Փութին Էրտողանին Ներկայացուց Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներուն Հետ Իր Շփումներուն Արդիւնքները

Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922

Փութին Էրտողանին Ներկայացուց Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներուն Հետ Իր Շփումներուն Արդիւնքները

12 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ իր թուրք գործընկերոջ հետ, անոր ներկայացրելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ իր վերջին շփումներուն արդիւնքները:

Ըստ Քրեմլինի հաղորդագրութեան՝ Էրտողան բարձր գնահատեց Փութինի քայլերը` Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ:

«Շեշտուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրական ենթակառուցներու վերականգման ուղղութեամբ աշխատանքները աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հակամարտութիւններուն, նաեւ Ուքրանիոյ իրավիճակին: Փութին պնդեց, Քիեւ «վտանգաւոր սադրանքներու կը դիմէ»:

Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922

asbarez.com/arm/387574/փութին-էրտողանին-ներկայացուց-հայաստ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail