Միջազգային Լրատուամիջոցներու Արձագանգը Պայտընի Ուղերձին
30 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՄՇԱԿՈՅԹ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Սքուփ»
Ճօ Պայտըն, ճանաչում եւ Հայոց ցեղասպանութիւն
Պինոյ Քամփմարքի յօդուածին մուտքը.
Անուններ վերագրելը դաժան գործողութիւններուն, որոնք մարդիկ իրարու կը պատճառեն, երբեք առանց խնդիրներու չ՛ըլլար: Կան ահաբեկչութեան աստիճանաւորումներ, վայրագութեան եւ դաժանութեան չափեր: Ատոնց մէջ կը թագաւորեն իմաստակները, ծայրայեղները: Վէճերը կը փրփրին եւ կատղի կը դառնան այն բանին շուրջը, թէ արդեօ՞ք «կոտորած» մը լաւագոյնս կարելի է անուանել որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն կամ վտանգաւոր թշնամիի դէմ ծանր վիշտով ձեռնարկուած հակափորձ: Քերթեցէ՛ք նման փաստերու մակերեսը, եւ ճշմարտութիւնը մռայլօրէն սովորական, ընդհանուր է. սպանութեան համար ներում հայցողներ կը գտնուին:
Հայոց ցեղասպանութեան կապուած եզրերը կարեւոր են: Թուրքերու կողմէ հայերու հանդէպ վերաբերմունքը, այն ժամանակ, երբ Օսմանեան կայսրութեան թթուածինը կը վերջանար, 1915-ի մայիսին առաջնորդեց Անատոլուի արեւելեան տարածքէն տեղահանութեան, որ ի վերջոյ յանգեցուց 1,5 միլիոն մահերու: Օսմանեան հիւանդ պետութիւնը կը մղուէր մարդասպան համասերացումի փուլ:
1913-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաու խստօրէն կը հակառակէր օսմանեան ուժերու վարքագիծին, որ ան բնութագրեց որպէս «ցեղի ոչնչացման արշաւ»: Ան կը պնդէր, որ հայերու տեղահանման ճամբուն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ատոնք իրականացնելու ատեն գիտէին, որ «ամբողջ ցեղի մը մահուան հրամանը կու տան»: Անոր բողոքը ընդունեց, հաստատեց այդ օրերու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռոպերթ Լանսինկ:
«Ֆորպզ»
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը դարէ մը ի վեր կու գայ», գրած է դոկտ. Մաթիւ Ճ. Սմիթ` Նիւ Հէյուըն համալսարանի ազգային անվտանգութեան եւ քաղաքագիտութեան դասախօս: Ան կ՛աւելցնէ. «Պաղ պատերազմի տարիներուն Միացեալ Նահանգներու` Թուրքիոյ ապաւինիլը կը նշանակէր, որ ոչ մէկ նախագահ պատրաստ էր յանդգնիլ այդպիսի առանցքային դաշնակիցը կորսնցնելու քայլ մը առնել: Բայց նախագահ Պայտընի ճանաչումը ի վերջոյ կ՛ընդունի ճշմարտութիւնը: Այդպէս ընելով` ան նոյնպէս կը ծանօթագրէ Չինաստանին եւ այլ պետութիւններուն, որոնք յոյս դրած են Միացեալ Նահանգներու վրայ` անցողիկ շահերու այլ ճամբայ փնտռելու համար: Ատիկա հիմա այլեւս տեղի չ՛ունենար»:
«Նիւզ»
Պայտըն հայերուն մահերը որպէս ցեղասպանութիւն կը ճանչնայ` Հայաստանի մէջ ամոքում եւ Թուրքիոյ մէջ կատաղութիւն յառաջացնելով
Թուրք ակադեմական եւ Պրուքինկզ հիմնարկի ուսումնասիրական կեդրոնի աւագ գիտնական Քեմալ Քիրիշչի կ՛ըսէ, որ Հայաստանի կողմէ ընդունուած «կարծր» դիրքորոշումը կը դժուարացնէ բնաբանին քննարկումը Թուրքիոյ մէջ: Ան նոյնպէս կ՛ըսէ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ որեւէ քննադատութիւն կրնայ Էրտողանը մղել զինուելու:
«Երբ քննադատութիւնը դուրսէն կու գայ բռնատիրական միջավայրի մը մէջ, ձեւով մը կը խաղայ բռնատէր առաջնորդի ձեռքին մէջ, որովհետեւ առաջնորդը երկրէն ներս գոյութիւն ունեցող խնդիրներէն ուշադրութիւնը կրնայ շեղել: Իրականութեան մէջ, հակառակ անոր որ Էրտողան կրնայ շատ յարձակողապաշտ լեզու գործածել Միացեալ Նահանգներու դէմ` որպէս պատասխան Պայտընի յայտարարութեան, ան հակադարձելու, փոխվրէժի քիչ տարբերակ կ՛ունենայ, որովհետեւ Թուրքիա կը պայքարի Քորոնայի եւ տնտեսական տագնապին դէմ», ըսաւ Քեմալ Քիրիշչի:
«Ինփելնիւզ»
Աւելի լաւ ուշ, քան` երբեք
«Ի վերջոյ այսօր ո՞վ կը խօսի հայոց ջարդին մասին»: Այս հռետորական խօսքը ըսած էր Հիթլեր, 1939-ին, իր զօրավարներուն: Հիթլեր սխալ էր անշուշտ: Պատասխանը` 2021-ին, թէեւ որոշ մարդիկ, բայց ոչ բաւարար եւ տակաւին կայ երկար ճամբայ, որպէսզի ամէն ոք խօսի: Ասիկա` նոյնիսկ այն բանէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներ վերջապէս ձեռնարկեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու կարեւոր քայլը` դառնալով 32-րդ երկիրը, որ այդ հոլովոյթը կատարեց:
«Արապ Նիւզ»
Աւելի լաւ ուշ, քան` երբեք: Ինչո՞ւ Հայոց ցեղասպանութեան Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճանաչումը յատկանշական է:
«Կարտիըն»
Պայտըն դարձաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Թայմզ օֆ Իսրայէլ»
Այն բանէն ետք, երբ Պայտըն կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Իսրայէլ կը դադրի նոյնը ընելէ:
«Թայմզ օֆ Իսրայէլ»
«Ես կը շարունակեմ պայքարիլ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար», Ե. Լապիտ:
Իսրայէլեան «Եշ Ատիթ» կուսակցութեան առաջնորդ Եայիր Լապիտ բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յայտարարութիւնը` ըսելով. «Ատիկա Պայտընի կարեւոր բարոյական յայտարարութիւնն է: Ես կը շարունակեմ պայքարիլ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար, ատիկա մեր` որպէս հրէական պետութեան, բարոյական պատասխանատուութիւնն է», ընդգծած է ան:
«Թհինք»
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Պայտըն ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին Թուրքիան եւ էրտողանը:
«Նիւ Եորք Թայմզ»
Խզուելով նախորդներէն` Պայտըն յայտարարեց, որ հայերու զանգուածային սպանութիւնները ցեղասպանութիւն են:
«Ուաշինկթոն Փոսթ»
Ինչ կը նշանակէ Միացեալ Նահանգներու համար հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն ճանչնալը:
«Սթրէյց Թայմզ»
Թուրքիա կը կատղի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստով:
«Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»
Ուաշինկթընը այլեւս մտահոգ չէ, որ այդ կը բարկացնէ Թուրքիան:
«Նեշընըլ»
Ցեղասպանութեան ճանաչում. նոր տագնապնե՞ր Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ:
«Ճերուզալեմ Փոսթ»
Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Հաարեց»
Ինչո՞ւ Թուրքիա զէնք չէ վերցուցած Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով:
«Արապ Ուիքլի»
Հակառակ Պայտընի յայտարարութեան` Թուրքիոյ համար ճիշդ ժամանակը չէ մենամարտելու:
«Լը Ֆիկարօ»
Ճօ Պայտըն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը
Իր բոլոր նախորդները զգուշօրէն խուսափած էին այդ եզրը գործածելէ` վախնալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումէն
Ան Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահն է, որ ցեղասպանութիւն անուանեց 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հարիւր հազարաւոր հայերու զանգուածային սպանութիւնները եւ կազմակերպուած տեղահանութիւնները:
Տասնամեակներ շարունակ թրքական իշխանութիւնները տարբեր ճնշումներ բանեցուցած են Ուաշինկթընի վրայ եւ օգտագործած են իրենց ազդեցութիւնը, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ հրաժարին այդ եզրը գործածելէ:
«Լը Ֆիկարօ»
Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիա կը մերժէ ամերիկեան վարչակարգի որոշումը
Միացեալ նահանգներու որոշումը կ՛աւելնայ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ վէճերու երկար ցուցակին:
«Լը Մոնտ»
Ճօ Պայտըն կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` դառնալով Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը
Պատմական արարք, Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը որպէս «միջամտութիւն» որակուեցաւ անոր թուրք գործընկերոջ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ:
Բազմաթիւ դիտորդներ կ՛ակնկալէին այս փոփոխութիւնը: Տասնամեակներու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան աւանդական կեցուածքը աւելի եւ աւելի անհանդուրժելի եւ կեղծ կը դառնար: Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ակադեմական հետազօտութիւնները, գրեթէ գոյութիւն չունեցող` 1970-ական թուականներուն ընթացքին, զգալիօրէն զարգացան` անվիճելի դարձնելով 1915-1917 թուականներուն ջարդերու ցեղասպանական բնոյթը:
Միեւնոյն ժամանակ, Քոնկրեսը, ամերիկահայ համայնքին աշխատանքով, դիրքորոշում որդեգրեց տարբեր առիթներով, եւ ի վերջոյ, 2019-ին երկու պալատները ընդունեցին ցեղասպանութիւնը: Ճօ Պայտըն ինք նաեւ մասնակից դարձած էր Քոնկրեսի այդ գործունէութեան, երբ ծերակուտական էր 1973-1990 թուականներուն, բազմաթիւ բանաձեւերու աջակից դառնալով:
Համարուելով ամերիկահայերու մօտիկ անձ, ան 2020-ի նախագահական իր քարոզարշաւին ընթացքին խոստացած էր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Ժազիրա»
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Պայտընի յայտարարութեան արձագանգ
Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի հայերու զանգուածային սպանութիւնը որպէս «ցեղասպանութիւն» ճանչնալը ողջունուեցաւ Հայաստանի կողմէ, բայց քննադատուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ:
Ճօ Պայտըն եղաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ «ցեղասպանութեան» արարք որակեց Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնը: «Ամէն տարի այս օրը մենք կը յիշենք անոնք, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը` կանխելու նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը», կը նշուի Պայտընի ուղերձին մէջ: «Ամերիկացի ժողովուրդը կը յարգէ բոլոր այն հայերը, որոնք զոհուած են 106 տարի առաջ այս օրը սկսած ցեղասպանութեան ընթացքին», կ՛ըսուի Սպիտակ տան հրապարակած ուղերձին մէջ:
Թուրքիա
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց եւ դատապարտեց Պայտընի յայտարարութիւնը` «ամէնէն ուժեղ արտայայտութեամբ»:
Հայաստան
Պայտընի ուղղուած նամակի մը մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ ամբողջ աշխարհի հայերը ողջունած են իր յայտարարութիւնը:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան նոյնպէս ըսաւ, որ` «Ճանաչումը նոր հեռանկարներ կը բանայ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ»:
Ազրպէյճան
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պայտընի յայտարարութիւնը նկատեց «ցաւալի» եւ ըսաւ, որ ան կը «խեղաթիւրէ տեղի ունեցածի պատմական փաստերը»:
Էրտողանին հետ շաբաթ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնը անուանեց «պատմական սխալ մը»:
Ալեքսանտրա Օքազիօ, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան անդամ
«Միացեալ Նահանգներու ճանաչումը «շատոնց ուշացած էր: Ճշմարտութիւնը ըսելն ու անարդարութիւնը ամբողջովին ճանչնալը կրնայ ըլլալ բուժման կարեւորագոյն քայլերէն մէկը», գրած է ան Թուիթըրի մէջ:
Թետ Լիու, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ
«Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահները կը վախնային ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Շնորհակալութիւն նախագահ Պայտընին` ատիկա իրականացնելու համար: Ձեր համարձակ ղեկավարութիւնը աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը կը դարձնէ», ըսած է ան Թուիթըրի մէջ:
Թրքական Թերթերու Արձագանգ
24 ապրիլէն ետք թրքական թերթերու բոլոր վերնագիրները կապուած են Պայտընի յայտարարութեան
Հիւրրիյեթ. Մենք ամբողջութեամբ կը հերքենք մեղադրանքները
Քարար. Մէկ բառով` ամբոխահաճութիւն
Ճումհուրիյեթ. Պատմական աղաւաղում
Թիւրքիէ. Արտայայտութիւնները չեն փոխեր պատմութիւնը
Միլլիյեթ. Պայտըն դաւաճանեց պատմութեան
Աքիտ. Դո՛ւք էք ցեղասպանը
Աքշամ. Մենք չենք կոտրուիր սուտին առջեւ
Ենի Շաֆաք. Ան (Պայտըն) նախընտրեց թշնամանալ
Ենիչաղ. Պայտընի` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ զրպարտանքները
Միլլի Կազեթէ. Ցեղասպանը կ՛ըսէ «ցեղասպանութիւն»
Սոզճու. Մենք չենք խոնարհիր սուտին կամ ճնշումին առջեւ
Փենճերէ. Ծաղկամանը ճաթած է (Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մասին)
www.aztagdaily.com/archives/507508