Նշմար – Թուրք-ազերին Թշնամի Չսեպելու «Գիւտ»-ը… – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
06 ԱՊՐԻԼ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Քանի մը օրէն, Ապրիլ 24 է, Ցեղասպանութեան 106-րդ տարեդարձը:
Մօտաւորապէս 2 շաբաթէ ի վեր, Հայաստանի իշխանութեան անդամ առաջատար դէմքեր հրապարակ կու գան Թուրքիոյ (եւ Ատրպէյճանի) հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու մտածումներով, թշնամութիւնը բարեկամութեամբ եւ գործակցութեամբ փոխարինելու «իմաստո՜ւն» գաղափարներով, բացայայտ դարձնելով, որ սա պատահական՝ բարի բաղձանք չէ, ո՛չ ալ բազկերակներ շօշափելու փորձաքար: Ամէն օր քիչ մը աւելի՛ բացայայտ կը դառնայ, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանաւորները կը փորձեն հիմնական «բարեփոխութեան» ենթարկել մեր դարաւոր եւ անհաշտ թշնամիին հետ յարաբերութեանց տրամաբանութիւնը, եւ ինչպէս որ ըրին Արցախի տագնապը հետապնդելու իրենց վարմունքով՝ «զրոյական կէտէ» վերսկսիլ թուրք-ազերիին հետ յարաբերութեանց նոր երթը: Անոնք իրենց աչքերն ու ականջները փակած են նոյնինքն Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն հնչող թշնամաքներուն դիմաց, կը փորձեն «Գայլի Աւետարան» կարդալ մեր՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան գլխուն: Իրարու ետեւէ կը հնչեն «թուրքը արդեօք թշնամի՞ է, փնտռենք թէ ինչո՞ւ թշմանի է», «մենք ո՛րքան թշմանի ըլլանք, իրենք աւելի՛ թշնամի կ’ըլլան», «պատմականօրէն թշնամի են, սակայն ժամանակն է որ շտկումերու ենթարկենք մեր վերաբերմունքը», ու տակաւին՝ «թշնամին՝ թշնամի է, սակայն եկէ՛ք, տնտեսական գործակցութիւն անոր չկապենք»ի պէս «հանճարաբանութիւններ»…:
***
Արցախի մէջ ազերիները բացայայտ ծրագիրով կը փճացնեն մեր եկեղեցիները, յուշակոթողները, շիրմաքարերը: Երեւանի ջոջերը կը պատասսխանեն՝ «թուրքը այլեւս թշնամիի աչքով չդիտենք»:
Արտաքին գործոց նախարարն ու Արցախի պետական պատասխանատուներ չեն վարանիր թշնամի հռչակել Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ միջազգային այլ ատեաններու կոչ կ’ընեն արգելք ըլլալու ազերիական աւերիչ քաղաքականութեան, մինչեւ իսկ արեւմտեան երկիրներու մէջ քաղաքական դէմքեր, մամուլը ահազանգ կը հնչեցնեն քաղաքակրթութիւն փճացնող թուրք-ազերիական քանդումներուն ի տես: Մեր իշխանաւորները արդեօք վրդովմո՞ւնք կ’ապրին նման բացայայտումներու ի լուր, վախնալով, որ նման արտայայտութիւններ կրնան վտանգել թուրքին հետ բարեկամանալու տրամադրութիւնները: (Արդեօք արտաքին գործոց նախարարը վաղը պաշտօնանկ պիտի ըլլա՞յ թուրքերն թշնամի կոչելու յանդգնութեան համար…):
Ատրպէյճան աղաղակող կերպով խաղաքարտի վերածած է պատերազմական գերիներու հարցը, մինչեւ իսկ կամայական կերպով երբեմն կը խափանէ նահատակներու աճիւններուն որոնման աշխատանքները: Երեւանի մարդիկը կը քարոզեն. «Թուրքին հետ կարելի է բարեկամութեան էջ բանալ»:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան քանի մը ամիսը անգամ մը միացեալ ռազմափորձեր կ’ընեն (արդեօք Հրատ մոլորա՞կը գրաւելու համար): 6 ամիս առաջ շղթայազերծուած պատերազմին, Արցախի դէմ ճակատ նետուած ոճրագործ ահաբեկիչները տակաւին կը մնան իրենց տեղը, զանոնք Արցախէն խլուած գօտիին մէջ բնակեցնելու ծրագիրներ կը հրապարակուին: Մերոնք կը պնդեն. «Թուրքերը մեր վրայ յարձակում պիտի չգործեն, եկէ՛ք, բարեկամանանք»:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բուռն քննադատութիւններ եւ լուտանքներ կ’արձակեն հայութեան շահերուն ամէնէն ուժեղ պաշտպաններէն՝ Արման Թաթոյեանի (Մարդու իրաւունքներու պաշտպան գրասենեակին գլխաւոր պաշտօնատարը, որ ընդհանրապէս միայնակ խաչակրութիւն կը մղէ թուրք-ազերիներուն դէմ): Երեւանի «քաղաքագէտները» ընդհանրապէս աչք կը փակեն (երբեմն ծայրէն-պոչէն կը խայթեն ալ զայն), յայտնապէս չեն ուզեր նեղացնել թուրքն ու ազերին, փորձելով մեզ համոզել, որ ասոնք… բարեկամութեան գետին պատրաստող քայլեր են:
Թուրքիայէն՝ հիմա շատ աւելի յստակ կը հնչեն այն պատգամները, թէ հայկական կողմը պէտք է մոռնայ Ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանքով մեր անհատոյց իրաւունքները: «Իմքայլականներ»ը թուրքին եւ ազերիին հետ բարեկամութեան ջատագով դարձած են: (Արդեօք շատերուն համար հաճելի՞ է «ուսապարկ» նկատուելու նուաստացումը):
Զանգեզուրը գրաւելու, Մեղրիի վրայով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին եւ անկէ՝ Թուրքիոյ միացնելու, եւ անշուշտ՝ Թուրքիան Կասպից ծովուն ու անոր վրայով կեդրոնական ասիական երկիրներուն կամրջելու ծրագիրը աւելի յաճախակի կերպով կը հնչէ սպառնալիքներով: «Ականջ մի՜ կախէք. թուրքն ու ազերին մեր բարեկամները պիտի ըլլան», կը համոզեն իշխանաւորները:
Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ մեծ ներդրումներ պիտի կատարէ Արցախի վերակառուցման եւ բարգաւաճման ի խնդիր: Արդեօք մերոնք հաւատացա՞ծ են, որ այդ ծրագիրները պիտի հասնին նաեւ Ստեփանակերտ ու Ասկերան-Մարտակերտ, եւ նման երազներու վրայ կը կառուցեն Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն մշակելու ծրագիրները: Ի դէպ, չգիտցողները պէտք է գիտնան, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի այդ ծրագիրները հայապատկան՝ մեզմէ խլուած հողերուն վրայ պիտի իրականանան, այլապէս «խեղդելու համար» հայութեան ձեռքին մնացած արցախեան պատառիկը…
Թուրքիոյ համաթուրանական ծրագիրները նկատի ունին ո՛չ միայն Մեղրին ու Զանգեզուրը, այլ հեռահասօրէն կը միտին նուաճել Հայաստանէն շա՜տ անդին տարածուող գօտիներ: Բայց… մեզի ի՜նչ, եթէ թուրքերը Ուքրայինայի մէջ կամ այլուր կը գործեն Ռուսիոյ շահերուն դէմ, կամ՝ Էրտողանի քաջալերանքը վայելող «Գորշ գայլեր»ը Ֆրանսայի մէջ յարձակում կը գործեն քիւրտերու վրայ, այնպէս՝ ինչպէս հակահայ արարքներու դիմեցին ամիսներ առաջ, արցախեան վերջին պատերազմի օրերուն, երբ Ֆրանսայի մէջ (եւ այլուր) հայութիւնը ոտքի կանգնած էր թուրք-ազերիական յարձակումը դատապարտող ցոյցերով: «Ատանկ բաներ մոռցէ՜ք, թուրքին եւ ազերիին հետ բարեկամութեան պատրաստուեցէ՛ք», կ’ըսեն «դուխով քալողները»:
***
Շարունակե՞նք. —————–: «Թուրքը բարեկամ սեպենք»: ———————-: «Թուրքին նկատմամբ թշնամական մեր սխալ մօտեցումը շտկումի ենթարկենք»: ————-, ——————: «Թուրքերը եւ ազերիները բարեկամ…»:
Նման «բարի տրամադրութիւններ» ունեցողն ու անոնցմով ամբողջ հայութիւնը վարակելու ելած «իմքայլական» «դիւանագէտները» բնականաբար վաղը փորձեն մեզ համոզել, թէ պէտք է «պատմագէտներու թողուլ» Ցեղասպանութեան ստուգումն ու հետեւանքներու (եթէ կան) դարմանումը: Իսկ Տէր Զօրն ու անոր յիշատակը հնչեցնող Յուշակոթո՞ղը, անոր քանդո՞ւմը՝ թուրքին գործակալ ոճրային խմբակներու կողմէ: «Բայց անոնք ի՜նչ կ’արժեն: Երբ հիմա բարեկամութեան եւ գործակցութեան էջը պիտի բանանք՝ կարելի՞ է զբաղիլ նման մանրուքներով»:
Վաղը, նոյն մարդիկը ա՛յս «ոգիով» ու «տրամաբանութեամբ» խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կազմակերպեն եւ թեկնածու պիտի ներկայանան: Ո՞վ եւ ի՞նչ տրամաբանութեամբ քուէ պիտի տայ անոնց ցանկին… Ի՞նչ ընելու համար կ’ուզեն վերարտադրուիլ:
…Մեր նահատակները քանի՞ անգամ պէտք է նահատակուին (այսօր մեռելոց յիշատակի տօնն է…):
yerakouyn.com/2021/04/06/նշմար-թուրք-ազերին-թշնամի-չսեպելու-գ/