Դուք Մոռցած էք, Որ Հայերու Ոչնչացումը Կը Նշանակէ Ողջ Թուրքիոյ Փլուզում. Թուրք Այլախոհներու Խումբ
27 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանի «Dayanışma» (Համերաշխութիւն) խումբը Twitter-ի մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով՝ ըրած է գրառում, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է թուրք օգտատէրերուն մէջ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Խումբը մէջբերած է հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, գրող Փարամազի խօսքերէն հատուած մը. «Հնչակեան կուսակցութեան անդամ Փարամազը (Մատթէոս Սարգսեան), որուն 1915թ. Մայիսին Միութիւն եւ առաջադիմութիւն կուսակցութեան առաջնորդներու դէմ մահափորձ կազմակերպելու հիմնաւորումով կախաղան բարձրացուցին, դատարանի մէջ ինքնապաշտպանական ճառին ժամանակ ըսած էր հետեւեալը. Ի՞նչ մնացած է, որ չենք ըրած այս երկրի բարօրութեան համար: Շատ ինքնազոհողութիւններու դիմած ենք հայերու եւ թուրքերու եղբայրութիւնը ապահովելու համար: Որքան ուժ սպառած ենք, որքան շատ արիւն թափած ենք: Դուք ոչ միայն չէք սահմանափակուած մեր ջանքերը անտեսելով, այլեւ՝ գիտակցաբար փորձած էք ոչնչացնել մեզ»:
Խումբը, այնուհետեւ, դիմելով Թուրքիոյ իշխանութեան ու հասարակութեան՝ գրած է. «Դուք մոռցած էք, որ հայերուն ոչնչացումը կը նշանակէ ողջ Թուրքիոյ փլուզում: 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին կը կիսենք հայ ժողովուրդին ցաւը»:
Գրառումը եզրափակուած է #ArmenianGenocide հեշթեկով:
yerakouyn.com/2021/04/27/դուք-մոռցած-էք-որ-հայերու-ոչնչացումը-կ/