիս 1922ին: Ճեմալ փաշան Մեծ Եղեռնի կազմակերպիչ ըլլալէ անկախ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Մոսկուա- Անգարա բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելուն մէջ: Իսկ Էնվեր կը սպաննուի Խորհրդային Թիւրքիստանի մէջ, 28 Օգոստոս 1922ին ամենայն հաւանականութեամբ խորհրդահայ զինուորի մը ձեռամբ: Այսինքն ամբողջ շարքէն Էնվերի ահաբեկումն էր միայն, որ Դաշնակցութեան գործը չեղաւ:
Վերադառնալով Թեհլիրեանին՝ Թալէաթի ահաբեկումը նաեւ յիշեցում մըն էր աշխարհին, որ հայութեան հաշուոյն անարդարութիւն կը պատահէր Մոսկուայի դաշնագրի ստորագրութեամբ պոլշեւիկ Մոսկուայի եւ քեմալական Անգարայի միջեւ:
(Քաղուած Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած Կարօ Յովհաննէսեանի լայնածաւալ ուսումնասիրութենէն՝)
asbarez.com/arm/385989/սողոմոն-թեհլիրեանի-կողմէ-թալէաթի-սպա/