Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Կիպրոսի Հայոց Մակարայ Վանքին Մէջ Թուրքերուն Կողմէ Կատարուած Հակակրօնական Դէպքը

Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Կիպրոսի Հայոց Մակարայ Վանքին Մէջ Թուրքերուն Կողմէ Կատարուած Հակակրօնական Դէպքը

13 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Վերջերս թուրք երիտասարդներու կողմէ երաժշտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է հայոց Մակարայ վանքի շրջափակին մէջ, որ կը գտնուի Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած բաժնին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդած է կրօնական վայրին ոչ վայել խնճոյք:

Յիշեալ դէպքը ընդվզումի ու դատապարտութեան ալիք մը յառաջացուցած է Կիպրոսի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի թրքական բաժինի միւֆթին, յունաց պատրիարքարանը, ինչպէս նաեւ Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, Եւրոպայի դատարանին մօտ Կիպրոսի ներկայացուցիչը, Կիպրոսի պետութեան համայնքներու հետ կապի պատասխանատուն, կիպրահայոց պետական ներկայացուցիչը եւ այլ պատասխանատուներ դատապարտած են կրօնական սրբավայրի մը դէմ եղած այս գրգռիչ արարքը եւ բողոքագիր յղած են Եւրոպական խորհրդարանին ու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան:

Կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը այս ուղղութեամբ: Վեհափառը թելադրեց, որ իր կողմէ դատապարտէ այս անընդունելի երեւոյթը եւ շարունակէ մօտէն հետեւիլ Մակարայ վանքին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:

Յայտնենք, որ 2019-ի յունիսին վեհափառ հայրապետը անպաշտօն կերպով Խորէն սրբազանին ու պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին հետ այցելած էր Մակարայ վանք եւ մօտէն տեղեակ դարձած պատմական նշանակութիւն ունեցող վանքին պարզած ներկայ վիճակին եւ զայն վերանորոգելու ու անոր անվտանգութիւնը ապահովելու գծով տարուող աշխատանքներուն:

aztagdaily.com/archives/505428

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail