Վերականգնումի Պարտադրանքը – ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Վերականգնումի Պարտադրանքը – ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

24 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

2020ի աշնան, մենք մեր մորթին վրայ զգացինք Հայոց Ցեղասպանութեան այժմէականութիւնը, երբ Թուրքիա եւ անոր համաթուրանական երազին բաղադրիչներէն մէկը հանդիսացող Ատրպէյճան շառաչիւն ապտակով մը եկան հաստատելու, որ հայութիւնը բնաջնջելու նպատակով 105 տարի առաջ սկսած Մեծ Եղեռնը միայն պատմութեան չի պատկանիր:

Անշուշտ, ամբողջ ազգը ցնցած այս հարուածին պէտք չունէինք՝ յիշելու համար, որ ցեղասպան ծրագիրը երբեք պահարաններու մէջ դրուած չէր, այլ մնացած էր օրակարգին վրայ Անգարայի իրարայաջորդ վարչախումբերու, որոնք միայն յարմար առիթներուն կը սպասէին՝ ընդհանուր ծրագիրին այս կամ այն բաժինը իրականացնելու համար:

Արդարեւ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ միշտ աղաւնիի վախով ապրող Պոլսոյ եւ պատմական Հայաստանի գաւառներու փոքրաթիւ հայութիւնը տարբեր տասնամեակներու ընթացքին դիմագրաւած էր ու կը շարունակէ դիմագրաւել ֆիզիքական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային այլազան ճնշումներ:

Թուրքիոյ թաթը հասած է նաեւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներ, իսկ 1980ականներուն եւ 90ականներուն իր վայրագ գլուխը ցցած է ատրպէյճանական նորաստեղծ դիմագիծով, Սումգայիթի, Պաքուի, Կիրովաւապատի, Մարաղայի եւ Արցախի այլ շրջաններու մէջ, իսկ վերջերս նաեւ Հունգարիոյ, Հալէպի, Տէր Զօրի, Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ, հասնելով մինչեւ 2016ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եւ անցեալ տարուան 44օրեայ պատերազմը, երբ Անգարա վերստանձեց գլխաւոր դերակատարի պաշտօնը:

Ասոնց կողքին շարունակուած է մշակութային ցեղասպանութիւնը, սկսելով պատմական Հայաստանի հայկական եկեղեցիներէն, պատմական այլ կոթողներէն ու հասնելով մինչեւ Նախիջեւանի խաչքարերու սպանդը եւ Արցախի եկեղեցիներու քանդումը:

Այս բոլորէն ետք ինչ կարելի է ընել:

Հայութիւնը իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին յաճախ գտնուած է իր հայեացքը անդունդին սեւեռելու վախազդու վիճակին մէջ, սակայն բարեբախտաբար ուշ կամ կանուխ կրցած է վերականգնելու ճամբան գտնել, մինչ նուաճողները այսօր միայն պատմութեան գիրքերու մէջ կը յիշուին:

Հարկաւորը վառ պահելն է ներկայ կացութենէն դուրս գալու հայութեան ստեղծագործ ձիրքերուն նկատմամբ աննկուն յոյսը, որովհետեւ երբ դուրսէն յոյսի նոյնիսկ նշոյլ մը չենք տեսներ, մեզի կը մնայ ստեղծել այդ յոյսը: Վերականգնիլ, վերականգնել եւ վերածաղկիլ պէտք է ըլլան այդ յոյսին ու անկէ եկող կամքին արդիւնքը, որ նաեւ 106ամեայ ցեղասպանական արշաւի նահատակներուն կտակն է մեզի:

Բազմաթիւ առիթներով դէմ կեցած ենք անկարելի թուացող թնճուկներու դիմաց եւ եղած են «հնարք»ներ գտնող «խենթեր», որոնք հայութիւնը դուրս բերած են անդունդէն: Եւ այդ մէկը տեղի ունեցած է, երբ հայութիւնը միակամ է եւ մէկ կողմ դրած է ներքին պառակտումները, հատուածական հաշիւները, կեդրոնանալով միայն հզօր հայրենիք մը կերտելու հրամայականին դիմաց: Այժմ կը գտնուինք այդ պարտադրանքին, վերականգնելու պարտադրանքին առջեւ:

asbarez.com/arm/388211/վերականգնումի-պարտադրանքը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail