«Թրքական Պատուիրակութիւնը Մայիսի Սկիզբը Պիտի Այցելէ Եգիպտոս» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
16 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ թրքական պատուիրակութիւն մը մայիսի սկիզբը պիտի այցելէ Եգիպտոս` ընդառաջելով եգիպտական կողմի հրաւէրին:
Ան մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ երկու երկիրներուն միջեւ կը սկսի նոր փուլ մը, եւ յառաջիկայ փուլին կրնան փոխադարձ այցելութիւններ կատարուիլ:
«Նախատեսուած է արտաքին գործոց նախարարներու օգնականներու մակարդակով ժողով մը, որուն թուականի ճշդման աշխատանքը ընթացքի մէջ է», ըսած էր ան:
aztagdaily.com/archives/506027