Նշմար.- Քանի՞ Յուշարձան Պէտք Է Փճացնեն… – Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ, Արցախէն նոր գոյժ մը կը հասնի հայաշխարհին – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նշմար.- Քանի՞ Յուշարձան Պէտք Է Փճացնեն…

Նշմար.- Քանի՞ Յուշարձան Պէտք Է Փճացնեն… – Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ, Արցախէն նոր գոյժ մը կը հասնի հայաշխարհին – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

05 ԱՊՐԻԼ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ, Արցախէն նոր գոյժ մը կը հասնի հայաշխարհին: Խօսքը միայն պատերազմի օրերուն նահատակուած զինուորներու աճիւններուն մասին չէ, այլ նաեւ՝ եկեղեցիներու, գերեզմաններու, մշակութային կոթողներու փճացման, հայութեան հետքերու ջնջումին մասին: Օր աւուր երկարող ցանկին դէմ, բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւնները… «մենք կ’ըսենք՝ մենք կը լսենք» առաւելաբար:

Այս բոլորը տեղի կ’ունենան ԻՐԱԿԱՆ աշխարհին մէջ, մեր ու տեսնել ուզողներո՛ւ աշխարհի աչքերուն առջեւ: Արցախի մեծ մասին կորուստը սգացող հայութիւնը, սուգ եւ մորմոք պատճառող՝ թրքաբարոյ նոր «պարգեւներ» կը ստանայ օրը օրին:

…Հայաստանի իշխանական վերնախաւը փաստօրէն ինքզինք խզած է այս իրականութիւններէն եւ կը փորձէ ստեղծել երեւակայական աշխարհ մը, հայ զանգուածներն ալ հաւաքագրել իր երեւակայածին փոխադրամիջոցին մէջ: Պէտք չունինք թուելու, որ 27 Սեպտեմբերին յաջորդող 44 օրերուն, ապա նաեւ յաջորդած 140 օրերուն, թուրք-ազերիական «սխրագործութիւնները» ինչպիսի ընթացք ստացած են ու նոր սպառնալիքներ կը կախեն մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գլխուն: Ասոնք իրականութիւններ են, վէճ ու… «կողմ» չեն ճանչնար: Սակայն անդին, ընտրապայքարի ելած վարչապետը, Անվտանգութեան խորհուրդի իր օգնականը, արտաքին գործոց նախարարը (կէս-բերան), «իմ-քայլական» երեսփոխաններ ու բազում խօսնակներ սկսած են նոր թափ ներարկել այն «փիլիսոփայութեան», թէ թուրքն ու ազերին պէտք չէ դիտել իբրեւ թշնամիներ, պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք անոնց հանդէպ մեր թշնամական կեցուածքը, կարծէք թէ Արցախը բռնադատողն ու նախայարձակը հայն էր, թէ՝ փոխադրամիջոցներու ապաշրջափակումը պիտի ըլլայ 9 Նոյեմբերի չնաշխարհիկ համաձայնագիրին նո՛յնքան չմնաշխարհիկ բարիքներէն մէկ (ահա թէ ինչո՛ւ մարդը գաղտնի պահած էր զայն, որպէսզի այսպիսի հաճելի անակնկալնե՜ր ընէր հայութեան…):

Պետական հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ շարունակուող ոճրային քանդումները փակ աչքերով դիտողները նո՛յնքան ամուր փակած են իրենց ականջները՝ թրքական ու ազերիական այն սպառնալիքներուն դիմաց, որոնք կ’ուղղուին Արցախէն մնացած պատառիկին, Սիւնիքին եւ այլ շրջաններու (Զանգեզուրը զէնքի ուժով գրաւելու Ալիեւի սպառնալիքը), որովհետեւ համոզուած են, որ եթէ թուրքին հետ բարեկամանաս, ան կը հրաժարի քեզ հալածելէ, Հայաստանն ու հայութիւնը իր համաթուրանական ծրագիրներուն թիրախ պահելէ (այսօր, աշխարհի մէջ իսկ համաթուրանականութեան վերականգնումը սարսուռներ կը տարածէ, իսկ մենք, անոր առաջին թիրախը…): Փակ աչքերու ու ականջներով, սակայն լայն բերանով կը քարոզեն, որ ազերիական քարիւղն ու թրքական արտադրութիւնները բարի՜ք պիտի բերեն Հայաստանին (չարհամարհեքն այն իրականութիւնը, որ իշխանութեան վերնախաւին ետին կանգնող եւ նման ծրագիրներ շահու աղբիւրի աչքով դիտողնե՛րն ալ հայ են…): Իսկ ո՜վ կարեւորութիւն կու տայ Արցախէն դէպի Գորիս նահատակներու աճիւնները փոխադրող ինքնաշարժին քարկոծումին պէս «մանրուքներու»…

***

Իւրաքանչիւր արեւածագի հասնող ԻՐԱԿԱՆ լուրերուն դիմաց, աւելի ու աւելի՛ ուժեղ կերպով կը հնչէ հարցումը. թուրքն ու ազերին (նաեւ անոնց Արցախ բերած ոճրագործ խմբակները) դեռ քանի՞ եկեղեցի, յուշարձան-կոթող եւ գերեզմանաքար-խաչքար պէտք է քանդեն-փճացնեն, որպէսզի ամբողջ հայութիւնը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ եւ ուժգնօրէն շարժի Արցախի վերատիրացման ուղղութեամբ: Գիտենք, որ այս իշխանութիւնը նման քայլ պիտի չառնէ. վկա՛յ՝ թուրք-ազերիին հետ ա՛յս պայմաններուն մէջ բարեկամութեան էջ բանալու անոր քարոզչութիւնը: Հայաստանէն, Արցախէն մինչեւ Սփիւռք, ո՞ր օրուան կը սպասենք, վերջ տալու ու հայութիւնը ստորնացնող, դէպի կործանում տանող «քայլ -ական- արշաւին», որպէսզի Երեւանի իշխանութեան ղեկին հաստատուին Հայաստանի ու հայութեան ազգային իրաւունքներուն, պահանջներուն նախանձախնդիր՝ կարող մարդիկ, որ քանդուածն ու կործանածը՝ իսկական, եւ ո՛չ թէ շինծու ու խաբեպատիր քայլերով վերականգնեն, ցարդ առաւելաբար մեր ներքին դաշտերուն մէջ հնչող ահազանգերը հասցնենք աշխարհին եւ նահանջի ենթարկենք թուրք-ազերի զինակցութեան ոճիրները:

«Պարտուած ենք. ի՞նչ կրնանք ընել» մտածողութիւնը վայել չէ ո՛չ Սարդարապատ, ո՛չ ալ արցախեան ազատամարտեր իրականացնողներու ժառանգորդներուս: Այդ իրագործումները կեղծք չէին, այլ իբրեւ իսկական յաղթանակ արձանագրուած են մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:

Ազերիական քանդումներուն դադարեցումը պարզապէս մեկնակէտն է արցախեան հողերուն վերատիրացման, անկէ անդին՝ մեզմէ խլուած բոլոր հողերուն պահանջատիրութեան կենսագործման, իսկ այսօրուան վայրէջքները «սպառման ժամկէտ»ով չեն պայմանաւորեր մեր իրաւունքները: Չսպասենք, որ Շուշիի եւ արցախեան այլ շրջաններու մէջ հայութեան մշակութային ԲՈԼՈՐ ժառանգութիւնները ոչնչանան, ինչպէս եղաւ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մեծագոյն բաժինին մէջ, նոյնը եղաւ Նախիջեւանի սահմանին, թուրքին գործակալները նոյն ձեռքերով հասան մինչեւ Տէր Զօր եւ Հալէպ, ինչպէս որ աւելի քան 40 տարի առաջ հասած էին Լիբանանի Պիքֆայայի բարձունքը եւ ականահարած՝ Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողը:

Հատ ու կտոր ուխտավայրեր հասնելու արտօնութիւնը շնորհ չէ, կարելի չէ բաւարարող պերճանք համարել: Կոթողին ու եկեղեցական կառյցին չափ ու անոնցմէ աւելի՝ հրամայական է զանոնք գրկող-կրող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂերուն վերադարձը՝ սեփականատիրոջ:

yerakouyn.com/2021/03/31/նշմար-քանի՞-յուշարձան-պէտք-է-փճացնեն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail