Հայ Գերիներու Վերադարձի Մասին Բանաձեւ Ներկայացուած Է Ֆրանսայի Խորհրդարան

Հայ Գերիներու Վերադարձի Մասին Բանաձեւ Ներկայացուած Է Ֆրանսայի Խորհրդարան

29 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի Վալ տ՛Ուազ գաւառի երեսփոխան, նախկին ընկերվարական Ֆրանսուա Փուփոնի երկրի խորհրդարան ներկայացուցած է նոր բանաձեւ, որով Ֆրանսային կոչ կ՛ուղղուի` Ազրպէյճանէն պահանջելու զինուորական գործողութիւններէն ետք վերադարձնել պատերազմական գերիները եւ խաղաղ բնակիչները:

«Ես առաջարկեցի որդեգրել բանաձեւ հայ պատերազմական գերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ: Արցախի մէջ Ազրպէյճանի հետ տագնապէն ետք բազմաթիւ հայ զինուորներ տակաւին կը գտնուին Ազրպէյճանի մէջ եւ կը սպասեն հայրենադարձութեան: Ազրպէյճանի այս գործելաոճը ամբողջովին կը հակասէ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ Ժընեւի ուխտին:

«Ֆրանսան պէտք է Ազրպէյճանին կոչ ուղղէ` ազատ արձակելու զանոնք, ասիկա է իմ բանաձեւիս իմաստը: Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն խորհրդարանականներուն, որոնք համաձայնած են զայն ստորագրել», գրած է Փուփոնի:

aztagdaily.com/archives/507397

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail