Հինգ Երեխաներու Ճակատագիրը

Հինգ Երեխաներու Ճակատագիրը
ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան կը գրէ.
04 օգոստոս 2015
Նահատակ զինուոր Հայկ Դեւոյեանի հինգ երեխաներուն, ինչպէս եւ մեր միւս նահատակ ու հաշմուած զինուորներու երեխաներուն ճակատագիրին շուրջ մեր հաւաքական պատասխանատուութեան հարցը տակաւին կը մնայ առկախ:

Գիտենք, որ պետութիւնը իր բաժինը կը բերէ՝ օրէնքով ճշդուած պարտաւորութեան չափով։

Գիտենք, որ պետութեան կողմէ կատարուող յատկացումները չեն կրնար արժանապատիւ կեանք մը ապահովել որբացած ընտանիքներուն:

Գիտենք, որ նահատակ ու վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն կենցաղային խնդիրներուն հանդէպ անուշադրութիւնը կրնայ ահաւոր բարոյալքում յառաջացնել զինուած ուժերու շարքերուն մէջ, շարքեր, որոնց ամրութենէն, որոնց ոգիէն կախեալ է մեր սահմաններու անվտանգութիւնը:

Գիտենք այս բոլորը, սակայն, տակաւին կը խուսափինք, կը վախնանք յանձնառութիւն վերցնելէն՝ այդ ընտանիքներուն թիկունք դառնալու:

Խուսափումի պատճառը կրնայ ըլլալ այն մտահոգութիւնը, որ բաւական մեծ միջոցներ պահանջող այս առաքելութիւնը կրնայ մնալ զայն ստանձնող միութեան կամ կազմակերպութեան ուսերուն՝ կլանելով անոր բոլոր հնարաւորութիւնները:

Նախ՝ նոյնիսկ այդպէս եթէ ըլլայ, նման առաքելութեան մը ստանձնումը միայն պատիւ կը բերէ այդ կազմակերպութեան, եւ ես հաւատացած եմ, որ նաեւ յաւելեալ միջոցներ ապահովելու կարելիութիւններ կը ստեղծէ: Հաւատքս կը բխի մեր ժողովուրդի արժէքային համակարգի գնահատումէն:

Ապա կարելի չէ պատկերացնել, որ նահատակներու ընտանիքներուն թիկունք կանգնելու նպատակով արշաւ մը կրնայ արձագանգ չգտնել ուրիշ միութիւններու, ուրիշ համայնքներու մէջ գործող կառոյցներու մօտ:

Կարեւորը շարժի՛լն է, կարեւորը նախաձեռնե՛լն է: Ժամանակ մը առաջ «Ասպարէզ» յայտարարած էր, որ եթէ որեւէ միութիւն չստանձնէ այս առաքելութիւնը, ապա մենք պատրաստ ենք վերցնելու այդ պարտականութիւնը: Այդ օրերուն, որոշ գործիչներ մեզ վստահեցուցին, որ գործը առաւել հիմնաւոր կերպով կազմակերպելու աշխատանք կը տանին արդէն եւ շուտով ճամբայ պիտի ելլեն: Բաւական ժամանակ անցաւ… այս գրութիւնը յիշեցում թող նկատուի այդ գործիչներուն:

http://www.yerakouyn.com/

http://asbarez.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail