ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Մելիք Եգան` Խամսայի Մելիքութիւններու Կառավարիչ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Culture - Artsakh - village - (Տող) Dogh

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Մելիք Եգան` Խամսայի Մելիքութիւններու Կառավարիչ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

04 ԱՊՐԻԼ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Մելիք Եգան` Խամսայի Մելիքութիւններու Կառավարիչ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Տող` Քաղաքական Եւ Վարչական Կեդրոն

Խամսայի մելիքութիւններու ընդհանուր կառավարիչ Դիզակի մելիք Եգան մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր եւ Նատիր շահի բացարձակ վստահութեան արժանացած էր:

Մելիք Եգան (Եգան կամ Աւան Յովհաննէս անուան բարբառային ձեւն է) Գտչավանքի վանահայր Ղուկաս վարդապետի որդին էր: Անոր նախահայրերը Արցախի նախարարական հնագոյն տոհմ Առանշահիկներէն սերած իշխան Յովսէփի եւ անոր որդի, Քթիշ բերդի տէր Եսայի Ապու Մուսէի սերունդներ են:

Եսայի Ապու Մուսէի որդին եւ յաջորդն էր Մովսէս. այնուհետեւ Քթիշի իշխաններ եղած են Մովսէսի որդի Վաչագան, որուն յաջորդած է Եսայի Բ.:

Տոհմական տարեգրութիւններ կ՛ըսեն, որ գերդաստանին մէկ մասը տեղափոխուած է Լոռի, ուր անոնք իրենց կարգին երկու ճիւղի բաժնուած են` Լոռու Մելիքեաններ եւ Քալանթարեաններ:

Մելիք Եգանի մասին պահուած արձանագրութիւն մը կ՛ըսէ. «Մէլիք Եգան, որդի Ղուկաս վարդապետի եւ նահանգէն Լոռւոյ ի գեղջէն Արդուոյ, յազգէ Լօրիս Մելիքեանց, մարտ եդեալ ընդ իւրում ազգականի Էլիբարայ, որ ի նմին ժամանակի տիրէր երկուց նահանգաց` Լոռւայ եւ Տաշիրայ, ի բաց առեալ զՄժաւէթն եւ զԲաբաժանաձորն, իսկ յո՛չ ստանալն նմա վերաբնակի ընդ հօր իւրում աղխիւն հանդերձ աշխարհն Արցախու ի նահանգն Տիզակայ եւ ի գիւղ Տող»:

Տող գիւղին մէջ հողային առուծախի ՌՃԿԶ (1717) թուակիր արձանագրութեան մը համաձայն, Ջիլաւանց Տիհու տղայ Չալին իր ջրաղացը վաճառած է իր հօրեղբայր Սարքիսայ տղայ Իսուն: Առուծախի համաձայնագիրին տակ դրուած է Եգանի կնիքը` «Եկան քօխան վկայ» մակագրութեամբ: Այս փաստաթուղթին համաձայն, Եգան 1717-ին Տող գիւղի տանուտէրն էր:

***

Մելիք Եգան քաջ զօրական եւ միաժամանակ նուրբ դիւանագէտ էր: Ան գործօն մասնակցութիւն բերած էր օսմանցիներու դէմ Արցախի սղնախներու մղած ազատագրական պայքարին մէջ: Մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր պարսկական արքունիքին հետ եւ միաժամանակ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր հայ-ռուսական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ: Պարսից շահ Թահմասպ Բ.էն մելիքի տիտղոս ստացած էր, իսկ ռուսաց Աննա Իվանովնա ցարուհիէն 1732-ին ստացած էր ռուսական բանակի զօրավարի կոչումը: Փրկագինով կանխած էր Արցախի զինուորականներու` եօթը հազար հինգ հարիւր զինուորի եւ սպայի աքսորը Թուրքիա: Դարձած էր Նատիր շահի ռազմական աջակիցը, գլխաւոր նեցուկը եւ խորհրդատուն եւ անկէ ստացած խանի տիտղոս:

Եգան պարսից շահ Թահմասպ Բ.էն մելիքի տիտղոս ստացած էր 1723-ին կամ 1724-ի սկիզբը: Ան առաջին անգամ մելիքի տիտղոսով յիշատակուած է 20 մարտ 1724 թուակիր փաստաթուղթի մը մէջ: 1727-1728 թուակիր վաւերագրեր եւս Եգանը կը յիշատակեն մելիքի տիտղոսով:

Այսպէս, առուծախի 1727-ի փաստաթուղթի մը մէջ Եգան հանդէս կու գայ «մելիք Եկաեանըս վկայ» մակագրութեամբ:

Մելիք Եգանի կողմէ 1728-ին տրուած վաւերագիրի մը մէջ արձանագրուած է. «Ես մէլմէլիք Եկանըս իմ Արչայձոր վերգալի դվէ խծեցի խօջայ Ղասումին գամ տէր Մօսէսին, ապլուն իմ կամօվըս դվի Լ (35) թմանու էս մին թարափ քարէ կապըն, մին թարափ խաչըն, մին թարափըն ախպուրըն, մին թարափ Հկագվայ կեդըն, օրիշ մարթու պազ չլնի, թվն. ՌՃՀԷն (1728) յունվըրի ամէս էր»:

Խամսա երկրամասի պէյլէրպէկի մելիք Եգանի մօտ կը հաւաքուէին Արցախի մելիքութիւններու տուրքերը եւ անոր միջոցով կը յանձնուէին արքունական գանձարան:

***

Մելիք Եգանի Տող գիւղը Խամսա երկրամասի քաղաքական եւ վարչական կեդրոնը դարձաւ:

Տող, Տողասարի արեւելեան լանջին, 900 մեթր բարձրութեան վրայ, եղած է շէն բերդաքաղաք` հազար հինգ հարիւր տուն բնակչութեամբ, եւ ամրոցային պարիսպով շրջափակուած:

Առաքել վարդապետ Տողի նկարագրութիւնը տալով կը գրէ. «Բերդաքաղաքս ի հնումն բաղկանայր ի հազար ի հինգհարիւր տանց, ըստ շնչագրութեան Պարսից արքային: Ամենեքեան ընտիր վաճառականք, եւ բազմազանց հարստութեան ճոխացեալք, ընդ ամենայն երկիրս եւ ի հեռաւոր քաղաքս տէրութիւնս ցրուեալ եւ տարակայեալ իւրաքանչիւր ոք ի շահավաճառութեան պարապեալ: Տունս եւ բնակութինս բազմածախս գանձուք զարդարեալ: Նաեւ զթէատրոն` կազմ ու պատրաստ զորանց պատրաստեալ միշտ եւ յավէտ ձիընթաց արագութեամբ խաղային: Թիւ աղիւսագործ կրպակաց վաճառականաց մինչեւ ի հազարաւորս հասանէր: Արեւելեան կողմ ամուր պարսպապատ պատուարօք ամրացուցեալ. ընդ նմին թողեալ զերիս մեծամեծ դրունս երկաթակակապ կախեալ, բայց մնացեալ կողմանսն ընդ դրութեամբ իւրով փակեալ է թիկնապահ լեառն բարձրաբերձ: Նաեւ` չորս սագաշէն սրբատաշ կամարակապ կառուցեալ զեկեղեցիս հիմնեալ ի վերայ մասանց սրբոց… իսկ մինն եկեղեցացն իսպառ աւերեալ աւերեցաւ հիմնայատակ, արատաւորեալ էր եւ հին ժամանակի յայլազգաց. մնացեալքն ամբողջք են»:

Գիւղին մէջ եւ շրջակայքը կը գտնուին Գտչավանքը, Կուսանաց անապատը, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Յովհաննէս, Սուրբ Վարդան, Թէժ եւ Անապատ եկեղեցիները, Քթիշ բերդը, Եղցուն խաչեր, Ծիլտախաչ եւ այլ խաչքարեր, տապանաքարեր, արձանագիր քարեր, ժայռափոր խաչեր, ձիանոց, ջրաւազան, հնոց եւ երկանաքարեր:

Գտչավանք, Տողէն հիւսիս-արեւմուտք, Տողասարի հիւսիս-արեւմտեան լանջին, եպիսկոպոսանիստ էր եւ մշակոյթի կեդրոն:

Մելիք Եգան 1723-ին Մեսրոպ եպիսկոպոսը Գտչավանքի վանահայր նշանակած էր:

Մելիք Եգան Տողը պաշտպանական կառոյցներով ամրապնդեց եւ նորոգել տուաւ եկեղեցիները:

***

Culture – Artsakh – village – Le palais royal de Togh Մշակոյթ – Արցախ – գիւղ – Տողի մելիքական ապարանքը – Culture – Artsakh – village –The royal palace of Togh

