Պլինքըն. «Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Յայտարարութեան Իմաստը Զոհերու Յիշատակը Յարգելն Է Եւ Ոչ Թէ Մեղադրանք Առաջադրելը»

Պլինքըն. «Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Յայտարարութեան Իմաստը Զոհերու Յիշատակը Յարգելն Է Եւ Ոչ Թէ Մեղադրանք Առաջադրելը»

30 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չէ փորձած մեղքը բարդել Թուրքիոյ վրայ, երբ խօսած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: «Հիւրրիեթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին օտարերկրեայ լրագրողներու հետ առցանց հանդիպման ժամանակ յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

Պլինքըն, պատասխանելով թրքական օրաթերթի թղթակիցի` թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացման վերաբերեալ հարցումին, շեշտած է. «Նախագահի յայտարարութեան առնչութեամբ պէտք է նշեմ, որ ատիկա պէտք չէր անակնկալ ըլլար: Նման ձեւով նախագահը արտայայտած է իր տեսակէտը, որ ունեցած է տարիներ շարունակ` իբրեւ ծերակուտական, նախագահի թեկնածու եւ արդէն իբրեւ նախագահ: Ան այդ մասին յստակ եւ պարզ արտայայտուած էր նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին»:

«Նախագահը առաջին իսկ օրէն ճշմարիտ եղած է` ցոյց տալով իր վճռականութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Այս քաղաքականութեան մէկ մասը կ՛ենթադրէ համոզուիլ անոր մէջ, որ կայ պատմութեան ըմբռնում եւ գիտակցում անցեալի ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ` անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար: Ինչպէս ընդգծած է նախագահը, յայտարարութեան իմաստը զոհերուն յիշատակը յարգելն է եւ ոչ թէ մեղադրանք առաջադրելը», նկատած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Պլինքըն միեւնոյն ժամանակ կարեւոր նկատած է շեշտել, որ 23 ապրիլին Պայտընի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային լաւ հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է:

«Գիտեմ, որ անոնք անհամբեր կը սպասեն հանդիպելու կարելիութեան: Կան բազմաթիւ խնդիրներ եւ ոլորտներ, որոնց շուրջ մենք սերտօրէն կը համագործակցինք: Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի կարեւոր դաշնակիցն է: Մենք հանդէս կու գանք իբրեւ գործընկեր շրջանային եւ համաշխարհային բազմաթիւ հասարակաց շահերու հարցին մէջ», ըսած է ան եւ մանրամասնած, թէ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ Թուրքիոյ հետ ուժեղ երկկողմանի յարաբերութիւններու պահպանման, որ կ՛ընդգրկէ համագործակցութեան ընդլայնուած ոլորտները, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ կառավարման այն ոլորտները, որոնց մէջ երկիրները համակարծիք են:

«Եւ ինչպէս բազմաթիւ երկիրներու պարագային, մեր միջեւ եւս տարակարծութիւններ կան», բացատրած է Պլինքըն:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Պլինքըն նաեւ յայտարարած է. «Ապագային նաեւ շատ կարեւոր է, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգներու բոլոր դաշնակիցներն ու գործընկերները խուսափին ռուսական զէնքի հետագայ գնումէն, ներառեալ լրացուցիչ «Էս-400»-ները»:

Նշենք, որ Թուրքիան յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ կը բանակցի «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու 2-րդ քանակը ստանալու համար:

«Ռուսիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւններու հետ որեւէ նշանակալից գործարք եւս կրնայ ենթակայ ըլլալ «Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ»-ի օրէնքին` առանձին արդէն սահմանուած պատժամիջոցներէն եւ ի ամբողջացումն անոնց», ըսած է ան` նկատի ունենալով «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու» մասին օրէնքը, որ նախատեսուած է երկիրները Ռուսիայէն սպառազինութիւն գնելէն ետ պահելու համար:

www.aztagdaily.com/archives/507616

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail