Թուրքիա Արցախի Պատերազմին Նաեւ Անչափահաս Վարձկաններ Տրամադրած Է Պաքուին
13 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող սուրիական խմբաւորումները անչափահաս զինեալներ կը զինուորագրեն եւ կ՛ուղարկեն Լիպիա եւ Ատրպէյճան՝ Թուրքիոյ դաշնակից ուժերուն կողքին կռուելու համար, հաղորդեց «Ահվալ» կայքը՝ յղում կատարելով քրտամէտ «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան:
Գործակալութիւնը տուեալներ ստացած է Ֆաժր Մաալիքի անունով սուրիացի նախկին վարձկանէ մը: Ան 13 տարեկանին անդամագրուած է Թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ գտնուող Սուրիական ազատ բանակին, որ այժմ կը կոչուի Սուրիական ազգային բանակ:
«Որովհետեւ Թուրքիա սկսած էր Սուրիական ազատ բանակին մէջ աւելի շատ տղամարդիկ հաւաքագրել Աֆրինի գործողութեան համար, ան նաեւ սկսած էր աւելի շատ անչափահասներ զինուորագրել, եւ այդ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Այժմ Սուրիական ազգային բանակի խմբաւորումներուն մէջ շատ անչափահասներ կան», ըսաւ Մաալիքի:
Գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ «Սուրիացիներ՝ յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Մարտ 2020ին հրապարակած զեկուցումին մէջ կայ պնդում մը, ըստ որուն, Թուրքիա զինուորագրած է մանկահասակ զինուորներ՝ զանոնք Լիպիա ուղարկելու համար:
«Պէտք է յստակ ըլլայ, որ երբ Թուրքիա Սուրիական ազգային բանակի խմբաւորումներ ուղարկեց Ատրպէյճան (ատրպէյճանական ուժերուն աջակցելու համար Արցախի վրայ Սեպտեմբերին սկսած յարձակումին ընթացքին), անոնց մէջ նոյնպէս պատանիներ կային: Սուրիական ազգային բանակի անդամները պարզապէս վարձկաններ են Թուրքիոյ համար: Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մեզ ուղարկած է Լիպիա, Ատրպէյճան: Երիտասարդ սերունդը՝ անոնք, որոնք երբ պատերազմը սկսաւ տակաւին մանուկներ էին, կը կարծեմ, որ պիտի մնան Թուրքիոյ ստրուկները», ըսաւ Մաալիքի:
ASbarez.com/arm/387635/թուրքիա-արցախի-պատերազմին-նաեւ-անչափ/