Չաւուշօղլու. «Ուքրանիոյ Տագնապին Մէջ Որեւէ Կողմի Չենք Աջակցիր»
16 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը ուքրանական տագնապին մէջ որեւէ կողմի չ՛աջակցիր, «եւ լաւ յարաբերութիւններ ունինք թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ուքրանիոյ հետ»:
Ան կոչ ուղղեց ճգնաժամը լուծելու խաղաղ ու դիւանագիտութեան ճամբով, «եւ իւրաքանչիւր երկրի հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք չէ ազդեն մնացեալ երկիրներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն վրայ»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 10 ապրիլին իր ուքրանացի պաշտօնակից Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարան պատրաստ է արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ տագնապը Մինսքի համաձայնագիրներուն հիմամբ լուծելու համար «հարկ եղած աջակցութիւնը» տրամադրելու:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական Միութեան հարցերու պատասխանատու Քլեման Պոն յայտնեց, որ ինք Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան լուրջ հեռանկար չի տեսներ:
«Ուքրանիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները կրնան լաւ ըլլալ, եւ կրնանք զօրակցիլ Ուքրանիոյ, եւ այս է, որ կ՛ընենք Ռուսիոյ հետ ներկայ դժուար կացութեան մէջ, սակայն ատիկա անդամակցութիւն չի նշանակեր», նշեց Պոն:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քոլիպա նշեց, որ Մոսկուան հրապարակաւ կը սպառնայ քանդել Ուքրանիան: «Անոնք հրապարակաւ Ուքրանիոյ կը սպառնան պատերազմով եւ ուքրանական պետութեան քանդումով»:
«Միացեալ Նահանգներ Ջնջած Են
Մարտանաւերու Սեւ Ծով Ուղարկումը»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ ջնջած են իրենց մարտանաւերուն Սեւ ծով ուղարկումը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը:
«Միացեալ Նահանգներ մեզի բանաւոր յայտնած են, որ նաւերու անցումը չեղեալ յայտարարուած է: Այնուամենայնիւ, եթէ անոնք իրենց միտքը փոխեն, անոր տակաւին երեք օր ունին նախորդ ծանուցումը օգտագործելու եւ նաւերը ուղարկելու համար. ծանուցումը տակաւին ուժի մէջ պիտի ըլլայ: Եթէ մարտանաւերը երեք օրուան ընթացքին չանցնին, ապա անոնք դարձեալ պէտք է ծանուցում կատարեն նախատեսուող անցումէն 15 օր առաջ», յայտարարած է Չաւուշօղլու:
Անոր համաձայն, վերջերս Միացեալ Նահանգները 14 ծանուցում ուղարկած են Սեւ ծով` իր մարտանաւերուն անցման մասին, անոնցմէ հինգը հետագային չեղեալ յայտարարուած է:
Նշենք, որ նախապէս հաղորդուած էր, որ Ուաշինկթըն Անգարային ծանուցած է, որ այս շաբաթ ամերիկեան երկու մարտանաւ Պոսֆորի նեղուցին ճամբով պիտի անցնի Սեւ ծով:
aztagdaily.com/archives/506018