Մելիք Եգան Տող գիւղի կեդրոնական մասին մէջ ձեռնարկեց մելիքական ապարանքի կառուցման: Երկյարկանի ապարանքը ունի ուղղանկիւն յատակագիծ. սրբատաշ քարերով շարուած շքամուտքը կը տանի բակի մէջ տեղադրուած հիւրասենեակ, որ ունի քանդակազարդ բուխերիկ, փոքր պատուհաններ, պատի մէջ փորուած կամարաձեւ լայն խորշեր եւ դէպի բակը բացուող պատուհաններ: Հիւրասենեակէն առանձնացած թաղակիր սենեակները ունին բուխերիկներ, թոնիրներ եւ կարասներ: Յատակը ամբողջ սալարկուած է: Պատերուն վրայ պահպանուած են գրութիւններ: Ընդունարանէն (թանապա) քիչ անդին գլխատունն է: Ամբողջ շինութիւնը ներսէն կրաշաղախով ծեփուած է: Դարպասը կը գտնուի արեւելեան ճակատին աջ կողմը:

Ապարանքի ընդունարանի պատին վրայ բարբառային լեզուով արձանագրուած է.

«Թիւն ՌՃՁԶ յիշատակ է թանապաս. այս է, որ ես Ղուկազ վարդապետի որդի, որ իմ անուն Մէլիք Եկան, առաջ խելխն ջամ դեռին, ինձ կարգեցին քոխայ, յետ նորա որ օլքան սալամաթ եղաւ: Դեռ Աւշառ Սուլթան Հիւսէնիյ տղայ Ղահթմիշ երեքն որ ի յէն չափալուղ օղարկէ, որ պիրաւ ինձ. տու չե՞ս մէլիքութեան տվաւ: Այլ Օսմանլուն եկաւ առաւ ի ձեռն Աւյնից որ ան էլ սա չափաղուլ ուղարկէ որ պերէն: Ես թողեցի ոչ Հայաստանաս եսիր տալու… ի՛նչ տվաւ սօվ Լղար աղին: Շահ Նայդիր զօրեղ թագաւոր եկաւ, զօրով առաւ օլքաս ի ձեռէն Օսմանլուէնանայ, նոր էաս շափաղուլ կողարկէ, որ բերաւ ինձ այս եզմոհիլիս. ազկ քրիստից որ մէկն Թալիշ, մէկն Չմպյթ, մէկն Խաչէն, մէկն Վարանդայ, մէկն Քոչէզ, մէկն Տուզաղ. այստոնց խանը պակլար պէկայ տեղ ար ինձ չափաղաթ առաւ: Ով որ յեդով կարդէ այս գիր, էս իմանայ որ մեր որպիսութիւն այպէս իլաւ. մին ողորմեայ այսէ եղեւ. ամեն»:

Արձանագրութեան ճիշդ ընթերցումը հետեւեալն է. «ՌՃՁԶ (1737): Այս Ընդունարանը յիշատակ է: Այսպէս է, որ Ղուկաս վարդապետի որդիս, որ իմ անունն է Մելիք Եգան, նախապէս ժողովուրդը հաւաքուեցաւ եւ զիս տանուտէր կարգեց: Անկէ ետք, երբ երկիրը խառնակութեան մատնուեցաւ, շատ Սուլթան Հիւսէյնի որդի շահ Թահմասպ թագաւորին որոշ ծառայութիւն մատուցեցի, եւ ան ինծի մելիքութիւն տուաւ: Այնուհետեւ օսմանցին եկաւ եւ (երկիրը) անոր ձեռքէն առաւ: Անոր ալ այսչափ ծառայութիւն ցոյց տուի, որ երբ եկան, ես չձգեցի, որ հայերը հոսկէ գերի տանին: Շահ Նատիր զօրեղ թագաւորը իր զօրքով եկաւ, երկիրը օսմանցիի ձեռքէն առաւ: Անոր ալ այնքան ծառայութիւն մատուցեցի, որ ան քրիստոնեայ ազգի վեց մահալներու` Թալիշի, Չարաբերդի, Խաչենի, Վարանդայի, Քոչիզի եւ Դիզակի վրայ, զիս իբրեւ խան եւ պէյլէրպէկի կարգեց, շնորհ ըրաւ: Ով յետոյ կարդայ, այս գրութենէն կ՛իմանայ, որ մեր որպիսութիւնը այսպէս եղած է եւ թող ողորմի ըսէ: Եղաւ: Ամէն»:

***

Culture – St. Hovhannes Church in Togh – Մշակոյթ – Տողի սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին – Culture – St. Église Hovhannes à Togh

Տողի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին, չորս սիւներով եւ հիւսիսային պատը կիսով չափ խրած ժայռի մէջ, պատմական կառոյց է: Դրան ճակատակալ քարին վրայ արձանագրուած է. «Թվին ՌՃՁԵ. այս Սուրբ Ոհանէս եկեղեցուս գլուխն նորոգեց Ղուկազ վարդապետի որդի Մէլիք Եկանն. յիշատակ է հոգւոյն իւրոյ, ով որ կարդայ մէկ բերան Աստուած ողորմի ասէ»:

Եկեղեցւոյ հիւսիս-արեւմտեան պատին կից մատուռը եղած է մելիքներու տան դամբարանը:

Եկեղեցւոյ խաչկալին վրայ արձանագրուած է. «Որ ողորմի Քրիստոս Աստուած յիշատակ է խաչկալս պարոն Մէլիք Եկանիս եւ ծնողաց իմոց Մօսէս. Ղուկաս վարդապետին. մօրն իւր Շնօին եւ ծնողին իմ Մարիամին եւ եղբայրն իմ Արամին եւ քոյրն եմ Խանում. կողակիցն Խանում աղին. որդի Արամին, Ըսայուն, Պաղտամին, Օսէփին, Պաղրին, Առաքելին, Սափարին, Պաղումին, Վերտին, կողակիցն Գոզալին, դուստր Թավարին, Խանպաճին, Խաթայուն, եւ այլն եղելոց ողորմի ասէք. թիւն ՌՃԷ»:

***

Նատիր շահ սովորութիւն ունէր յաճախ մելիք Եգանի ճաշի հիւրը ըլլալու: Առածի կարգ անցած էր այն խօսքը, որ Մելիք Եգանի ճոխ սեղանին վրայ ամէն բարիք կարելի էր գտնել: Անգամ մըն ալ շահը, փորձելով ամչցնել իր հիւրընկալը, պատուիրեց ճաշի համար թարմ սունկ պատրաստել: Եղանակը ձմեռ էր եւ անտառներուն մէջ թարմ սունկ գտնել անկարելի էր: Մելիք Եգան յանձնառու եղաւ արքային փափաքը կատարելու: Ճաշի ժամանակ, երբ շահը պահանջեց ցանկացած կերակուրը, Եգան ըսաւ, որ մարդ ուղարկած է այն վայրը, ուր սունկ կ՛աճի, բայց իր յանձնակատարները տեսած են որ այդ տեղ ձիւնով ծածկուած է:

Այս պատասխանին վրայ շահը ծիծաղեցաւ եւ ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, որ ձմեռը սունկ չի բուսնիր, պարզապէս կ՛ուզէի փորձել քեզ` համոզուելու համար որ հնարամիտ ես ու պատրաստակամ, որովհետեւ երբ միւսներուն նոյնը հրամայեցի, ոչ ոք յանձն առաւ»:

Ապա մելիքի սպասւորները շահին առջեւ ոսկիներով լեցուն մատուցարան մը դրին: «Ես սունկ պատուիրած էի», ըսաւ շահը: «Մենք առանց սունկի ալ կրնանք կշտանալ», պատասխանեց մելիքը եւ աւելցուց. «Իսկ ձեր զինուորներուն ոսկի պէտք է թշնամիի հետ պատերազմելու համար»: Շահին շատ հաճելի թուեցաւ այս պատասխանը եւ ընդունեց ոսկիները:

Մելիք Եգանի կինը եղած է շատ համարձակ: Օր մը զայն ճաշկերոյթի հրաւիրած են շահին կանանոցը: Ան արքայական պալատին մէջ, հարճերուն հետ սեղան նստած է, բայց ուտելիքներուն ձեռք չէ դպցուցած: Անոր յիշեցուցած են որ արքայական խորտիկներէն հրաժարիլը վիրաւորական է շահին, բայց ան դարձեալ հրաժարած է` ըսելով որ հիմա քրիստոնեաներուն համար պահքի շրջան է եւ ինք չի կրնար ուտիք կերակուրներ բերանը դնել: Այս պատասխանը շատ մեծ տպաւորութիւն ձգած է շահին հարճերուն վրայ:

Culture – Artsakh – village – (Տող) Dogh

aztagdaily.com/archives/503994

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail