
Կիրօ Մանոյեան
15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
«Արմէնփրես» մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանին երկու հակահայկական բանաձեւերու սպասուող քննարկման, ըսած է, թէ առաջին անգամը չէ, որ ԵԽԽՎ-ն հակահայկական ու միակողմանի բանաձեւեր կը քննարկէ, հակառակ հայկական կողմի բողոքներուն:
Ըստ անոր, հայկական կողմը իր կարելին կ՛ընէ, շատ կարեւոր է նաեւ հասարակութեան աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը:
«Յայտնի է, որ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը սկսած է ստորագրահաւաք: Հայաստանէն ալ այդ ստորագրահաւաքին մասնակցութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ: Նախաձեռնողները 1500 ստորագրութիւն կ՛ակնկալէին, բայց այդ շեմը անցած են, հիմա թիրախ ճշդած են 2500-ը, ատիկա ալ շուտով կ՛անցնի, եթէ Հայաստանէն ալ մասնակցին», յայտնած է ան` ընդգծելով, որ ստորագրահաւաքը վեհաժողովի պատգամաւորներուն վրայ ճնշում բանեցնելու միջոց է: Ըստ անոր, ոեւէ մարդ change.org կայքին միջոցով կրնայ մասնակցիլ ստորագրահաւաքին:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, «դժուար չէ ենթադրել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան քննարկումներուն արդիւնքները, բայց կը կարծեմ, թէ ամէն պարագայի մինչեւ վերջին ժամ այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատանք տարուի»:
«Այստեղ շատ կարեւոր է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու դերակատարութիւնը. իրենք պէտք է աշխուժ ըլլան: Նախ եւ առաջ նման բանաձեւեր կը հարուածեն իրենց միջնորդած բանակցութիւններու հոլովոյթը: Ազրպէյճանի բուն նպատակը այն է, որ բանակցութիւններու հարթակը փոխուի», ըսած է Կ. Մանոյեան:
Անոր համաձայն, հայկական պատուիրակութիւնը կրնայ աւելի լաւ արդիւնքի հասնիլ, եթէ ԵԽԽՎ-ին մէջ մեծ թիւով երեսփոխաններու հետ աշխատի: Ամէն պարագայի, Կիրօ Մանոյեան բանաձեւերու ընդունումը աշխարհին վերջը չի նկատեր: Ան նշած է, որ Ազրպէյճան քարոզչական նկատառումներով կրնայ օգտագործել այդ հակահայ որոշումները:
«Բայց ինչքան ալ ըսենք կարեւոր չէ ԵԽԽՎ-ի նման որոշումը, եթէ հայանպաստ որոշում ըլլար` կը բարձրաձայնէինք, որ շատ կարեւոր է: Այս որոշումը ղարաբաղեան հարցին վրայ դրական ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ, սակայն բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ, ինչ որ կը խրախուսէ Ազրպէյճանը` շարունակելու իր կամայական կեցուածքը բանակցութիւններու ընթացքին, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին, Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ: Ազրպէյճանը դժգոհ է բանակցային հոլովոյթէն, կ՛ուզէ հարցը տեղափոխել բանակցային սեղանէն այլ հարթակներ, այս պարագային` ԵԽԽՎ: Անհրաժեշտ է, որ միջազգային համայնքը, եթէ ինքզինք կը յարգէ, թոյլ չտայ, որ ծախու ապրանք դառնայ Ազրպէյճանի ձեռքին մէջ», ըսած է ան եւ յոյս յայտնած, որ Մինսքի համանախագահող պետութիւնները աւելի աշխուժ ըլլան եւ իրենց տեսակէտը լսելի դարձնեն թեր քուէարկած պատգամաւորներուն` նշելով, որ քայլը պիտի վնասէ բանակցային հոլովոյթին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Կիրօ Մանոյեան արդեօք կը կիսէ՞ Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմադիրներուն այն տեսակէտը, որ ԵԽԽՎ-ի այդ բանաձեւերը կրնային չըլլալ, եթէ հայկական պատուիրակութիւնը լաւ աշխատէր` ան ըսած է. «Այդքան ալ դիւրին չէ զեկուցողը փոխելը, որովհետեւ այնտեղ կայ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը, որ բաւական մեծ թիւ կը ներկայացնէ, ալ չեմ խօսիր Ազրպէյճանի մասին, շարք մը պետութիւններու պատգամաւորներ, որոնք կարելի է անկասկած ըսել, որ իրենց հետ պիտի ըլլան: Ոմանք կրնայ ըլլալ սկզբունքային հարց ունենան, կարգ մը պետութիւններ, որոնք, նման խնդիրներ ունին, կրնայ ըլլալ նաեւ այլ կեցուածք ունենան, բայց ակնյայտ է, որ կարեւոր թիւով պատգամաւորներ Ազրպէյճանը կարենայ առնել: Եւ միայն աշխատանքով կարելի չէ զանոնք կողմնորոշել, յատկապէս, երբ նման անսկզբունքային մօտեցումներ կը դրսեւորուին: Իրենք գումարով առած են, մենք պիտի փորձենք այլ քաղաքական բնական միջոցներով ճնշել»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երբ նման հակահայկական բանաձեւեր ընդունուին, անընդհատ կը խօսուի այն մասին, որ պատուիրակութիւններուն կազմը պէտք է փոխել, որովհետեւ կ՛ըլլան պատահական մարդիկ, որոնք «տարուած են խանութներէ առեւտուր ընելով եւ չեն կեդրոնացած հարցին վրայ», ըսած է Կ. Մանոյեան:
Կիրօ Մանոյեան նաեւ անդրադարձած է շրջանային զարգացումներուն` նշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ըստ երեւոյթին, որդեգրած են այն սկզբունքը, որ ամէն ինչ պիտի ընեն իրենց ծրագրածը յառաջ տանելու, հակառակ պարագային երկիրը պիտի տանին պատերազմի, ինչպէս հիմա կան քաղաքացիական կռիւները:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ Հայաստան միջազգային հարթակներուն վրայ Հայ դատը յառաջ տանելու առումով յաջողութիւններ արձանագրէ` հաշուի առնելով այն, որ Թուրքիան ներքին խնդիրներով ու ահաբեկչական հարցերով տարուած է եւ կարծէք, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին ուղղութեամբ իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը մարած է: Կ. Մանոյեան դիտել տուած է, որ ճիշդ չէ ըսել, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը մարած է:
Անդրադառնալով շրջանային զարգացումներուն` Մանոյեան նշած է, որ ստեղծուած իրավիճակը վտանգաւոր է, բայց յաճախ կը ստեղծուին նոր կարելիութիւններ, որոնցմէ կարելի է օգտուիլ` նկատի առնելով այն, թէ ի՛նչ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստան:
«Եթէ Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները այնքան մը սրին, որ հասնին մինչեւ պատերազմական վիճակ, կը կարծեմ, մեզի համար ոչ մէկ լաւ բան պիտի ըլլայ:
Շրջանային զարգացումներու մէջ Թուրքիան` իբրեւ շրջանային դերակատար, բաւական կը վարկաբեկուի իր պահուածքով, եւ մենք կրնանք նաեւ այլ պետութիւններու հետ այս ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանք տանիլ», նշած է ան:
Կ. Մանոյեան նաեւ կարեւոր նկատած է Իրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Ըստ անոր, ատիկա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի վրայ, որովհետեւ Հայաստան արդէն թէ՛ Իրանի, եւ թէ՛ Արեւմուտքի հետ ունի սերտ յարաբերութիւններ եւ կրնայ այս առիթէն օգտուելով որոշ տնտեսական հոլովոյթներու մէջ դերակատարութիւն ունենալ:
Մինչեւ Հիմա Ստորագրահաւաքին
Միացած Է Աւելի Քան 4 Հազար Հոգի
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ երկու հակահայկական զեկուցումներու դէմ նախաձեռնած համացանցային ստորագրահաւաքին արդէն միացած է 4454 հոգի, եւ այս թիւը ամէն վայրկեան կը բարձրանայ:
Ստորագրահաւաքը նախաձեռնած է Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը: Ստորագրահաւաքը տեղի կ՛ունենայ Change.org կայքին վրայ:
Ստորագրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ 26 յունուար 2016, երբ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին սկսի հակահայկական երկու զեկուցումներու քննարկումը:
Զեկուցումներէն մէկուն հեղինակը բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպըրտ Ուոլթըրն է` «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միւս գրաւեալ տարածքներուն մէջ» խորագիրով: Միւս զեկուցումը պիտի ներկայացնէ Պոսնիա-Հերցեկովինայի ներկայացուցիչ Միլիցա Մարքովիչի` «Ազրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէ» նիւթով:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com





