Թուրքը Թուրք Է, Պէտք Չէ Վստահիլ Թուրքին… Արամ. Ա Կաթողիկոս
19 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է.
«Շուրջ տասը տարիներ առաջ Անթիլիաս այցելեց թուրք հանրածանօթ պատմաբան մը, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի շուրջ ինծի հետ հանդիպում ունենալու եւ ապա դասախօութիւն մը տալու ցեղասպանութեան մասին: Այցելութեան մասին հայրս իմացած էր Վանայ Ձայն ռատիոկայանէն: Այցելու պատմաբանին հետ հանդիպման մէջ էինք, երբ հեռաձայնը հնչեց եւ հայրս բարկացոտ շեշտով ըսաւ.- «թուրքը ի՞նչ գործ ունի Անթիլիասի մէջ…»։
Պատասխանեցի՝ ըսելով, որ այս թուրքը միւս թուրքերուն չի նմանիր, ան քաջութիւնը ունեցած է հայ ժողովուրդին ցեղասպանութեան մասին գիրք գրելու եւ մեր դատը պաշտպանելու:
Հայրս պատասխանեց՝ ըսելով. «տղա՛ս, թուրքը թուրք է, ի՛նչ ալ ընէ, խօսի կամ գրէ, պէտք չէ վստահիլ թուրքին…»:Հեռաձայնը փակելէ յետոյ պատմաբանին պատմեցի իր այցելութեան գծով հօրս ունեցած խիստ հակազդեցութեան մասին: Ան ըսաւ.- «կը հասկնամ Ձեր հօր պոռթկումը, հին սերունդը այսպէս կը մտածէ»: Անմիջապէս աւելցուցի.- «նաե՛ւ նոր սերունդը, այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր ուրացման եւ հակահայ քաղաքականութիւնը»»:
yerakouyn.com/2021/04/19/թուրքը-թուրք-է-պէտք-չէ-վստահիլ-թուրքին/