Թուրք Նախկին Նախարարը Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հակազդող Քայլեր Կ՝առաջարկէ Խորհրդարանին

Ancien député turc (1983-1999), ancien ministre de la Santé, Tourisme Bulent Akarcali

Թուրք Նախկին Նախարարը Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հակազդող Քայլեր Կ՝առաջարկէ Խորհրդարանին

29 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրք նախկին պատգամաւոր (1983-1999թթ), նախկին առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան նախարար Պիւլենթ Աքարճալըն թրքական «Milliyet»-ի մէջ հրապարակած իր յօդուածով անդրադարձած է ԱՄՆ ծերակուտականներու ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պայտընին ուղղած նամակին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Յօդուածին մէջ Աքարճըն Թուրքիոյ խորհրդարանին կ՝առաջարկէ գործողութիւններու ծրագիր՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կանխելու նպատակով։

Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ հակաքայլերու ծանրութեան կեդրոնը պէտք է ըլլայ խորհրդարանին վրայ, քանի որ ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը կ՝ընդունուին այլ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Խորհրդարանին ներկայացուցած Աքարճըի առաջարկները.

– ԹԱՄԺ-ի (Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողով – ԹԱՄԺ) նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի կողմէ երկխօսութեան հիմնում Քոնկրեսի մէջ իր պաշտօնակիցին հետ:

– Առնուազն ազգային հարցերու մէջ ԹԱՄԺի-ի վերկուսակցական դիրքորոշման աւելի ուժեղ ներկայացում Քոնկրեսի մէջ:

– ԹԱՄԺ-ի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներու փոքր խումբերով արդիւնաւէտ այցեր Ուաշինկթըն, այցերը պէտք է ծրագրաւորուած ըլլան:

-Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու եւ ռազմական յանձնաժողովներու անդամները հրաւիրել Թուրքիա:

– Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ աշխատող մասնագիտական խումբերու՝ Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուներու եւ մասնագէտներու հետ երկխօսութեան ցանցի հիմնում:

– ԹԱՄԺ-էն գացող պատուիրակութիւններու հանդիպումներ նաեւ ԱՄՆ-ի մամուլի եւ ուղեղային կեդրոններու անդամներու հետ:

– ԹԱՄԺ-ը կողմէ աւելի Թուրքիոյ եւ լոպպիի ու PR-ի աշխատանքներուն աւելի մեծ տեղի յատկացում:

– Միջխորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովներէն կազմուած համատեղ արհեստագիտական աշխատանքային խումբի ստեղծում:

– ԹԱՄԺ-ի պատգամաւորներու եւ քոնկրեսականներու հանդիպումներ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու թեմայով յստակ առցանց ձեռնարկներու ժամանակ:

yerakouyn.com/2021/03/29/թուրք-նախկին-նախարարը-ցեղասպանութեա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail