«Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են Յարձակիլ Սիւնիքի Մարզին Վրայ» Կը Գրէ Իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ»-ը

«Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են Յարձակիլ Սիւնիքի Մարզին Վրայ» Կը Գրէ Իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ»-ը

«Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են Յարձակիլ Սիւնիքի Մարզին Վրայ» Կը Գրէ Իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ»-ը

25 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թրքական սպառազինութիւն տեղափոխուած է Հայաստանի հետ սահմանին մօտ` ռազմափորձեր կատարելու նպատակով: «Սփութնիք Արմենիա» կը գրէ, որ այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ» ալիքը:

Ալիքը հրապարակած է քանի մը լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւին հրասայլեր, հրետանիներ եւ զրահապատ մեքենաներ: Կը նշուի, որ ռազմափորձերուն մասնակցող զրահապատ մեքենաները նախապէս օգտագործուած են Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ: Հրապարակման հեղինակները, յղում կատարելով վերլուծաբաններուն, կը նշեն, որ Անգարան եւ Պաքուն մտադիր են յարձակում գործել Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայ, որ սահմանակից է Իրանին, եւ այդպիսով կտրել հայ-իրանեան սահմանը:

«Իրան բազմիցս յայտարարած է, որ շրջանի միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական սահմաններու փոփոխութիւնը իրեն համար կարմիր գիծ է: Լայնածաւալ պատերազմը կանխարգիլելու համար Իրանի զինեալ ուժերը պէտք է անյապաղ տեղակայուին սահմանի երկայնքին` Հայաստանի եւ Նախիջեւանի միջեւ», կը նշուի հրապարակումին մէջ:

Փետրուարին Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալպաֆ յայտարարած էր, որ Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու հետագայ շարունակութիւնը անվտանգութեան խնդիրներ պիտի յառաջացնէ Իրանի հիւսիսային սահմաններուն համար:

Armenia to hold large-scale military exercises

aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail