Հայկական Ժառանգութիւնը Իբրեւ Ատրպէյճանական Ներկայացնող Լոնտոնի Պաստառները Վերցուեցան
24 ՄԱՐՏ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԼՈՆՏՈՆ.- Ըստ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ տեղւոյն հայ համայնքի ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է վերցնել տալ Լոնտոնի մէջ տեղդրուած ատրպէյճանական այն պաստառները, որոնք հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը կը ներկայացնեն՝ իբրեւ ատրպէյճանական:
Պաստառները Լոնտոնի գետնուղիի կայարաններէն հանուած են Transport for London ցանցին կողմէ։
«Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ ներկայացուած պաշտօնական բողոքներէն ետք՝ Լոնտոնի գետնուղիի վիրաւորական պաստառները, որոնք հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը կը ներկայացնեն՝ իբրեւ ատրպէյճանական, այժմ հանուած են Լոնտոնի գետնուղիէն», կը նշուի Հայ Դատի հաղորդագրութեան մէջ։
asbarez.com/arm/386673/հայկական-ժառանգութիւնը-իբրեւ-ատրպէյ/