Դիւցազնական Ուրֆան Եւ Իր Հայորդիները – ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
22 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՈՐՊԷՍ ՆԱԽԱԲԱՆ
Հետաքրքրական է. նախ պատմեմ, թէ ինչպէ՞ս ձեռքս անցաւ, պատմական մեծ արժէք ներկայացնող, 1955ին հրատարկուած եւ ուրֆացի մեծանուն մտաւորական եւ վիպագիր Արամ Սահակեանի պատրաստած շուրջ 1500 էջեր պարունակող՝ Ուրֆայի յուշապատումին նուիրուած հսկայածաւալ հատորը:
1964ի Ապրիլ 23ին, բախտը ունեցայ նշանուելու ուրֆացի Եստեր Ատուրեանին հետ. հոս չմոռնամ ըսելու, թէ ես ալ սիսեցի եմ: Քանի մը շաբաթներ ետք, իր ծնողներն ու երեք մօրեղբայրները, անշուշտ իրենց կիներով, հրաւիրեցին զիս Ուրֆայի Հայրենակցական միութեան տարեկան պարահանդէսին: Կեր ու խումի ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն. կը յայտարարուեր նաեւ, որ վիճակահանութեան մեծագոյն նուէրը պիտի ըլլար Արամ Սահակեանի՝ «Դիւցազնական Ուրֆան Եւ Իր Հայորդիները» գիրքը: Անշուշտ գնեցի վիճակահանութեան քանի մը տոմսեր: Մինչ այդ նշանածիս մօրեղբայրները տոմս ծախող տիկնոջ հետ քիչ մը իրարանցումի մէջ էին. չհասկցայ, թէ ի՞նչ կը կատարուէր, բայց եղաւ այն, որ Արամ Սահակեանին գիրքը ինծի բախտ ինկաւ:
Տարիներ անցան ու 1971ին, գործի բերումով, ընտանեօք Ամերիկա պէտք էր փոխադրուէինք, բայց որովհետեւ այդ գիրքը շատ ծանր էր, որոշեցինք հոն ձգել: Տարիներու ընթացքին այդ ծանր հատորը ճամբորդած էր մինչեւ Փարիզ, ապա Լոնտոն, Ֆրեզնօ ու քանի մը տարիներ առաջ եկած ու գտած էր իր իսկական տէրը: Անշուշտ քանի մը առիթներով թղթատած էի ստանալէն ետք, բայց գիրքին ծանրութեան պատճառով շատ ձեռքս չէի կրնար առնել, բայց յետայսու աւելի պրպտումներ պիտի կատարեմ այս մեծարժէք հատորէն:
ՀԱՅԸ Ե՞ՐԲ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ Է ՈՒՐՖԱ
Հայութեան գաղթը դէպի Ուրֆա առաջին անգամ եղած է Ն. Ք. 75-80 թուականներուն: Մեծն Տիգրանի իշխանութեան ժամանակ, բազմաթիւ հայեր հետեւեցան յաղթական թագաւորի բանակներուն: Անոնցմէ մաս մը եկաւ հաստատուիլ Ուրֆայի եւ իր շրջաններուն մէջ:
Երկրորդ գաղթը մը արձանագրուած կը գտնենք 35-40ին՝ Քրիստոսի ժամանակակից Աբգար Ե.ի իշխանութեան օրերուն: Ուրֆայի իշխանութիւնը իր հօրմէն՝ Արշամէն ժառանգելէ ետք, Աբգար Ե. քաղաքը չորս կողմէն ամուր կերպով կ՛ամրացնէ ու անոր պաշտպանութիւնը կը վստահի Արշակունեաց տոհմի հայ զօրականներուն:
Աւելի վերջ, 200 թուականին, երբ Աբգար Թ. Հռոմէն վերադարձին քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօնք հռչակեց Ուրֆայի պետութեան մէջ, բազմաթիւ հայեր Հայաստանի մօտաւոր շրջաններէն այս քաղաքը եկան, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենան ազատօրէն իրենց ընդունած նոր կրօնքին հետեւելու:
Դէպի Ուրֆա հայերու չորրորդ գաղթը տեղի ունեցաւ 340ին, երբ պարսից Շապուհ թագաւորը Հայաստանի դէմ իր մղած երկարատեւ պատերազմներով պատճառ եղած էր, որ բազմաթիւ հայեր հեռանան իրենց հայրենիքէն՝ խուսափելու համար Շապուհի բռնի արտագաղթէն՝ դէպի Պարսկաստան: Այդ թուականին բազմաթիւ հայեր ապաստանեցան Ուրֆայի շրջան:
Այս չորրորդ գաղթէն վերջ, Ուրֆայի հայութիւնը գերակշիռ թիւ մը ունեցաւ քաղաքին բնակչութեան այլացեղ տարրերուն մէջ: Այդ թուականներուն գոյութիւն ունեցող պարսկա-ասորական աստուածաբանական ճեմարանին մէջ հայերը կարեւոր դիրք կը գրաւէին:
Հայութեան հինգերորդ ու վերջին գաղթը դէպի Ուրֆա տեղի ունեցաւ Փիլարտոս դուքսին եւ Թորոս Կիւրապաղտատի իշխանութեան օրերուն: Այդ թուականին քաղաքը ստացաւ կատարեալ հայկական դիմագիծ: Սակայն շատ քիչ տեւեց այս գերակշռութիւնը, որովհետեւ Խաչակիրներու արշաւանքներէն եւ անոնց հետեւանքը եղող աւերումներէն վերջ, Ուրֆայի հայութիւնը անճիտուեցաւ, ցրուեցաւ ու իջաւ աննշան քանակի մը:
1637ին, երբ երբ օսմանեան տիրապետութիւնը վերջնական կերպով հաստատուեցաւ Ուրֆայի վրայ, համեմատական եւ ժամանակաւոր խաղաղութիւն մը տիրեց շարունակական կռիւներէ ուժասպառ եղած քաղաքին մէջ: Այդ շրջանին է, մինչեւ 1850, բազմաթիւ հայեր, մասնաւոր կերպով Սասնոյ, Վանի եւ Մալաթիոյ կողմերէն, եւ փոքրաթիւ հայեր ալ Պարսկաստանէն գալով, Ուրֆայի մէջ բնակութիւն հաստատեցին ու հին դարերէն ի վեր քաղաքին մէջ գտնուող հայերուն հետ կազմեցին այն 30,000նոց զանգուածը, որ կերտեց 1915ի հերոսամարտը:
ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ
Պարզ դէպքի մը հետեւանքով յանկարծ բռնկող կռիւը զարմանքի կը մատներ Ուրֆայի թուրք կառավարութիւնը: Ամիսներու աշխատանք՝ գլխատելու հայութիւնը իր ղեկավարութենէն, զօրահաւաք, բազմաթիւ երիտասարդներու կոտորած, զինահաւաքում, ու ահա միահամուռ հրացանաձգութիւն մը հայ թաղերէն:
Թուրք խուժանը, սակայն, հրճուանքի մէջ էր. ան եկած կը համարեր վայրկեանը՝ տիրանալու հայերու ինչքերուն ու պատուին, ապրելու արեան ու նախճիրներու մէջ. 1895ը իր պատճառած աւերները յիշելով, կը տեսնէր վայելքի հեռանկարներ: Եւ ահա վայրի գազանային աղաղակ մը կը բարձրանար թուրք թաղերէն: Արեան ու աւերի սիրահար ցեղը իր ակռաները կը սրեր նոր նախճիրներու համար:
Այդ պահուն հայկական թաղերուն մէջ երեսունէ աւելի ոստիկաններ կային, բացի այն տասնեակէն, որ կը մնար մայր եկեղեցւոյ դիմացի պահակատան մէջ: Մկրտիչի Եօթնէղբէրեանի (Եօթնեղբայրեան) առաջին գործը կ՛ըլլար թոյլ չտալ, որ թրքական զօրքերը հայ թաղերէն դուրս գան. կարեւոր էր տէր դառնալ անոնց զէնքերուն ու փամփուշտներուն:
Պահականոցը գրաւելու կը ղրկուի Մկրտիչի փոքր եղբայրը՝ միականի Սարգիսը: Պահակատան ոստիկանները առանց դիմադրութեան կը յանձնուին, պաղատելով Սարգիսին, որ խնայէ իրենց կեանքը: Թաղերուն մէջ գտնուող ոստիկաններն ալ, մեծ մասամբ առանց կռուելու կը յանձնեն իրենց զէնքերը, իսկ անոնք, որ կը փորձեն դիմադրել, տեղն ու տեղ կը գնդակահարուին:
Մկրտիչ Եօթնէղբէրեան եւ Յարութիւն Ռասթկէլէնեան այս անմիջական կարգադրութենէն յետոյ կ՛այցելեն բոլոր դիրքերը՝ հսկելու համար ապստամբութեան յատակագիծի ճշգրիտ գործադրութեան: Ամէն տեղ կը գտնեն իրենց սպասածէն աւելին, իւրաքանչիւրը տէրն է իրենց յանձնուած գործին: Մկրտիչ պարզ բայց կրակոտ բառերով կը խօսի դիրքերու տղոց, կը հրահանգէ ըլլալ աչալուրջ, անվախ եւ անխնայ որեւէ յարձակման պարագային։ Ան կը պատմէ անոնց այն վիճակը, որուն ենթարկուած է հայութիւնը ամէն տեղ, եւ որուն իրենք ալ ականատես եղած են, կը ներշնչէ անոնց պատուաւոր մահուան գաղափարը եւ վրէժխնդրութեան ոգին:
Ուրֆայի հերոսամարտին ականատես Մ. Ռըպուր, կռուի սկզբնաւորութիւնը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ իր յուշերուն մէջ. «Սեպտեմբեր 29ին, կէսօրուան մօտ, տարօրինակ խառնակութիւն մը եւ հրացանաձգութիւն մը առաջ եկաւ, ըսին մեզի որ իւրաքանչիւր ոք հայոց թաղը կը նետուի, ոստիկանութիւնը մեզի հրահանգեց, որ այլեւս դուրս չելլենք»:
Դանիացի առաքելուհին՝ Քարէն Եփփէ, իր յուշերուն մէջ կռուին առաջին օրերուն մասին կը գրէ. «Յուսահատութեան վերջին կռիւն է, որ տեղի կ՛ունենայ փողոցներուն մէջ. արեւածագին գնդակ մը մը կ՛արձակուի, թերեւս բոլորովին պատահականօրէն: Լոյսը բացուելուն ժանտարմաները կը յարձակին տան մը վրայ, որտեղէն ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, գնդակ է արձակուած: Ու ահա մէկը բարձրաձայն կը կանչէ լուսամուտէն. «Թուրքեր, դուք մեզ յուսահատութեան մատնեցիք, կառավարութիւնը կեանքի ապահովութիւն խոստացած էր մեզ՝ բայց սուտ է եւ խաբէութիւն, կառավարութեան մէկ բան է միայն՝ հայ ժողովուրդի կորուստը: Այժմ կարգը մերն է՝ Ուրֆայի հայերուս, մենք պատրաստ ենք մեռնելու զէնքը ձեռքերնիս»»:
Սեպտեմբեր 29ի գիշերը տենդագինի աշխատանքի առիթ մը կու տար հայերուն. պարզ էր երկու ղեկավարներուն համար, որ յաջորդ առաւօտ թուրքերը պիտի դիմէին յարձակումի: Մկրտիչ ռազմական ծրագիրներ կը պատրաստեր, որպէսզի առաջին առթիւ ուժգին հարուած մը տար թուրքերուն, այդ պատճառով ալ, կը հրահանգեր հայ եւ թուրք բաժանման կէտերու վրայ նոր պատնէշներ չբարձրացնել ու ազատ անցք ձգել թուրք խուժանին յարձակումներուն առջեւ: Միեւնոյն ատեն, սակայն, կը հրահանգուէր թրքական թաղերուն վրայ նայող ծայրամասի տուները ամրացնել ու պատուհաններու վարագոյրներուն ետեւէն աւազով լեցուած պարկեր շարել իրարու վրայ:
Նոյն գիշերն իսկ բոլոր դիրքերուն ռումբեր կը բաժնուէին՝ գործածուելու համար խուժանային յարձակումներուն դէմ: Առաջին կռիւները յաջողութեամբ վարելու եւ կրուողները հրահրելու համար, Մկրտիչ իր փորձառու տղաքները կը բաժներ դիրքերու վրայ: Գէորգ Ալահայտոյեանին կը յանձնուէր Հայր Աբրահամու թաղամասը, միականի Սարգիս Եօթնէղբէրեանին՝ Փոս Բաղնենց վրայ նայող դիրքերը, Յարութիւն Ռասթկէլէնեանին՝ Մասմանայի շրջանը, Վաղարշ Մեսրոպեանին եւ Յարութիւն Սիմեանին՝ Թլֆըտուրի ամերիկեան հաստատութիւններուն դիրքերը, իսկ Սամսայ Դրան շրջանը՝ Մովսէս Սուճեանին: Մկրտիչ պիտի մնար կեդրոն, որպէսզի թռուցիկ խումբով մը հասներ վտանգուած շրջանները:
Խուժանային յարձակման նախատեսութիւնը կ՛իրականանար յաջորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 30ի առաւօտեան: Արշալոյսին հազարներէ բաղկացած թուրք խուժան մը, երեք թեւերու բաժնուած, յարձակում կը գործէ հայ թաղերու վրայ: Խոճաներու եւ Գալապոյունի թրքական թաղերուն անուն հանած սրիկաներու գլխաւորութեամբ՝ խուժանը կը մտնէ երեք կարեւոր հայ թաղերէն ներս: Փոս Բաղնենց, Սամսայ Դրան, եւ Մասմանայի փողոցին դիրքերուն տղաքը սրտատրոփ կը սպասէին թշնամիին առաջանալուն: Թուրք ամբոխը զինուած էր երկար սուրերով, եաթաղաններով, ատրճանակներով եւ կառավարութեան բաժնած պետական հրացաններով: Խոճաները առջեւէն «սալավաթ» կը կանչէին. սոթտուած թեւերով հաւատացեալները սուրեր կը ճօճէին օդին մէջ, ուրիշներ կը կրակէին հայ տուներու պատուհաններուն եւ դռներուն:
Մկրտիչի հրահանգին համաձայն, հայ դիրքերու տղաքը թոյլ կու տային, որ ամբոխը մտնէ թաղերէն ներս՝ բռնուելու համար ծուղակին մէջ: Ու ահա յանկարծ քաղաքը կը թնդար ռումբերու որոտէն, հայ մարտիկները յաջողած էին խաղի բերել խուժանը: Մինչեւ հիմա Ուրֆայի թուրքերը կը յիշեն այն կոտորածը, որուն ենթարկուած էին կռուի առաջին օրը: Իրենց իսկ վկայութեամբ, 450 դիակներ ձգած են հայ դիրքերուն առջեւ: Խուճապը այդքան սաստիկ եղած էր, յարձակումը հայերուն կողմէ այնքան բուռն ու շշմեցնող, որ փախչող թուրքերէն շատեր ետ դառնալու տեղ, աւելի մխրճուած էին հայ թաղերուն մէջ ու այնտեղ գերի բռնուած: Մասնաւորաբար Փոս Բաղնենց կողմը մեծ կորուստներու մատնուած էին թուրքերը: Քէօր Սագօն (Սարգիս Եօթնէղբէրեան), խուճապահար փախչող թշնամին երեք ընկերներով հետապնդած էր մինչեւ շէյխերուն մզկիթը: Վրէժխնդրութեամբ հրահրուած այս խոյանքը, կռուի սկիզբէն, Սարգիսին առջեւ կը բանար բացառիկ խիզախութիւններու շարք մը:
Առաջին այս կռուին հայերը ութը զոհ կու տային, որոնցմէ երկուքը կիներ, բոլորն ալ գրեթէ վիրաւորուած մզկիթներէն արձակուած գնդակներով: Զարմանալի չէր թուրքերուն ունեցած մեծ կորուստին դէմ, հայերուն այս փոքր կորուստը. թաղային կռիւներու ընթացքին միշտ յարձակողն է որ զոհ կու տայ, իսկ երբ նեղ փողոցներու մէջ բազմութիւն մը կարելի ըլլայ ծուղակի մէջ բռնել, անխուսափելի կը դառնայ անոր ոչնչացումը:
Աննկարագրելի խանդավառութիւն յառաջացած էր հայ թաղերուն մէջ՝ այս յաղթանակին հետեւանքով: Ոտքի վրայ էր ամբողջ ժողովուրդը, բոլորը մոռցած էին իրենց ցաւն ու տառապանքները: Կռիւը՝ արեան մկրտութիւնը, իւրաքանչիւրին սրտին մէջ արթնցուցած էր իրենց նախահայրերու առնական ոգին: Դիրքերը իրարու արձագանգ կու տային ռազմական երգերով, կիներն ու աղջիկները կռուող տղաներուն ջուր եւ ուտելիք կը հասցնէին: Փոքր տղոցմէ կազմուած թռուցիկ խումբեր հեռաձայնի դեր կը կատարէին՝ դիրքէ դիրք լուրեր հասցնելով: Եկեղեցիներու զանգակները կէս ժամ կը հնչէին ուժգին ու արագ, հայերու յաղթութեան աւետիսը թռթռացնելով օդին մէջ:
Կռիւը դադրելէն վերջ, Եօթնէղբէրեան եւ Ռասթկէլէնեան կ՛այցելեն բոլոր դիրքերը. գովելէ յետոյ տղոց պարտաճանաչութիւնը, կը բացատրէին կռուի այն նոր միջոցները, որ անխուսափելի կերպով ի գործ պիտի դներ թշնամին յետագայ օրերու ընթացքին: Յաղթութիւնը պէտք չէր մոռցներ թշնամիին անսպառ միջոցները, պէտք էր բոլորն ալ ունենային այն գիտակցութիւնը, որ մեռնելու համար կը կռուին, հետեւաբար իրենց նպատակը պիտի ըլլար զոհ մը աւելի խլել թշնամիէն: Փամփուշտներն ու ռումբերը պէտք էր գործածուէին խնայողութեամբ, գիշեր ու ցերեկ, ամէն ժամու հսկողութիւնը պէտք չէր թուլնար, գիշերային յարձակումի մը պարագային յանկարծակիի պէտք չէր գային դիրքերը:
Զոյգ ղեկավարները, թելադրութիւններէ եւ ցուցմունքներէ յետոյ, կը քննէին բոլորին ունեցած զէնքերը եւ անոնց ունեցած փամփուշտներու պաշարը: Կ՛որոշէին այն կէտերը, որտեղէն պատնէշներ պէտք էր բարձրանային՝ նոյն գիշերն իսկ: Կը կարգադրէին նոյնպէս, որ կռիւներու պահին ամէն վայրկեան կեդրոնը իրազեկ պահուէր անցուդարձներէն: Կռուողներուն արգիլուած պիտի ըլլար դուրս գալ դիրքերէն՝ առանց խմբապետներու արտօնութեան, իսկ շրջանային խմբապետները պարտաւոր էին խիստ վերաբերմունք ցոյց տալ, իրենց պարտականութիւններուն մէջ թերացողներուն հանդէպ:
Մինչեւ Հոկտեմբեր 18 թշնամին նոր յաջողութիւն մը չկրցաւ ունենալ. կռիւը կը շարունակուէր, հայ տղաքը կը դիմադրէին կատաղութեամբ: Աշնանային անձրեւը դադար չունէր, օդը լեցուած էր թանձր մուխով եւ վառօդի հոտով:
Հոկտեմբեր 18ի գիշերը, կարճ խորհրդակցութենէ մը յետոյ, կռիւէն վերադարձող ղեկավարները կ՛որոշեն գործադրել Հոկտեմբեր 12 գիշերուան որոշումը. կռուող ուժերը պիտի հաւաքուէին ու Պէտէնի ետեւէն բարձրանային շրջակայ լեռները:
Հոկտեմբեր 20ին, Հինգշաբթի առաւօտ, երկու թաղերու մէջ միայն կը շարունակուէր դիմադրութիւնը. կռուողները սեղմուած էին Իւչ Օղլուն Քէօշէի եւ Մայր եկեղեցւոյ փողոցները, գիշերային յարձակումով մը զօրքերը յաջողած էին գրաւել Բողոքականներու եկեղեցին ու ամերիկեան հաստատութիւնները. այնտեղի կռուողներէն՝ Յարութիւն Սիմեանը, Մղձի Կանաչեանը, Յովհաննէս Գեպապճեանը, Մեյխանէճի Սանդուրը, Յովհանէս Մատառճեանը, Յակոբ Սէվէրէքլեանը, Ներսէս Սարգիսեանը, Չամիչենց Ալեքսանդրը, Սարգիս Ռասթկէլէնեանը եւ Խանըմ Քէթէնճեանը ցրուած էին շրջակայ տուներու մէջ. ասոնք ամրացած տան մը, տանիքի մը կամ պատի մը ետեւ, վերջին ճիգ ի գործ կը դնէին զոհ մը աւելի խլելու թշնամիէն ու ապա վերջին գնդակը պարպելու իրենց ճակտին:
Գրաւուած թաղերուն մէջ բազմաթիւ կիներ եւ աղջիկներ հորերու մէջ կը նետուէին, այնտեղ խեղդամահ ըլլալու եւ վայրագ թշնամիին ձեռքը չիյնալու համար: Կռուողներէն ոմանք իրենց ձեռքով կը սպաննէին իրենց կինը, քոյրը կամ մայրը ու անձնասպան կ՛ըլլային: Ոմանք կը մտնէին նախապէս պատրաստուած թագստոցներու մէջ: Շատեր քարիւղ լեցնելով իրենց տան վրայ, կրակը կը բռնկեցնէին ու կ՛այրէին ամբողջ ընտանիքով:
Թնդանօթի կրակը դադրած էր, որովհետեւ զօրքը ցրուած ու դիրքը բռնած էր գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ: Այս զարհուրելի կացութիւնը երեք օր կը շարունակուէր, մինչեւ որ Մայր եկեղեցիին թաղը ամրացած կտրիճներն ալ մէկիկ մէկիկ կ՛իյնային պատնէշին վրայ ու զօրքը կը տիրանար Ուրֆայի ամբողջ հայկական թաղամասին:
Հոկտեմբեր 23ին, Կիրակիի իրիկնամուտին հետ, խոր, մեռելային լռութիւն մը կը սաւառնէր հայ թաղին վերեւ, ուր ծուխն ու կրակը հանդարտ կը բարձրանային անձրեւոտ ու թաց երկինք ի վեր:
25 օրուան հերոսական մաքառումէ մը յետոյ, վերջ գտած էր Ուրֆայի հերոսամարտը:
asbarez.com/arm/388182/դիւցազնական-ուրֆան-եւ-իր-հայորդիները/