«Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Պատերազմական Գերիները Պէտք Է Հայաստան Վերադարձուին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ

«Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Պատերազմական Գերիները Պէտք Է Հայաստան Վերադարձուին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

18 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: (Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին- Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ)

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ վստահեցուց, որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիները պէտք է Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձուին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Պատերազմական գերիներու հարցին վերաբերեալ մօտեցումս յստակ է եւ պարզ` անոնք պէտք է վերադարձուին: Հոլովոյթը պէտք է իրականացուի ո՛չ միայն 9 նոյեմբերի յայտարարութեան հիման վրայ, այլ նաեւ հիմնուելով միջազգային ուխտերով հաստատուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ», նշած է Ֆրանսայի դեսպանը:

Անոր համաձայն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ միակ մարմինը, ուր կարելի է քննարկում, բանակցութիւններ կատարել` հարցին որեւէ դիւանագիտական լուծում գտնելու առումով:

«Երբ կը խօսինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մասին, պէտք է հասկնանք, որ գործ ունինք բանակցութիւններ ապահովող կառոյցի մը հետ, որ պատրաստ է միջնորդելու եւ օգնելու երկու կողմերուն ալ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` միջնորդութեան միակ մարմին ըլլալու մասին նշեց նաեւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը (ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը, «Ա.»)` Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Մինսքի խմբակի համանախագահները այժմ բանակցութիւններու մէջ են, որպէսզի աշխատանքային այցելութիւն կատարեն շրջան», ըսաւ Ժոնաթան Լաքոթ:

aztagdaily.com/archives/502790

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail