Կիրօ Մանոյեան. «9 Նոյեմբերէն Ետք Այս Իշխանութիւններուն Լուրջ Վերաբերող Պետութիւն Չկայ»
07 ԱՊՐԻԼ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
6 ապրիլ 2021-ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Փաստարկ» ակումբին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ պատերազմի առաջին օրերէն մինչեւ վերջ, նաեւ` 9 նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք Հայաստանի այս իշխանութիւններուն նկատմամբ ոչ մէկ պետութիւն լուրջ վերաբերում կը ցուցաբերէ, որովհետեւ երբ իշխանութիւնը կը յայտարարէ, որ շրջանին մէջ որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուած են, եւ իրենք պէտք է Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութիւններուն մէջ ուղղումներ կատարեն, պարզ է, որ ուրիշներ ալ ըսեն` կատարեցէ՛ք ձեր փոփոխութիւնները, անկէ ետք կը խօսինք ձեզի հետ: Ըստ անոր, կացութիւնը այնպէս չէ, որ շրջանին մէջ որոշողը Հայաստանն է, բայց արդէն տեսանելի է, որ շրջանին մէջ փոփոխութիւնները տեղի կ՛ունենան ի հաշիւ Հայաստանի շահերուն: Ըստ Մանոյեանի, այսօրուան իշխանութիւնները, որոնք պատերազմը պարտուած են, պէտք չէ թշնամիին հետ խօսելու յաւակնութիւն ունենան, բայց եւ այնպէս շատ մեծ յաւակնութիւններ ունին:
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին, Հայաստան այսօր կարիք ունի այնպիսի իշխանութեան, որ կարենայ երկիրը ներկայացնել ե՛ւ դրացիներուն, ե՛ւ միջազգային հանրութեան մօտ: «Ներկայ պայմաններուն մէջ այս իշխանութեամբ մեր երկիրը այլեւս դերակատար չէ շրջանին մէջ», նշեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ այլեւս անցեալի՞ն կը պատկանին բանակցութիւնները Մինսքի խմբակին հետ` Մատրիտեան սկզբունքներու ձեւաչափով, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ եթէ նայինք ի՛նչ կ՛ըսեն Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, այդ բոլորը այլեւս անցեալ են: «Բայց, եթէ նայինք, թէ երեք պետութիւնները` Ռուսիան, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները ինչ կ՛ըսեն, ո՛չ, անցեալ չէ:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի միւս անդամներուն հետ եւս լուրջ աշխատանք կայ: «Ապահովութեան խորհուրդը պատերազմի ընթացքին երկու անգամ դռնփակ քննարկեց Արցախի հարցը, եւ երկրորդ անգամ կ՛ակնկալուէր, որ ինչ որ յայտարարութեամբ հանդէս կու գան, առնուազն` նախագահութեան անունով, բայց ատիկա ալ տեղի չունեցաւ: Արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ ատիկա տեղի ունեցաւ Անգլիոյ վեթոյին պատճառով: Այսինքն` անհրաժեշտ է, որ այդ պետութիւններուն հետ ալ աշխատանք տարուի: Որովհետեւ պէտք չէ մոռնանք, որ ԵԱՀԿ-ն այս հարցի լուծման լիազօրութիւնը տուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` Ազրպէյճանի կողմէ շատ սիրելի 1993-ի բանաձեւով: Բանակցութիւններու տեղ կայ, այնպէս չէ, որ ամէն ինչ վերջացած է: Բայց այս իշխանութիւնները ատիկա չեն կրնար ընել», դիտել տուաւ Մանոյեան:
Ան հաստատեց, որ ինք կը ներկայացնէ քաղաքական ուժ մը, որ պատմութեան ընթացքին նման փորձառութիւն ունեցած է: «Խօսքը կը վերաբերի 1920-ի հոկտեմբեր-նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն, երբ օրուան իշխանութիւնը լաւագոյն լուծում նկատեց իշխանութենէն իր հեռանալը` կարելիութիւն տալով այլ ուժերու», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
aztag