Քիչ առաջ միլիոնաւոր լսարան ունեցող Al Arabiya հեռուստակայանը առցանց հիւրընկալեց @Abraham Gasparyan-ին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր

Աբրահամ Գասպարեան

Քիչ առաջ միլիոնաւոր լսարան ունեցող Al Arabiya հեռուստակայանը առցանց հիւրընկալեց @Abraham Gasparyan-ին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Էրտողանի շուներէն մէկուն: Բանավեճի նիւթը, բնականաբար, Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր:

Հայտագրի սկզբին հաղորդավարուհին կարգով հարցումներ ուղղեց երկու հիւրերուն։ Թուրքը, ինչպէս սպասուած էր, սկսաւ ստելու եւ հեքիաթներ պատմելու, իսկ Աբրահամը հաւասարակշռուած եւ անհերքելի փաստերով հակադարձեց իրեն: Թուրքը չի կարողանալով Աբրահամի ըսածներուն տակէն ելլել, ջղայնացաւ եւ հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով սկսաւ աւելորդ-պակաս բաներ խօսիլ, այդ պատճառով ալ հաղորդավարուհին ստիպուած եղաւ քանի մը անգամ զինքը լռեցնել:

Թուրքը հետզհետէ աւելի զայրացաւ եւ սկսաւ անձնական վիրաւորանքներ հնչեցնել Աբրահամի հասցէին, ըսելով թէ Աբրահամը կարգը կը խախտէ եւ առիթ չի տար իրեն հանգիստ խօսելու, թէ Աբրահամը «պարոն» կոչուելու արժանի չէ, թէ Աբրահամը իր նախահայրերուն պէս «ընելիքը ըրաւ հիմա ալ զոհի/տուժածի դերը կը խաղայ», թէ Աբրահամը «իսկապէս որ հայ է»…

https://www.facebook.com/spyurkitsayn/videos/360435755410758

Հաղորդաւարուհին շատ կոշտ պատասխանելով թուրքին ըսաւ որ իր ոճն ու խօսակցութեան ձեւը անընդունելի է, որմէ ետք խօսքը փոխանցեց Աբրահամին: Աբրահամն ալ իր կարգին թուրքին ըսաւ որ պէտք է իր չափն ու սահմանը գիտնայ, այլ խօսքով՝ իրեն ըսել ուզեց որ պէտք է «մարդ ըլլայ»: Աբրահամը նաեւ ըսաւ որ այս մարդը կը պատկերացնէ նոյն այն բարբարոս թուրքը որ 106 տարիներ առաջ ծրագրեց, կազմակերպեց եւ գործադրեց հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հաղորդաւարուհին տեսնելով որ հիւրերուն միջեւ բանաւեճը շարունակելը անհնար է, ստիպուած եղաւ շնորհակալութիւն յայտնել իրենց եւ փակել հայտագիրը:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail