Պաշտօնական Երեւանը Ե՞րբ Դէմ Պիտի Կանգնի Ազրպէյճանի Վայրագութիւններուն
19 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Կարելի չէ չզայրանալ տեսնելով, թէ Շուշիի նշանաւոր «Կանաչ Ժամ» եկեղեցին հիմնայատակ եղաւ ազերի վայրագ խուժաններուն կողմէ, իսկ Ակնաղբիւր գիւղին մէջ հայկական խաչքարը կարմիր գոյնով ներկուած ու պղծուած է։
Աւելին, Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեան Դիմատետրի իր էջին վրայ կը գրէ, թէ Ազրպէյճանի նախագահը անձամբ հրամայած է Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող յուշարձաններուն վրայէն ջնջել բոլոր հայկական գրութիւնները։
Իսկ Ալիեւ ամենայն շնականութեամբ կը յայտարարէ՝ «Շուշան այլեւս երբեք պիտի չդառնայ Շուշի: Երբեք»
Ամօթալի հրադադարէն ետք, քանի-քանի անգամներ ականատես կ՚ըլլանք ազերիներու կատարած աւերներուն, որոնք մէկը միւսին ետեւէն, հետեւողական կերպով կը շարունակեն հայու հետքը ջնջել Արցախի հողին վրայէն։
Այս բոլորին դիմաց, պաշտօնական Երեւանը կը շարունակէ լուռ մնալ, կը շարունակէ անտեսել նոյնիսկ պետական այրերու բարձրաձայնած բողոքի արտայայտութիւնները, որոնք միայն աղոտ կերպով կը փորձեն իրազեկել հանրային կարծիքն ու «քաղաքակրթուած» աշխարհը կատարուած վայրագութիւններուն համար։
Լուռ կը մնայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որու պատասխանատուներուն մասին քանիցս ըսուած է, թէ Ատրպէյճանին կը հաճոյանան՝ այդ երկրի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ տրամադրուած ծով գումարներով։ Արդէն, երկրի թիւ 2 անձը, Մեհրիպան Ալիեւան, համաշխարհային քաղաքակրթութեան դեսպանուհի կոչուած ըլլալու «տգեղութեան» մէջ կը շարունակէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «աչքերն ու բերանը փակ պահել»։
Հայաստանի այսօրուան իշխանաւորները անկարող են հայոց իրաւունքները պաշտպանելու։ Անոնց ապիկարութիւնը կը շարունակէ վնաս հասցնել Ազրպէյճանի կողմէ պահուած գերիներու շուտափոյթ վերադարձին, անոնց անտարբերութեան պատճառով Ազրպէյճան սանձարձակ կերպով պիտի չքացնէ ամէն հետք ու մշակութային նմուշ Արցախի հողին վրայէն։ Նոյն ղեկավարութիւնն է, որ Հայաստանի սահմանները ձգած է իրենց բախտին…։
Օր առաջ, մեր հայրենիքը պատասխանատու իշխանութեան կարիքը ունի։ Կարելի չէ այլեւս հանդուրժել այսօրուան իշխանաւորներու վնասաբեր ներկայութիւնը։
Արկածախնդրութիւնները այլեւս տեղ չունին հայոց աշխարհին մէջ։
«Ազատ Օր»
yerakouyn.com