Ատրպէյճանի՝ Պաշտամունքի Վայրին Ոչնչացումը Արդարացնելու Փորձերը Դատապարտուեցան

Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի – Powerful Holy Mother of God Church

Ատրպէյճանի՝ Պաշտամունքի Վայրին Ոչնչացումը Արդարացնելու Փորձերը Դատապարտուեցան

Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

27 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄՇԱԿՈՅԹ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան յայտարարեց, որ ատրպէյճանական կողմի բոլոր փորձերը՝ արդարացնելու պաշտամունքի վայրի բարբարոսական ոչնչացումը, մտահոգիչ եւ դատապարտելի են։

Պաքու կը պնդէ, թէ մատուռը «ապօրինի կերպով կառուցուած է» Հայաստանի կողմէ, «Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներուն գրեթէ 30ամեայ բռնագրաւման ընթացքին»։

«Ադրբեջանական կողմը հաստատեց Մեխակաւան (Ճեպրայիլ) բնակավայրի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցու հիմնայատակ աւերման միտումնաւոր եւ ծրագրուած բնոյթը, եւ որ դա իրականացուել է Ադրբեջանի իշխանությունների որոշման արդիւնքում:

Յատկանշական է, որ միաժամանակ ադրբեջանական կողմը քար լռութիւն է պահպանում Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի աւելի քան 200 տարուայ պատմութիւն ունեցող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցու (Կանաչ ժամ) աւերման մեղադրանքների եւ փաստերի վերաբերեալ՝ հաւանաբար չգտնելով այս հերթական բարբարոսութեան «արդարացման» որեւէ, անգամ՝ մտացածին հիմնաւորում», նշեց Նաղտալեան։

Ան ընդգծեց, որ միջազգային հանրութիւնը, նախ եւ առաջ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները եւ համանախագահ երկիրները, ԵՈՒՆԵՍՔՕն պէտք է անյապաղ միջամտեն հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ի խնդիր։

Azerbaijan Destroys the Church of the powerful Holy Mother of God in Mekhakavan

asbarez.com/arm/386880/ատրպէյճանի՝-պաշտամունքի-վայրին-ոչնչ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail