Թուրք Իգական Սեռին Դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան – ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊՒՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Genocide Armenian - Genocide des Armenian

Թուրք Իգական Սեռին Դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան – ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊՒՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

23 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊՒՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը յղացուեցաւ, ծրագրուեցաւ եւ որոշուեցաւ օսմանեան պետութեան կողմէ, ապա գործադրուեցաւ պետական զանազան միաւորներու եւ թուրք ժողովուրդին ու քիւրտ ամբոխին կողմէ: Գործադրող թուրք հասարակութիւնը կազմուած էր չափահաս տղամարդոցմէ եւ կիներէ, ինչպէս նաեւ անչափահաս եւ երեխայ տղոցմէ ու աղջիկներէ:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ հիմնականօրէն թուրք եւ քիւրտ տղամարդոց մեղսակցութեամբ: Անոնց արիւնարբու վերաբերմունքը ծանօթ է բոլորիս: Թուրք իգական սեռը անմասն չմնաց Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ: Անոնք անմարդկային եւ գազանային զանազան միջոցներով բաժնեկից եղան հայ ժողովուրդի ծրագրուած եւ որոշուած գողգոթային, աներեւակայելի դաժանութեամբ իրականացնելով իրենց թաքուն, չար եւ ոխերիմ երազները: Անոնք յարձակած են տեղահան եւ գաղթական դարձած հայ ժողովուրդի մնացորդացին՝ անմեղ տարեցներուն, կիներուն, դեռատի աղջիկներուն եւ երեխաներուն վրայ:

Հայ վերապրողներու գրի առած տեղեկութիւնները, օտարազգի ականատեսներու եւ բարեսիրական ու կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու յուշագրութիւնները կը փաստեն, որ թուրք կանայք մասնակցած են բռնարարքներուն եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ:

Թուրք կիներ եղած են նախաձեռնողներ, սպանութիւններ կատարողներ, հրահրողներ, կողոպտիչներ եւ հայ կիներ ու մանուկներ առեւանգողներ: Թուրք կիներու այսպիսի արարքներուն մասին կը ներկայացնենք հետեւեալ վկայութիւնները.

Genocide Armenian – Genocide des Armenian

– Ըստ Ատանայի հայ կաթոլիկ Յակոբ եպս. Թերզեանի՝ Ատանայի Ղայըրլը գիւղի հանրածանօթ եւ ազդեցիկ Սինեմէ հանըմը հաւաքած է գիւղի եւ շրջակայքի հայերը, անոնց մէջէն զատած է գեղեցիկ կիներն ու աղջիկները եւ զանոնք ամուսնացուցած է թուրքերու հետ: Անոնցմէ շատեր փուռը նետած է եւ զուարճացած ու հոգեկան գոհացում ունեցած՝ տեսնելով անոնց այրած ու անշնչացած մարմինները, իսկ մնացած հայ կիները գետեզերք տարած է ու անձամբ մորթելէ ետք, հպարտութեամբ գետը նետած է:

– Թուրք զինուորական Վեհիպ Մեհմետ փաշային կինը, ոսկի փնտռելու միտումով, խուզարկած է տարագրուած հայ կիներու մարմինները, չմոռնալով նոյնիսկ անոնց սեռային օրկանները:

– Շուէտացի աւետարանիչ Ա. Եոհանսըն, 1915ին, Խարբերդ իր գտնուած շրջանին, տեսած է, որ թուրք եւ քիւրտ կիներ մսագործի դանակներով իրենց ամուսիններուն հետ մասնակից կը դառնային հայ զինուորներու սպանութեան:

– Աւետարանիչ Վ. Շպիկեր վկայած է, որ 1916ին, Հալէպի մէջ թուրք զինուորներ կը ձերբակալէին հայ տղամարդիկը եւ կապելէ ետք անոնց ձեռքերը՝ զարիթափէ մը վար կը գլտորէին դէպի ձոր, ուր թուրք կիներ դանակով կը սպաննէին այս անմեղ զոհերը:

– Խարբերդցի վերապրող Մանուկը տեսած է քիւրտ կին մը, որ դանակով պատռած է հայ կիներու որովայնը՝ ոսկի փնտռելու միտումով:

– Դանիացի ընկերային եւ կրօնական ծառայող Մ. Ճէյքըպսոն, Խարբերդի մէջ իր ծառայութեան շրջանին, 1915ին, տեսած է, որ թուրք կիներ կ՛անպատուէին հայ կիները եւ կը կողոպտէին զանոնք, պատճառաբանելով, որ հայ տղամարդիկ եւ մանաւանդ հայ բժիշկներ թունաւորած են թուրք զինուորները:

– Սեւերէկցի վերապրող Մինաս Թաթոյեան վկայած է, որ Սեւերէկի մէջ թուրք կիներ հաղորդած են թուրք զինուորականներուն, որ հայեր ջարդած են իրենց ամուսինները: Թուրք կիներ ցանկացած են իրենց ամուսիններուն հոգւոյն մատաղ ընել, ուստի հայերուն մէջէն զատած են Յովհաննէս անունով հայ տղամարդ մը եւ քարկոծելով ջախջախած են անոր գլուխը:

Թուրք կանայք ոճրագործութիւններ կատարած են թուրք տղամարդոց հետ միասին: Անոնք խումբերով, սպանութեան եւ կողոպուտի նպատակով, գացած են հայ կարաւաններու կոտորածի վայրերը կամ գացած ու կեդրոնացած են կարաւաններու անցած ճամբաներուն վրայ: Այս բոլորին մասին նմանապէս կան բազմաթիւ վկայութիւններ, որոնցմէ կը յիշենք մէկ քանին.

– Ակնցի վերապրող Պետրոս Ծատուրեան, որ 1915ին 9 տարեկան եղած է, վերյիշելով Ակնի մէջ պատահած թրքաբարոյ գործողութիւնները, ըսած է. «Թուրք եւ քիւրտ կիներ եւ տղամարդիկ յարձակեցան մեր վրանին վրայ եւ սոված գայլերու նման յօշոտեցին վրանին մէջ գտուող բոլոր հայերը»:

– Խլաթ գաւառի Փռխռա գիւղէն, 1901ի ծնունդ Սոկրատ Մկրտիչեան վկայած է, որ 1915ին, Ալաշկերտի լեռներուն մէջ զինեալ քիւրտեր իրենց կիներուն հետ գիւղ մտած են եւ վայրագօրէն կողոպտած ու սպաննած են հայ գիւղացիները:

– Դերջանցի վերապրող Առաքել Թագոյեան, որ 1915ին 13 տարեկան եղած է, վկայած է, որ թուրք տղամարդիկ կացիններով եւ դանակներով, իսկ թուրք կանայք քարերով յարձակած են գիւղի հայ բնակիչներուն վրայ եւ բռնի կերպով բոլորը քշած են դէպի Եփրատ գետի եզերքը, ուր խեղդամահ ըրած են անոնցմէ շատերը:

– Վերապրող Գարեգին Թորիկեան, վերյիշելով 1915ի ջարդերը, վկայած է, որ թուրք տղամարդիկ եւ կիներ յանկարծակի մտած են իրենց կարաւանին մէջ եւ հայհոյանքներով եւ ոռնոցներով կողոպտած են մանուկներուն հացի պաշարը եւ կիներուն շալկած վերմակներն ու հագուստները:

Թուրք կիներ եղած են նաեւ թուրք տղամարդիկը հրահրողները եւ քաջալերողները: Անոնք հայերու թաքստոցներուն մասին տեղեկութիւն հասցուցած են թուրք տղամարդոց, եւ իրենց դրացի հայերու հասցէին զրպարտութիւններ ու մատնութիւններ կատարած են: Այս ուղղութեամբ շատ մը վկայութիւններէն կը ներկայացնենք հետեւեալները.

– Սվազի մօտ Ֆրանսայի փոխհիւպատոս Մորիս Կարլիէի կինը՝ Էմիլ, հետեւեալ ձեւով նկարագրած է Ուրֆայի դէպքերը. «3000 հայ կիներ պատսպարուած էին հայոց եկեղեցւոյ մէջ. թուրք մարդասպան տղամարդիկ, մտնելով եկեղեցի, բռնաբարեցին շատերը եւ զանազան տեսակի բռնութիւններ բանեցուցին, իսկ գազան թուրք կիներ 50 արկղ նաֆթ թափեցին հայ կանանց վրայ եւ հրոյ ճարակ դարձուցին բոլորը»:

– Վերապրող Արամ Անտոնեան վկայած է հետեւեալը. «Երբ բանտերու մէջ գտնուող հայ մտաւորականները եւ ականաւոր մարդիկը կը տանջէին, թուրք կիներն էին, որոնք ամէն օր ճպոտներ հաւաքելով, առջի իրիկուընէ ջուրը կը ձգէին զանոնք, որպէսզի ուռին, աւելի տոկուն դառնան: Կիները կը խրախուսէին դահիճները. «Զարկէ՛ք, ուժով զարկէ՛ք, եթէ փայտերը կոտրին, ահա ձեզի նորեր բերեր ենք: Ամէն տեղ անոնք հեգնական երգերով, պարերով ու ցնծութեամբ ճամբու կը դնէին դէպի սպանդանոց քշուող կարաւանները»:

– Տիարպեքիրի Հունի գիւղէն վերապրող Աննա Միրաքեան վկայած է, որ իրենց կարաւին մէջ գտնուող թրքուհի մը, իմանալէ ետք, որ հայ մայրեր իրենց երեխաները մօտակայ կալին մէջ պահած են, շուտով կը զեկուցէ շրջանի թուրք ոճրագործ միւտիւրին, որ անմիջապէս հոն հասնելով, երեխաները ահ ու սարսափի կը մատնէ եւ ուժգնօրէն կը ծեծէ բոլորը:

– Խլաթ գաւառի Փրխուս գիւղէն վերապրող Աղաւնի Հլղաթեան, վերյիշելով 1915ի ջարդերը, ըսած է. «Թուրք տղամարդիկ եւ կիներ յարձակեցան մեր գիւղին վրայ. թուրք կիները, տեսնելով մայրս, աղաղակեցին եւ իմաց տուին թուրք տղամարդոց՝ եկէք այստեղ ալ գեղեցիկ կին մը կայ»:

Թուրք կիներ նաեւ կատարած են մեծ կողոպուտներ: Անոնք թալանած են հայերու տուները եւ տիրացած են անոնց բոլոր ինչքերուն, ոսկեղէններուն, տնային կահկարասիին եւ մթերքին: Թուրք կիներ թուրք ոստիկաններուն հետ միասնաբար կատարած են թալանումի եւ կողոպուտի «սրբազան» գործը, կամ ոստիկաններէն ետք իրենք շարունակած են թրքավայել գործը: Այս ուղղութեամբ հետեւեալ վկայութիւնները յատկանշական են.

– Տոմինիքեան աւետարանիչ Եասենթ Սիմոն 1915ի կողոպուտներուն մասին վկայած է ըսելով. «Թէլ Արմէնի գիւղի պաշարման ընթացքին, թուրք տղամարդոց գործը վերջանալէ ետք, գործի անցան թուրք կիները, որոնք շատ բան գողցան հայերու տուներէն, նոյնիսկ հայ աղջիկներուն օժիտները»:

– Չմշկածագցի վերապրող Ղեւոնդ Փրփերեան վկայած է մօրը ըսածը, որ թուրք կիներ կողոպտած են իր քրոջ օժիտը:

– Պայազիտցի վերապրող Կամսար Խաչատրեան վկայած է, որ թուրք կիներ մտած են իրենց տունը եւ իւրաքանչիւրը, որոշելէ ետք իր վերցնելիք առարկան՝ կողոպուտի սկսած է:

– Պեհեսնիցի վերապրող Աւետիս Թէքէեան իր յուշագրական գիրքին մէջ կը պատմէ. «Տարագրութեան ճամբուն վրայ, խումբ մը թուրք կիներ մտան մեր վրանը եւ իրենց ափերուն մէջ ունեցած մոխիրը անակնկալօրէն ցանեցին վրանին մէջ գտնուող հայ կանանց աչքերուն եւ սկսան վայրագօրէն կողոպտել զանոնք՝ վերցնելով անոնց օղերը, մատանիները եւ շարոցները»:

– Քղեցի վերապրող Սիրանուշ Եսայեան վկայած է հետեւեալը. «Թուրք կիներ մտան մեր կարաւանը, յարձակեցան հայ կիներուն վրայ ու կողոպտեցին բոլորը՝ թալանելով անոնց ոսկեղէնները եւ դրամը»:

– Վերապրող Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալաքեան, իր «Եոզկաթէն Մինչեւ Կեսարիա» գիրքին մէջ գրած է, որ ամբողջ ճամբուն ընթաքին տեսած է հայերու յատուկ հագուստներով զարդարուած մեծ թիւով թուրքեր:

Թուրք կիներ առեւանգած են մեծ թիւով հայ երեխաներ եւ կիներ՝ զանոնք իրենց քով աշխատցնելու կամ այլ նպատակներու համար: Հետեւեալ վկայութիւնները յստակ փաստեր են.

– Վերապրող պեհեսնիցի Աւետիս Թէքէեան նշած է իր յուշագրական գիրքին մէջ, որ թուրք կիներ մտած են իրենց կարաւանին մէջ եւ առեւանգած են հոն գտնուող գեղեցիկ հայ աղջիկներէն շատերը ու տարած են իրենց հետ:

– Բաբերդցի վերապրող Արշալոյս Տէր Նազարէթեան վկայած է, որ ինք առեւանգուած է բարձրաստիճան թուրք զինուորականներու երկու թուրք կիներու կողմէ եւ անոնց քով երեք տարի ապրած է:

– Էրզրումցի վերապրող Աշխէն Պօղիկեան վկայած է, որ իր եղբօր մահէն ետք, ինք մօրը հետ մնացած է առանձին: Թուրք կին մը, տարհամոզելէ ետք մայրը, առած է զինք եւ տարած է իր տունը:

– Տիարպեքիրի շրջանէն տըպլիցի վերապրող Բարսեղ Շաթոյեան պատմած է. «Մեր գիւղէն տարագրուելէ ետք հասանք Տիարպեքիր, ուր երկարահասակ տաճիկ կին մը գրկեց եւ փախցուց քոյրս՝ Սառան: Ես սկսայ լալով կանչել, բայց մայրս արցունքոտ աչքերով նայուածքը ետին ուղղած՝ ըսաւ. «Ձգէ՛, թող տանի, թերեւս ապրի, արդէն մեզի հիմա գետը պիտի նետեն»»:

Մեծ թիւով թրքուհիներ իբրեւ թէ մարդասիրական մօտեցումով, զանազան որբանոցներէ հաւաքած են հազարաւոր հայ որբեր ու զանոնք պահած են իրենց տուներուն մէջ կամ հրապարակաւ աճուրդով վաճառած են թուրք ամբոխին: Այս որբերուն ճակատագիրը իրենց նահատակ ծնողներուն ճակատագիրէն տարբեր եղաւ: Անոնք ապրեցան ու պարտադրաբար ու անգիտակցաբար իսլամացան: Անոնք մեծցան եւ դարձան թուրք ընտանիքներու ծառաներ, օգնականներ եւ գործաւորներ: Անոնց մեծամասնութիւնը ամուսնացաւ թուրքերու հետ եւ կորսնցուց իր պատկանելիութիւնը:

Թուրք ուսեալ կանայնք ամբողջապէս իւրացուցած էին իշխանութեան ծրագիրը՝ յատկապէս իսլամացնելու եւ թրքացնելու հայ որբ երեխաները, աղջիկ կամ տղայ: Թուրք պետական բարձրաստիճան ղեկավարները գործի լծած են ազգայնամոլ թուրք կիները, որպէսզի ամբողջութեամբ իրականացնեն այսպէս երազուած՝ «հայոց ոչնչացումը»: Այս աշխատանքին ռահվիրան ընտրուած է Խալիտէ հանըմը, որ զօրակոչուած է եւ անմիջապէս «սրբազան գործ»ին գլուխը անցած է: Ան հասած է Լիբանան եւ ստանձնած է Անթուրայի որբանոցին հայ երեխաները իսլամացնելու եւ թրքաընելու առաքելութիւնը: Ան երեք տարի այդ որբանոցին մէջ իսլամական-թրքական կրօնական ուսում փոխանցած է հարիւրաւոր հայ որբերուն, հաւատալով, որ պիտի յաջողէր: Անոր նման եղած են շատ մը թրքուհիներ, որոնք հետապնդած են իրենց վստահուած առաքելութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ տարածքին:

Թուրք կիները ունեցած են նախանձ եւ ատելութիւն՝ հայերուն հանդէպ, մասնաւորապէս հայ կիներուն: Այդ նախանձը հետեւանք էր հայ կանանց ունեցած ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական գերակայութեան: Հայ կանայք համեմատաբար աւելի ուսեալ եւ զարգացած էին: Իսկ թուրք կիներուն հայերու հանդէպ ունեցած ատելութիւնը ուղղորդուած էր եւ կնքուած՝ պետական իշխանութեան կողմէ: Յատուկ ծրագիրներով, թուրք իգական ամբոխը լեցուած էր ատելութեամբ եւ հայերուն դէմ զօրակոչի մատնուած էր: Հայերը թուրք կանանց ակնոցով նկատուած էին հայրենիքի դաւաճաններ եւ հայրենիքը կեղեքողներ:

Օգտագործուած աղբիւրներ

 

  1. Անտոնեան Արամ, «Մէկ Ու Կէս Միլիոն Հայերու Ջարդը», Պոլիս, 1921, վերահրատակուած Պէյրութ 1978:
  2. Անտոնեան Արամ, «Այն Սեւ Օրերուն», վերահրատարակուած Պէյրութ, 1985:
  3. Անտոնեան Արամ, «Մեծ Ոճիրը. Հայկական Վերջին Կոտորածները և Թալէաթ Փաշա», Պոսթըն, 1921:
  4. Ապրիլեան Եղեռնի Բացառիկ, Յեղափոխական Ալպոմ, Պէյրութ, 1975:
  5. Բախտիկեան, Ներսէս արք., «Խորշակահար Մանկութիւն», Անթիլիաս
  6. Գրիգորեան Յասմիկ, «Ոճրագործների Վարքային Դրսեւորումներն Օսմանեան կայսրութիւնում. Հայերի Դէմ Իրականացուած Կոտորածների Ու Ցեղասպանութեան Ընթացքում. Սեռական Բռնութիւնները», «Ասպարէզ» օրաթերթ, Ապրիլ 29, 2014:
  7. Թէքէեան Ա., «Դրուագներ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնէն, Պահեսնիհայութեան Գողգոթան (1914-1918)», Պէյրութ:
  8. Ծատուրեան Պ., «Կեանքը Որ Ապրեցայ», Անթիլիաս, Լիբանան, 1969:
  9. Ճէյքըպսոն Մարիա, «Օրագրութիւն (1907-1919)», Թարգ. Ներսէս եպս. Բախտիկեան, Անթիլիաս, 1979:
  10. Պալաքեան Գ. Ծ. վրդ., «Հայ Գողգոթան, Դրուագներ Հայ Մարտիրոսագրութենէ, Պեռլինէն Դէպի Տէր Զօր, 1914-1920», Վիեննա, 1922:
  11. Սվազլեան Վ., «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ականատես Վերապրողների Վկայութիւններ», Երեւան, 2011:
  12. Քիլէճեան Սեդա, «Վերապրողները Կը Վկայեն», Պէյրութ, 2005:
  13. Matthias Bjornlund, «A fate worse than dying: Sexual violence during the Armenian Genocide», armenianInfo.net, 6 August, 2011.
  14. «Rape during the Armenian genocide», Military Wiki.
  15. «Rape during the Armenian genocide», Wikipedia.

asbarez.com/arm/388216/թուրք-իգական-սեռին-դերակատարութիւնը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail