Աքար Անդրադարձած Է Պայտընին Ուղղուած` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչին
27 ՄԱՐՏ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երկրի խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է վերջերս ամերիկացի քանի մը տասնեակ ծերակուտականներու կողմէ երկրի նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ կոչին:
Աքար նշած է, որ ամէն տարի 24 ապրիլին, նմանատիպ օրակարգ յառաջ կու գայ: Թուրք նախարարը իր խօսքին մէջ շարունակած է կրկնել թրքական քարոզչութեան կեղծ թեզերը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Մասնաւորաբար ան նշած է. «Առանց տեղեկատուութեան` ապացոյց չ՛ըլլար, եւ բոլոր անոնք, որոնք նման պնդումներ կ՛ընեն, պէտք է հարցէն տեղեկացուած ըլլան»:
«Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւին մէջ գրուած փաստաթուղթեր կան, թող ամերիկացի քաղաքական գործիչները, ակադեմականները եւ լրատուամիջոցները նեղութիւն քաղեն եւ ուսումնասիրեն: Վուտրօ Ուիլսընի հրամանով` զօրավար Ճէյմս Հարպըրտ 1919 թուականին եկած էր Թուրքիա եւ 58 օր ուսումնասիրութիւն կատարած: 50 հոգինոց պատուիրակութիւնը եկած է այն եզրայանգումին, որ «այստեղ ոչ մէկ ցեղասպանութիւն եղած է, երկու կողմերն ալ մեծ վիշտ ունեցած են»:
Խօսքը 1603 էջնոց զեկուցումի մասին է: Այդ պատճառով պէտք է ուսումնասիրուին Միացեալ Նահանգներու արխիւները, յատկապէս ամերիկացիները ատիկա պէտք է տեսնեն: Քանի որ այդ զեկուցումին մէջ գրուած է, որ հայերն ու թուրքերը 500 տարի իրարու հետ խաղաղ գոյակցած են եւ առանց արտաքին միջամտութեան եւս 500 տարի կրնային միասին ապրիլ», յայտարարած է Աքար:
aztagdaily.com/archives/503682