Իսրայէլ Իր Քաղաքացիները Նախազգուշացուցած Է Չայցելելու Ազրպէյճան
01 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իսրայէլեան կեդրոնը (Մոսատի ենթակառոյց մը) իր քաղաքացիները նախազգուշացուցած է չայցելելու Ազրպէյճան, այդ երկրին մէջ հրեաներու եւ իսրայէլացիներու դէմ սպառնալիքներու պատճառով: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին կեդրոնի պաշտօնական կայքին յղում կատարելով Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտարարած է ռուս-իսրայէլացի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին:
«Կը հաւատամ, որ Ալիեւի թրթուռները հիմա պիտի մտնեն եւ ըսեն, որ հայերը կաշառած են իսրայէլեան Մոսատը», կը գրէ Լափշին:
aztagdaily.com/archives/504235