Անդրադարձ. Թուրք Մտայնութեան Դրսեւորումներ՝ Յիշեցում – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
25 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
– Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Թուրքիոյ ամբողջ պատմութիւնը մարդ մորթելու, ուրիշին ունեցածը թալանելու, ստելու, կեղծելու, բռնաբարելու, մի՛շտ այլամերժ՝ հակառակ անոր, որ իրե՛նք եկուոր են շրջանին մէջ, անդադար սպառնալով, ահաբեկելով եւ այս բոլորով հպարտացող, յոխորտացող ազգայնամոլութեան եւ ցեղապաշտութեան տիպար օրինակ մըն է: Իրենց նախագահը՝ Էրտողան գրեթէ իր բոլոր ելոյթներուն մէջ աջ ու ձախ՝ անդադար կը սպառնայ:
– Վերջերս, 24 յուլիս 2020-ին Կոստանդնուպոլսոյ յոյն քրիստոնեայ, պատմական ուղղափառ Այա Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու արարքը՝ լաւագոյն օրինակն է վերոնշեալ վարքագիծին, մանաւանդ, երբ բոլոր աշխարհի աչքերուն առջեւ, բացման հանդիսութեան՝ իմամը, գլխաւոր միւֆթին, կրօնական հարցերու նախարարը, ձեռքը սուր բռնած ներկայացաւ մինպար (ամպիոն) եւ այդպէ՛ս ձեռքին ունենալով օսմանցիներու «ներխուժումներու սուրը»՝ քարոզեց: Իրենց համար կամայական կերպով մորթելու, գլխատելու սպառնալիքն ու սովորութիւնը տակաւին ի զօրո՛ւ է փաստեց ան:
1. Իմամը սուրը ձեռքին կը քարոզէ, 24-7-2020: 2. Փութին կը սպասեցնէ Էրտողանը եւ իր պատուիրակութիւնը, 9-3-2020-ին, տեսանիւթը այստեղ(1):
– 8 օգոստոս 2020-ին, Թրքական ազգայնական «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Տեսթիճիի սպառնալիքն է. «Եթէ Հայաստանը շարունակէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ իր նախայարձակումը, շուտով շրջանին մէջ ո՛չ Հայաստան պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ հայկական զօրք» (2): Այսինքն, անաւարտ մնացած ցեղասպանութիւնը պիտի ամբողջացնեն: Էրտողան նաեւ սպառնաց «սուրէն ազատուածներուն» այսինքն վերապրողներուն՝ ընդունելով, որ թրքական սուրով բնաջնջուուեցան հայերուն մեծամասնութիւնը:
– Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն 20 օգոստոսին «Փարի Մաչ» պարբերաթերթին կ՛ըսէ. «Էրտողան ազգայնամոլութեան եւ իսլամականութեան խառնուրդ եղող ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն կը վարէ, որ համահունչ չէ եւրոպական շահերուն եւ Եւրոպայի մէջ կայունութիւնը քայքայող գործօն մըն է» (3): Տես նաեւ (4):
– Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան գրած է. «Մենք` իբրեւ ազգ, եթէ մէկ դար առաջ Սեւրը պատռած եւ մէկդի նետած ենք, այսօր ալ արեւելեան Միջերկրականին մէջ մեզի պարտադրել փորձուող Սեւրին առջեւ գլուխ չենք կրնար խոնարհեցնել: Մեր զաւակներուն չենք կրնար յանձնել երկիր մը, որ չի կրնար սեփական իրաւունքները պաշտպանել, թոյլ է, ինքնավստահ չէ եւ քաջութեան պակաս ունի» (5):
Էրտողան որո՞ւ երկիրին եւ «սեփական իրաւունքներուն մասին» կը խօսի. մոռցած է իր զաւակներուն յուշելու նաեւ, որ Թուրքիան համաշխարհային Ա. պատերազմին պարտութիւն կրեց եւ այդ պատճառով, Սեւրի դաշնագիրը գոյացաւ: Թէ՛ պիտի պարտուին եւ թէ՛ ալ իրե՛նք պայմաններ պիտի դնեն, թրքական առածով՝ «հէ՛մ ույուզ, հէ՛մ եաւուզ» (թէ՛ քոսոտ, թէ՛ խիզախ): Նոյնը ըրաւ ազերին. հայաջնջումի պատերազմ սկսաւ 1988-ին եւ պարտուեցաւ, ու ետքը, կ՛ուզէ վերադառնալ 1987-ի խորհրդային կարգավիճակին, կարծես թէ՝ բան մը չէ պատահած: Անկախ՝ Ստալինի կողմէ նուէր տրուած իրաւական եւ պատմական փաստերուն, այս տեսակը՝ թուրքը եւ թաթարը չե՛ն հասկնար, որ պարտութիւնը գի՛ն ունի:
– Արաբական աշխարհը երկար տարիներու լրութենէ ետք, պաշտօնական եւ այլ լրատուամիջոցներ, Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ միջամտութիւններէն ետք (ո՛չ Իրաքի եւ ո՛չ ալ Սուրիոյ մէջ ծաւալապաշտական միջամտութիւններուն ժամանակ), սկսաւ բացայայտել Թուրքիոյ վարքագիծը՝ ինչպէս որ է եւ էր, բանալով օսմանեան շրջանի դաժանութեան արխիւները, եւ գրեթէ օրական կ՛անդրադառնան այդ «սեւ» օրերուն, եւ այժմու Թուրքիոյ ծաւալապաշտական վարքագիծին:
– Այստեղ առանց մեկնաբանութեան կարիքի՝ պիտի յուշեմ արաբներուն մասին, արաբը ատող, թրքական յայտնի ասոյթը. «Ոչ Դամասկոսի անուշեղէնը, ոչ ալ արաբին երեսը» (ne şam’ın şekeri ne arabın yüzü):
– Իսկ, զաւեշտալի է Աթաթուրքի «եւրոպականացումի» հրամանով, 1 յունուար 1929-էն սկսեալ թրքերէն լեզուն, որ արաբատառ էր՝ լատինատառի վերածելու որոշումը. որուն հետեւանքով նաեւ, թրքերէնը արաբերէն բառապաշարէն ձերբազատելու անյոյս ճիգերը, քանի որ արաբերէն բառերը թրքերէն բառապաշարին 30 տոկոսէն աւելին կը կազմեն: Այս նպատակով, 1970-ին գիրք մը հրատարակուեցաւ, որուն ծիծաղելի խորագիրն էր. «Պու քիթապ մուլաքքահ տըր արապճա քելիմէլերտէն» (Bu Kitab Mulaqah Der Arapça Kelimelerden): Այսինքն, այս գիրքը զերծ է արաբերէն բառերէն: Իսկ այս խորագիրին երեք բառերը, «քիթապ», «մուլաքքահ» եւ «քելիմէ» արդէն արաբերէն են…
– «Արաբական գարուն» ամերիկեան այս քաոսային ծրագիրին գործնապէս սատարող շրջանային երկիրներուն թիւ մէկը Թուրքիան է, որ իր սահմաններէն դէպի Իրաք, ապա Սուրիա ղրկեց հազարաւոր սուրով գլխատող զինեալ ահաբեկիչներ, ապա իր բանակը մտցուց այս երկիրները: Այժմ կը լսենք նաեւ, թէ՝ Լիբանան ալ ղրկած է 100-է աւելի ահաբեկիչներ եւ զինամթերք: Լիբանանցի Միամիտ վերլուծաբաններ կը կարծեն, թէ՝ քանի որ Ամերիկան նախագահական ընտրութիւններով զբաղած է, այդ պատճառով Թուրքիան ազատութիւն գտած է արեւելեան Միջերկրականին եւ Լիպիոյ մէջ…Այսքա՞ն կը թերագնահատեն Ամերիկան, որ բոլոր աշխարհի ոստիկանի թերը կ՛ուզէ ստանձնել՝ ուղղակի եւ արբանեակներու միջոցով, ինչպիսին են Թուրքիան ու Իսրայէլը եւ որոշ տեղեր յաջողած:
3. Ֆրանսական մարտանաւեր արեւելեան Միջերկրականի մէջ (4)
– Էրտողան նախքան Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալը, քանիցս սպառնացած էր Ֆրանսային՝ թէ Ալճերիոյ մէջ անոր կատարածը իբրեւ ցեղասպանութիւն պիտի ճանչնայ, սակայն ճանաչումէն ետք իր սպառնալիքը չէ գործադրած. ինչո՞ւ: Նոյնպէս, քանիցս սպառնացած է Միացեալ Նահանգներուն՝ թէ բնիկ հնդիկներուն դէմ անոնց կատարածը իբրեւ ցեղասպանութիւն պիտի ճանչնայ, եթէ անոնք ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն, ճանաչումէն ետք իր սպառնալիքը չէ գործադրած. ինչո՞ւ:
– Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական, Թուրքիոյ Անվտանգութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ Սէյիթ Սերթչելիք յունուար 2020-ին Մարաշի մէջ տեղի ունեցած «Հայկական հարցը եւ ատոր պատմական յետին ծրագիրը» խորագիրով գիտաժողովին Էրտողանի խորհրդականը նշած է. «1915 թուականի դէպքերը տեղահանութիւն էին», եւ իր խօսքերը հիմնաւորած է Թուրքիոյ ժխտողական թէզերով՝ մասնաւորաբար նշելով, որ արխիւային փաստաթուղթերը «կ՛ապացուցեն» իր խօսքերը (6): Էրտողան անձամբ քանիցս նոյն յայտարարութիւնը կատարած է, թէ՝ ցեղասպանութիւն չէր, այլ տեղահանութիւն էր եւ ճամբան «ոմանք մեռան» այնպէս ինչպէս թուրքեր ալ մեռան, կրկին մոռնալով, որ իրենք պատերազմ սկսան եւ պարտուեցան: Իսկ իրաւական առումով, այս՝ ցեղային մաքրագործում է, զանգուածային տեղահանութիւն, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ ցեղասպանութիւն:
Հարց կու տամ տեղահանողներուն, արդեօք երկու միլիոն հայ, որ 1915-ին տեղահանեցիք, ո՞ր պանդոկներուն, կամ՝ ո՞ր կահաւորուած բնակարանային համալիրներուն մէջ տեղաւորեցիք զանոնք… Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ տեղահանուածներուն քաղաքներուն, գիւղերուն, բնակարաններուն, գործարաններուն, խանութներուն, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, պարտէզներուն, մսացու կենդանիներուն, գոյքերուն, ունեցուածքին, կալուածներուն, ներառեալ Սիսի Կոթողիկոսարանին, Պոլսոյ Գասապեաններուն ապարանքին, որ նախագահական պալատի վերածեցիք եւ Ինճիրլիք ռազմակայանը որուն մեծ մասը հայերու պատկանող հողեր են եւ այլն:
Ուշ կամ կանուխ, այս բոլորին հաշիւը պիտի տայ Թուրքիան եւ Սեւրի դաշնագիրը պիտի գործադրէ:
24 օգոստոս 2020
(1) https://www.express.co.uk/videos/6139760684001/Moscow-Erdogan-waits-for-Putin-ahead-of-meeting
(2) https://www.aztagdaily.com/archives/479989
(3) https://www.aztagdaily.com/archives/481149
(4) https://greekcitytimes.com/2020/08/22/german-newspaper-france-shows-how-one-reacts-to-erdogan/?amp
(5) https://www.aztagdaily.com/archives/481150
(6) https://www.aztagdaily.com/archives/461186
aztagdaily.com/archives/481268