Թուրք Պատգամաւորը Կարօ Փայլանին Թալէաթի Եղեռնագործութեամբ Սպառնացած է

ARMENIAN GENOCIDE - The Horrors of the Holocaust.

Թուրք Պատգամաւորը Կարօ Փայլանին Թալէաթի Եղեռնագործութեամբ Սպառնացած է

27 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի անկախ պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղը թիրախաւորած է ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին՝ սպառնալիքներ հնչեցնելով անոր հասցէին: Պատճառը Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով Փայլանի Twitter-ի էջին կատարուած գրառումն էր: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով evrensel.net-ը։

Օզտաղ Փայլանի յայտարարութեան արձագանգած է հետեւեալ ձեւով.

«Անդաստիարակ, սադրիչ անձաւորութիւն: Եթէ շատ գոհ չես, գնա սատանայի գիրքը: Թալէաթ փաշան աքսորած է ոչ թէ հայրենասէր հայերը, այլ քեզ նման թիկունքէն հարուածողները: Երբ գայ ժամանակը քեզի ալ նոյնը պիտի պատահի եւ պիտի պատահի»:

Նշենք, որ Փայլանը Ապրիլ 24-ին գրած էր. «106 տարի անց կը քալենք Ցեղասպանութեան ճարտարապետ Թալէաթ փաշայի անունը կրող փողոցներով: Մեր երեխաները կը կրթենք Թալէաթ փաշայի անուան դպրոցներուն մէջ: Եթէ այսօր Գերմանիոյ մէջ Հիթլերի անունով փողոցներ ըլլային եւ երեխաները յաճախէին վերջինիս անուան դպրոցներ՝ Գերմանիան պիտի ըլլար ճիշդ այդպիսին, ինչպիսին հիմա Թուրքիան է»:

Հայ պատգամաւորը՝ շարունակելով գրառումը՝ գրած էր. «Քանի որ 106 տարի շարունակ կը հերքուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այս հարցը կը շարունակէ մնալ այլ խորհրդարաններու եւ այլ պետութիւններու ղեկավարներու քննարկման առարկայ: Հայ ժողովուրդին ցաւը պէտք է տեղափոխենք Թուրքիա»:

yerakouyn.com/2021/04/27/թուրք-պատգամաւորը-կարօ-փայլանին-թալէ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail