Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահութեան Ներկայացուցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Օրինագիծ Մը

Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահութեան Ներկայացուցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Օրինագիծ Մը

28 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծ մը, որով նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ցեղասպանութեան պատասխանատուներու անունները վերցնելու հանրային վայրերէն եւ փոփոխութիւն կատարելու Թուրքիոյ քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ:

«Արմէնփրես», վկայակոչելով «Ակօս»-ը, կը հաղորդէ, որ Փայլանի ներկայացուցած օրինագիծի հիմնաւորումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ, որպէսզի հայ ժողովուրդին ապրած Մեծ եղեռնը կոչուի իրական անունով: «Մեծ յանցագործութիւնը պէտք է ճանչցուի Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ, եւ Հայոց ցեղասպանութենէն վնասուածները 106 տարի ետք պէտք է հասնին արդարութեան», նշուած է նախագիծին մէջ:

www.aztagdaily.com/archives/507254

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail