Էրտողան Զօրակցած Է Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան

Genocide of Armenians committed by Ottoman Empire – Today the Turkish government

Էրտողան Զօրակցած Է Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան

12 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Անգարա Պատրաստ Է Քիեւին Ամէն Աջակցութիւն Տրամադրելու.

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան զօրակցութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Պոլսոյ մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումի աւարտին որդեգրուած միացեալ հռչակագիրին մէջ:

Երկու երկիրներու նախագահները զօրակցութիւն յայտնած են Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հեռանկարին, մասնաւորաբար Ուքրանիոյ «մօտիկ ապագային անդամակցութեան վերաբերեալ գործողութիւններու ծրագիր ստանալու մտադրութեան»: Կողմերը ընդգծած են նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամներու զինեալ ուժերուն հետ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն համատեղելիութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն կարեւորութիւնը:

Հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ վերահաստատուած է աջակցութիւնը Սեւծովեան շրջանին մէջ համագործակցութեան` երկկողմանի եւ բազմակողմանի մեքանիզմներու, ներառեալ ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման նպատակով:

Պոլսոյ մէջ Էրտողանի եւ Զելենսքիի հանդիպումը շուրջ չորս ժամ տեւած է:

Միւս կողմէ, ռուսական «Քորրեսփոնտենթ»-ը կը հաղորդէ, որ թրքական «Պայրաքթար Թի.Պի.2» հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը առաջին անգամ ըլլալով թռիչք կատարած են Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն վերեւ: Անոնք նկատուած են Ուքրանիոյ հարաւային շրջանի երկինքին մէջ` անցնելով Խերսոնի, Տնեփրոփեթրովսքի եւ Փարքովի մարզերու օդային տարածքէն: Ապա անոնք վերադարձած են թռիչքի մեկնարկային կէտ: Անօդաչու թռչող սարքերուն թռիչքի նպատակը յայտնի չէ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ մարտի վերջաւորութեան այդ սարքերը գործարկուած են Սեւ ծովուն մէջ` Թենտրա ծոցի շրջանին մէջ, ուր Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը ռազմափորձեր կ՛ընեն:

«Պայրաքթար» արտադրող ընկերութենէն շաբաթ օր յայտնած էին, որ Ուքրանիան արդէն իսկ ձեռք բերած է «Պայրաքթար» հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Էրտողան յայտնած է, որ «Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ զինուորական գործակցութիւնը երրորդ երկրի դէմ ուղղուած չէ»` աւելցնելով, որ Անգարան «պատրաստ է պէտք եղած ամէն աջակցութիւն տրամադրելու»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ոչ ոք պիտի ընդունի Ուքրանիոյ հետ պատերազմի ծագումը` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ իր երկիրը ձեռնածալ պիտի չմնայ հարաւարեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսախօսներու ճակատագիրին նկատմամբ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին յայտնեց. «Գոյութիւն ունին Ռուսիոյ հետ համաձայնութեան գոյացման մարզեր, ինչպէս ՍԹԱՐԹ համաձայնութեան երկարաձգումը, սակայն եթէ Ռուսիան յարձակողական վարմունք ունենայ, ապա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յստակօրէն նշեց, որ ատիկա հետեւանք պիտի ունենայ»:

Aztagdaily.com/archives/505298

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail