Թուրքիոյ Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ` Ռուսիոյ Հետ «Նկատառելի» Գործարքի Եւ Պաշտպանութեան Ու Տեղեկահաւաքի Ոլորտներուն Մէջ Յարաբերութիւններու Պատճառով
07 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան ճարտարարուեստներու նախագահութիւնն (ՊՃՆ) ու անոր մէջ գործող չորս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներառեալ ատոր նախագահ Իսմայիլ Տեմիրը, պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուին Ամերիկայի Հակառակորդներուն պատժամիջոցներու հռչակագիրին միջոցով դիմակայելու (Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ.) օրէնքի հիմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը:
Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան ճարտարարուեստներու նախագահութեան (ՊՃՆ) եւ չորս աւագ պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին ռուսական պաշտպանական եւ տեղեկահաւաքի մարզին հետ «կապերու» պատճառով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ազդին համաձայն, այսօր այս առնչութեամբ պաշտօնական փաստաթուղթ մը պիտի հրապարակուի:
«Արտաքին գործոց նախարարը… ընտրած է որոշ պատժամիջոցներ, որոնք պիտի հաստատուին ՊՃՆ-ի եւ ՊՃՆ-ի նախագահ Իսմայիլ Տեմիրի, ՊՃՆ-ի փոխնախագահ Ֆարուք Եիկիթի, ՊՃՆ-ի հակաօդային պաշտպանութեան եւ տիեզերքի բաժանմունքի ղեկավար Սերհաթ Կենճօղլուի եւ ՊՃՆ-ի Շրջանային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տնօրէնութեան ծրագիրի ղեկավար Մուսթաֆա Ալփեր Տենիզի դէմ, «Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ.»-ի հիմամբ», նշուած է ազդին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հաստատեց, որ ՊՃՆ-ն «գիտակցաբար նկատառելի գործարքի մէջ մտած է անձի մը հետ, որ մաս կը կազմէ կամ կը գործէ յանուն Ռուսիոյ կառավարութեան պաշտպանութեան կամ տեղեկահաւաքի մարզերուն»:
«Սփութնիք» կը նշէ, որ ՊՃՆ-ն քաղաքային հաստատութիւն մըն է, որ հիմնուած է թրքական կառավարութեան կողմէ, եւ անոր նպատակը երկրին պաշտպանական ճարտարարուեստն ու զինուորական ճարտարագիտական մատակարարումները կառավարելն է:
aztagdaily.com/archives/504698