«Պայտընի Վարչակազմին Հետ Քննարկեցինք «Էս-400»-ի Շուրջ Տարակարծութիւնը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Դեսպանը
12 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Համաս Մուրատ Մարճան յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին հետ քննարկած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգերու գնման շուրջ երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութեան հարցը` նշելով. «Երկու երկիրներու պաշտօնատարները այս հարցը քննարկեցին հանդիպումներու ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան Պայտընի իշխանութիւնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք, սակայն հարցը տակաւին չէ աւարտած»:
«Սխալ է ըսել, թէ երկու երկիրները հարցին նկատմամբ իրենց վերջնական կեցուածքը որդեգրած են», նշեց ան` շեշտելով. «Պէտք է արգելք հանդիսանալ, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ գոյութիւն ունեցող ներկայ տարակարծութիւնները թունաւորեն անոնց միջեւ գործակցութեան ոլորտները»:
aztagdaily.com/archives/505303