Մահացաւ Շուշիի Ազատագրութեան Գործողութեան Կազմակերպիչ Զօրավար-Արկադի Տէր Թադեւոսեան
01 ԱՊՐԻԼ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
31 մարտ 2021-ին 81 տարեկանին մահացաւ Արցախի հերոս, զօրավար-հազարապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս): Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն:
Արկադի Տէր Թադեւոսեան ծնած է 22 մայիս 1939-ին, Թիֆլիսի մէջ: Ան աւարտած է Պաքուի զինուորական ուսումնարանը, այնուհետեւ` Լենինկրատի փոխադրամիջոցներու եւ թիկունքի զինուորական ակադեմիան: 1988-էն միացած է Արցախի ազատագրական պայքարին եւ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած կամաւորականներու զինուորական մարզումի գործին մէջ: 1990-ին դարձած է «Սասունցի Դաւիթ» կամաւորական ջոկատի անդամ: 1991-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան կոմիտէի արտազինուորական պատրաստութեան բաժինի պետ: 30 հոկտեմբեր 1991-ին Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը Տէր Թադեւոսեանի հրամանատարութեամբ իրականացած ռազմական գործողութեան շնորհիւ ազատագրեցին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող Հատրութի շրջանի Տող գիւղը: Մայիս 1992-ին աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է Շուշի քաղաքի ազատագրութեան ռազմական գործողութեան նախապատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ:
Արկադի Տէր Թադեւոսեանի մահուան առիթով ցաւակցական ուղերձներ յղած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
Ցաւակցական ուղերձներ յղած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը: Նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ցաւակցագիրին մէջ նշուած է.
«ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու զօրավար-հազարապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ բարեկամներուն` զօրավար-հրամանատարի մահուան առիթով:
Մեծ է նուիրեալ հրամանատարին աւանդը Արցախի շարք մը բնակավայրերու ազատագրութեան ռազմական գործողութիւններու նախապատրաստման աշխատանքներուն եւ բուն գործողութիւններու կազմակերպման գործին մէջ: Անոնց կարգին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւնը` հայոց ռազմարուեստի թագն ու պսակը:
Խորապէս կը ցաւինք, որ մեծանուն զօրավար-հրամանատարը կեանքին հրաժեշտ տուաւ` սիրելի բերդաքաղաքը եւ Արցախի մեծագոյն հատուածը դաւադրաբար թշնամիին յանձնուած տեսնելով:
Խոնարհո՛ւմ Արցախի, հայոց անառիկ Շուշիի համար կեանք նուիրած բոլոր հայորդիներու յիշատակին:
Քոմանտոսին անցած հերոսական ճամբան ուղենիշ պիտի դառնայ հայ նորօրեայ սերունդին համար:
Հրամանատարին գործը պիտի՛ շարունակուի: Փա՛ռք հերոսներուն»:
www.aztagdaily.com/archives/504185