Այն ո՞ր աստիճան գետնին տակը հասած ենք որ հայ անհատներու չախչախիչ մեծամասնութիւնը սփիւռս աշխարհի իր մուրացկանութեան դրսեւորումները

ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԼԵՌՆԵՐԸ – «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

17 ԱՊՐԻԼ 2021 – Մտքի զարթօնք պէտք է…

Այն ո՞ր աստիճան գետնին տակը հասած ենք որ հայ անհատներու չախչախիչ մեծամասնութիւնը սփիւռս աշխարհի իր մուրացկանութեան դրսեւորումները կը շարունակեն սպասելով ասկէ անկէ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այն դարձուցած են առօրեայ քաղաքականութիւն իրեն հետեւող իր նիւթական բարոյական եւ ֆիզիքական ջանքերով:

Մի մուրաք ճանաչում: Աշխատէ՛ք այնպէս որ ինքնաբերաբար այդ ամբողջ կեղծաւորները ծնկի գան ու ճանչնան:

Մի թէ՞ օրը չէ հասած այլեւս ինքզինք հարցնելու ու մտածելու այդ ներուժի ճիշդ տեղը ու ձեւը օգտագործելուն: Մի թէ՞ վերջին 10 ամեակները մեզի դաս չեն եղած:

Նոյնը կը պատահի ռազմական առումով, մինչեւ այն ատեն որ Հայ ժողովուրդին մտքին մէջ 1g ստրկութիւն կայ, ստրուկ ալ պիտի մնանք ու ապրինք, ու տեսնենք ինչ որ տեսանք՝ մեր տուն հայրենիքի հետ արգ ու վաճառքները օտարներու կողմէ ու մենք ըլլանք տոմս վճառած անզօր հանդիսատէսներ այդ անիծելի խաղերուն:

Մտքի զարթօնք պէտք է…

Ասպետ Հարմանտայեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

www.facebook.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail