Հայը Չէ Դադրեցուցած Արդարութեան Համար Մղուող Պայքարը ու Ինձմէ Ետք Ալ Պիտի Չի Դադրեցնէ

Հայը Չէ Դադրեցուցած Արդարութեան Համար Մղուող Պայքարը ու Ինձմէ Ետք Ալ Պիտի Չի Դադրեցնէ. Փայլանի Պատասխանածը Թուրք Պատգամաւորին

27 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արձագանգած է իր հասցէին սպառնալիքներ հնչեցուցած թուրք անկախ պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղի գրառման: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

«Ժողովուրդս բնաջնջելու մտածելակերպը կրող թափթփուկը կ՝ըսէ ՝ կրկին կ՝ընենք (կը բնաջնջենք-խմբ.):

Դուք կրակեցի՞ք ու մենք չմահացա՞նք: Մահացանք: Սակայն, անոնք, որոնք մնացած են, չեն դադրեցուցած արդարութեան համար մղուող պայքարը եւ ինձմէ յետոյ ալ պիտի չի դադրեցնեն,- ըսած է Փայլան՝ շարունակելով,- Այս երկրի բարեխիղճ մեծամասնութիւնը ասպարէզը պիտի չի ձգէ քեզի պէս ֆաշիստներուն եւ չի ալ ձգեր…»:

Իբրեւ աջակցութիւն Փայլանի՝ կուսակցական շարք մը գործիչներ հանդէս եկած են Օզտաղը քննադատող յայտարարութիւններով:

Յիշեցնենք, որ Օզտաղը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով Փայլանի Twitter-ի գրառման, վերջինիս սպառնացած է Թալէաթ փաշայի եղեռնագործութեամբ:

“THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I –
«LA CAUSE ARMÉNIENNE EST UNE CAUSE DE JUSTICE» CATHOLICOS ARAM I –

yerakouyn.com/2021/04/27/հայը-չէ-դադրեցուցած-արդարութեան-համա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail