Պատմութիւն Հայոց – Բարձրագոյն Դասարաններու համար – Սկիզբէն մինչեւ Քրիստոնէութեան մուտքը

ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԼԵՌՆԵՐԸ – «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Պատմութիւն Հայոց – Բարձրագոյն Դասարաններու համար
Սկիզբէն մինչեւ Քրիստոնէութեան մուտքը – Գ – Տպագրութիւն
Հ Վահան Յովհաննէսեան – ՎԵՆԵՏԻԿ – Ս – ՂԱԶԱՐ –
ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 24 ԱՊՐԻԼ 1985

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Ձեզի համար է, հայ պատանի եւ օրիորդիկ, Հայոց պատմութեան այս նոր շարքը:

Այժմ խելահաս էք, կը ճանչնաք ձեր բնակած քաղաքը, երկիրը, գիտէք թէ կայ աշխարհ մը՝ որուն վրայ մարդիկ կը բնակին կազմելով ազգեր եւ ցեղեր, սիրելով այն հողն ու երկիրը՝ որ իրենց հայրերէն սրբազան ժառանգութիւն ստացած են:

Դուք ալ ունիք այս աշխարհիս վրայ պատառիկ մը հող՝ որ դարերէ ի վեր ՀԱՅԱՍՏԱՆ կը կոչուի եւ դուք՝ անոր սիրելի զաւակները, ՀԱՅ կը կոչուիք:

Հայոց պատմութեան այս նոր շարքը ձեզ պիտի առաջնորդէ մեր հրաշալի պատմութեան ճամբաներէն, հազարաւոր դարերէ սկսեալ:
Պիտի սորվիք մեր քաջ եւ հանճարեղ հայրերուն գործերը, որպէսի ձեր կեանքը անոնց վրայ կաղապարելով ըլլաք հոքեպէս արժանաւոր ժառանքներ ու պահակներ հայրենի սրբութիւններուն:

Ամէն մարդ իր ազգն ունի, իր լեզուն եւ կրօնը, երեք սիւներ՝ որոնց վրայ կը բարձրանայ հայրենիքի փառաւոր շէնքը:
Դուք ալ, հայ պատանի եւ օրիորդիկ, կը պատկանիք հայ ազգին, ձեր երեկներուն մէջ կայ Վարդանի, Ս Մեսրոպի ազնուական արիւնը, որ սրտէ սիրտ, հոգիէ հոգի դարերով կը հոսի:

Հպարտ եղէք մեր սիրելի հայրենիքով եւ հայ անունով՝ զոր աւանդած են մեր հայրերը իրենց սուրբ արիւնը տալով, ու չեն կրցած ջնջել զանոնք ո՛չ բարբարոսները, ո՛չ աեիւնի ծովեր, ո՛չ բիրտ ուժը, ինչպէս կարելի չէ խորտակել յաւերժական Արարատը եւ ոչ ալ արեւո մարել մեր երկինքի վրայէն:

Ածու փոքր ենք, ըսած է մեր մեծ պատմաբան Մովսէս Խորենացին, փոքրիկ պարտեզ մ՝է մեր երկիրը, ուր բուսած են դարերու մէջ մարդկային ամենագեղեցիկ ծաղիկները, դիւզազներ, թագաւորներ, գիտնականներ, մարտիրոսներ եւ շուշանափայլ կոյսեր:

Մենք փոքր եւ կենսունակ ժողովուրդ մ՝եղած ենք, խըմբուած Մասիսի ոսկեղէն ծիրանիին տակ, ու պայքար,միշտ պայքար մղած ենք սահմանակից հզօր ազգերու դէմ, որոնք լայննալով հսկայ ծարերու պէս, միշտ փուշ պտղաբերած են եւ ուզած են խեղդել իրենց թանձր ստուերին տակ այս փոքր ածուին անմահական ծաղիկները:

Բայց դարերու փոթորիկները եկան եւ տապալեցին այդ անօգուտ հսկաները եւ անոնց անունը մամռապատ գերեզմանները միայն կը պահեն – մինչ փոքր ածուն տակաւին գեղեցիկ ծաղիկներով նոր գարուններ կ՝ոջունէ, որոնցմէ դուք ալ էք, Հայ պատանի եւ օրիորդիկ:

Մեր պատմութիւնը անհուն դարերէ եկած հասած է ձեզի, ուր որ ալ գտնուիք, օտար թէ հայրենի աշխարհի մէջ, այս հատորները ձեզի պիտի պատմեն գեղեցիկ անցեալ մը, պիտի խօսին ձեր սրտին մտերիմ եւ սիրելի ձայնով մը, որպէսզի դուք ալ ծլիք հայրենիքի տաք արեւին տակ՝ այս փոքր ածուին գեղեցիկ ծաղիկները ըլլալու:

Գիտեք որ ամէն մեկս պարտականութիւններ ունինք հայրենիքի հանդէպ, զայն սիրելու, պաշտպանելու դւ անով ապրելու: Դուք ալ այս հայրենի տան մէկ մէկ թոքրիկ աղիւսներ էք, ձեզմով պէտք է միշտ դեպի վեր բարձրանայ հայութեան տաճարը, հաստատուն ըլլայ, անխորտակելի՝ իր քրիստոնէական հաւատքով, լուսաւոր՝ իր մտաւորական երկինքով եւ երջանիկ՝ իր առաքինի զաւակներով:

Այս պատմութեան մէջ պիտի գտնէք ձեր սիրտն ու միտքը դաստիարակող շատ մը էջէր, դիւցազներու քով սեւերես մատնիչներ – հետեւեցէ՛ք քաջերուն եւ հեռացէ՛ք վատերէն:

Դիւրին եւ հաճելի լեզու գործածուած է, լի ձեր մանկական երեւակայութիւնը խանդավառող պատկերներով: Մեր նպատակը եղած է ո՛չ միայն սորվեցնել հայ ազգի պատմութիւնը, այլ ձեր սրտին մէջ փոքրիկ խորան մը շինել հայրենիքի համար, որպէսզի քաջալերուած գեղեցիկ անցեալով՝ հաւատք ունենաք փառաւոր ապագայի վրայ:

Վստահ եմ թէ խանդավառութեամբ պիտի սորվիք մեր սիրելի ազգին պատմութիւնը, որ ձեր իւրաքանչիւրիդ ընտանեկան պատմութիւնն է: Նոր հորիզոններ պիտի բացուին ձեր առջեւը քրիստոնէական հաւատքի անշեջ լոյսով ողողուն, պիտի տեսնէք յեր աչքերուն դիմաց հայկական անյաղդ խաչը՝ որ դրօշն եղաւ մեր ամբողջ պատերազմերուն, որ ընկերն եղաւ ձեր ծնողներուն աքսորի ճամբաներուն վրայ եւ վերջին մխիթարութիւնը՝ ինկող նահատակներուն: Ձեզի ալ առաջնորդ պիտի ըլլայ նոյն խաչը, նոյն հայրենիքը՝ ո՛ր աստղերուն տակ ալ գտնուիք, որպէսզի փոքրիկ ածուն ըլլայ մեծ ու գեղեցիկ պարտեզ մը Արարատի երջանիկ հովանիին տակ:

ՓԱ՛ՌՔ ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ ՑԵՂԻՆ

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ – Գ: ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Հայոց Պատմութեան Դ- հատորին Բ- տպագրութեանն ալ սպառեցաւ, հադկ եղաւ Գ- տպագրութեան ձեռք զարնել: Պեղումներով եւ պատմական նոր տուալներով հարըստացաւ մեր պատմութիւնը, կարծես թէ մեզի հետ հին դարերն ալ կը քալեն եւ հողին տակ թաղուած անուններ եւ անցքեր լոյսին կուգան:

Երեբունին եւ Կարմիր Բլուրը շատ բան ունին մեզ ըսելիք հին Ուրարտացիներու մասին: Անոնց զարգացումն, առեւտրական ոյժը, ճարտարարուեստն ու զինուորական յաջողութիւնները անցած էին Եփրատն ու հասած Միջերկրական ծովը:

Պեղումները ցոյց տուին թէ ուրարտական ոսկերչութիւնը, պմնձագորղութիւնը մինչեւ Յունաստան, անկից Իտալիա անցած էր: Թառք ու պարծանք է հայ ազգին, եւ հայ պատանին պէտք է սորվի ու փարի իր ացգին, իր լեզուին եւ արիւնին:

Դժբախտաբար Արեւելքի մէջ կան ազգեր՝ որ մեր պատմութեան դռները փակած են: Այդպէս ըրին ժամանակին Ջարերը, բայց հայ մայրը տանը մէջ, կաթին հետ մանուկին սնունդ տուաւ հայ պատմութիւնը, այդպէս պէտք է ընեն հայ մայրերը, օճախին քով դարդան մեր անցեալի փառքերը, տունը դպրոց ընել, դպրոցը տուն, ահաւասիկ իրենց համար արդիացած եւ հաճելի պատմութիւն մը:

Կարեւոր տեսանք աւելի մանրամասնել Հայաստանի աշխարհագրական մասը, դժբախտաբար ազգային շատ մը վարժարաններու մէջ բոլորովին անտեսուած է մեր հին ու նոր հայրենիքի աշխարագրութիւնը: Շատ կարեւոր է որ հայ պատանին նախ ճանչնայ իր հայրենիքի ճամբան եւ ապա անկից քալելով մտնէ իր հայրենի տունէն ներս, ճանչնայ եւ սիրէ անոր բնակիչներն ու պատմութիւնը:

Մեր ազգին աշխարագրութիւնն ու պատմութիւնն իրարմէ անբաժան են եւ զիրար կը լրացնեն, մանաւանդ որ մեր սրբազան հողերը տակաւին օտար ոտքերու տակ են եւ հայ պատանին գիրքերու մէջ պիտի տեսնէ մեր քաղաքներու, գիւղերու, վանքերու անունները, եւ դարեր ալ անցնին՝ պահանջէ իր պապենական իրաւուքները:

Գլուխ Ա- ԱՇԽԱՐԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

1- ԴԻՐՔ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆ

Այն երկիրը, որուն բնակիչներուն պատմութիւնը պիտի սորվինք՝ մենք Հայերս Հայաստան կը կոչենք, իսկ օտարները՝ Արմէնիա: Այդ երկիրը կը գտնուի երեք ծովերու միջեւ: Անոր բնական սահմաններն են, արեւելքէն՝ Կասպից ծովը, հիւսիսէն՝ Կուր գետը ոդ զինքը կը բաժնէ Վրաստանէն ու Կովկասէն, հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Սեւ ծովը, հարավ-արեւմուտքէն՝ Միջերկրականը, որ կը շրջապատէ մեր Կիլիկիան: Իսկ Մեծ Հայաստանի սահմանը Եբրատ գետն է, որ աղեղի պէս շրջապատելով մեր երկիրը, նախապատմական շրջաններէն սակման եղած է մօտակայ ազգերուն, հարաւէն՝ Կորդուած լեռները զինքը կը բաժնեն Միջագետքի տափաստանէն:

Հայաստան կը տարածուի, Կիլիկիան ալ մէջը առնելով, Կրինուիչի արեւելեան 34°-49° երկարութիւններու եւ հիւսիսային 36°-49° լայնութիւններու միջեւ եւ հակառակ որ Միջերկրականի բարեխարն գօտիին վրայ կը գտնուի (հարաւային Իտալիոյ եւ Յունաստանի հաւասար), բարձր լեռնադամտ մը ըլլալով՝ ցամագաձին խիստ կլիմայ ունի, ձմեռը սաստիկ եւ երկար կ՝ընէ, ամառը՝ կարճ եւ շատ տաք:

Հայաստանի միջին բարձրութիւնն է 1000-1500 մեդր: Այս երկիրը չորս կողմերէն շրջապատուած է բարձր լեռներով, կարծես բնական բերդաքաղաք մըն է որ կը տիրէ հիւսիսէն՝ Կովկասի տափարակին եւ հարաւէն՝ Միջագետքի դաշտագետիններուն: Լեռներուն մէջ կը տարածուին բազմաթիւ դաշտագետիններ հարուստ բուսականութեամբ, գեղեցիկ տեսարաններով, որ կարծես երկինքէն կախուած պարտէզ մ՛է:

Գլուխ Ա- ԱՇԽԱՐԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-1

Գլուխ Ա- ԱՇԽԱՐԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-2

Գլուխ Ա- ԱՇԽԱՐԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-3

Գլուխ Ա- ԱՇԽԱՐԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-4

Գլուխ Ա- ԱՇԽԱՐԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-5

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ

lousavor-avedis.org

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail