Լաւրով. «Ռուսիան Թուրքիան Կը Զգուշացնէ Չսնել Ուքրանիոյ Ռազմատենչ Տրամադրութիւնները»
13 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիան Թուրքիոյ եւ միւս երկիրներուն կը զգուշացնէ չսնել Ուքրանիոյ ռազմատենչ տրամադրութիւնները: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Անոր համաձայն, Քիեւի վարչակարգը կրնայ անխոհեմ գործողութիւններու դիմել, եւ ատիկա կրնայ վատ աւարտ ունենալ:
«Միացեալ Նահանգներու նաւերու անցումը Սեւ ծով կ՛ուղեկցուի յարձակողական հռետորաբանութեամբ, Մոսկուան չի հասկնար, թէ ճիշդ ինչ նպատակներ կը հետապնդէ Ուաշինկթընը Ուքրանիոյ մէջ», ըսած է ան:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 10 ապրիլին բանակցած էր Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ, որ Պոլիս կ՛այցելէր: Թուրքիա զօրակցած է Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հեռանկարին, մասնաւորաբար, «մօտ օրէն անդամակցութեան վերաբերեալ գործողութիւններու ծրագիր ստանալուն»:
Բացի ատկէ, Էրտողան յայտարարած է, որ կ՛աջակցի «Խրիմի հարթակին», Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան: Անոր համաձայն, Անգարայի սկզբունքային դիրքորոշումը Խրիմի «բռնակցումը» չճանչնալն է:
aztagdaily.com/archives/505441