Վերջապէ՛ս, Պայտըն Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը… Ի՞նչ Է Յաջորդ Քայլը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջապէ՛ս, Պայտըն Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը… Ի՞նչ Է Յաջորդ Քայլը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

30 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Կարդալ նաեւ՝:

Columnist Harut Sassounian

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ տարի, երբ Պայտըն նախագահի թեկնածու էր, խոստացաւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց, որովհետեւ ամերիկահայերը բազաթիւ անգամներ խաբուած են նախորդ նախագահներէն, որոնք չէին յարգած իրենց նախընտրական խոստումները, անոնք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը վերաբերէին Պայտընի յանձնառութեան: Նոյնիսկ եթէ Միացեալ Նահանգները ցարդ քանի մը անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1951էն սկսեալ (Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացուց Համաշխարհային դատարան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը երեք բանաձեւ ընդունեց 1975ին, 1984ին եւ 2019ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւը 2019ին, իսկ Ռեկըն նախագահական հռչակագիր հրապարակեց 22 Ապրիլ 1981ին), այս տարի 24 Ապրիլին նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը լուրջ յառաջընթաց կը համարուի՝ քանի մը դրական հետեւութիւններով.

1) 1.5 միլիոն հայերու զանգուածային սպանութիւնը շատ զգացական հարց է, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յաջորդները գոհունակութեան խոր զգացում ունեցան, որովհետեւ իրենց նախնիներուն ապրած Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս եւ ճշմարիտ կերպով կ՛ընդունուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ:

2) Ամերիկայի նախագահին նորագոյն եւ հեղինակաւոր ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ շարունակելու հայերուն ներկայացուցած դատական հայցերը՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն Ցեղասպանութեան շրջանի պահանջներուն մասին: Նախապէս դաշնակցային դատաւորներ կը մերժէին նման դատավարութիւններ եւ կը պնդէին (սխալ կերպով), թէ՝ որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Քալիֆորնիան եւ այլ նահանգներ չեն կրնար հաստատել այնպիսի օրէնքներ, որոնք թոյլ կու տան նման դատական գործեր շարունակելու: Այնուամենայնիւ, եթէ դատարանները որոշեն, որ Պայտընի ուղերձը բաւարար չէ նման դատական հայցեր յարուցելու համար, ամերիկահայերը պարտաւոր են ներկայացնելու այդ ուղղութեամբ օրէնքի առաջարկ մը, այլ ոչ թէ յիշատակման բանաձեւ, որ պէտք է ընդունուի Քոնկրեսի երկու պալատներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ ստորագրուի նախագահին կողմէ: Ասիկա պիտի ըլլայ վերջին խօսքը՝ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու եւ իրաւական պահանջներ կատարելու համար։

3) Որովհետեւ Միացեալ Նահանգները գերպետութիւն է, նախագահին յայտարարութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունին այլ երկիրներու, մասնաւորապէս՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Իսրայէլի վրայ: Ուրեմն, կը սպասուի, որ քանի մը երկիրներ եւս հետեւին Ամերիկայի օրինակին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:

4) Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը տեղի ունեցաւ հայերուն համար յատկապէս դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ անցեալ աշնան Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ իսլամական ,ճիհատեական վարձկաններու մասնակցութեամբ արցախեան պատերազմին հայերուն կրած աղէտալի պարտութենէն ետք: Նախագահ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձը կը բարձրացնէ հայերուն ոգին եւ կրնայ ստեղծել համաշխարհային տէրութիւններու մօտ բարի կամքի մթնոլորտ մը՝ Արցախի կարգավիճակին եւ անոր բնակչութեան պաշտպանութեան հարցի արդար լուծման շուռջ:

5) Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարը նաեւ քաղաքական պայքար է՝ մէկ կողմէ այդ զանգուածային յանցագործութիւնը իրականացուցած երկրին, իսկ միւս կողմէ զոհերու ժառանգներուն համար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը, անցած տարիներուն նման, գործադրեց ամէն կարելի միջոց, որպէսզի Միացեալ Նահանգները չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիա միլիոնաւոր տոլարներ վճարեց ամերիկեան լոպիական կազմակերպութիւններու՝ Ցեղասպանութիւնը հերքելու համար, ճնշում գործադրեց եւ սարսափելի հետեւանքներով սպառնաց Միացեալ Նահանգներուն, եթէ վերջինս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Այս բոլորով հանդերձ, Թուրքիոյ հասաւ քաղաքական մեծ հարուած մը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը խստօրէն իր տեղը դրաւ Թուրքիոյ ամբարտաւան նախագահը, որ կը կարծէ, թէ ոչ մէկ երկիր կրնայ դէմ դնել իր ցանկութիւններուն:

Համոզուած եմ, որ Էրտողան անքուն գիշեր մը անցուց, երբ Պայտըն 23 Ապրիլին հեռաձայնեց իրեն՝ տեղեկացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր որոշումին մասին։ Յուսանք, որ նուաստացած Էրտողան հասկցաւ, որ աշխարհը չի պտըտիր Թուրքիոյ շուրջ…:

Այժմ տեսնենք, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ հակադարձել: Արդեօք ժամանակաւորապէս յե՞տս կը կոչէ իր դեսպանը Ուաշինկթընէն, կը սպառնայ դադրեցնե՞լ առեւտրական կապերը, թէ կ՛արգելափակէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանի օգտագործումը։ Կը յուսամ, որ Էրտողան այս բոլորը եւ շատ աւելին կ՛ընէ։

Այսպիսի գործողութիւններով, Թուրքիա աւելի եւս կը վատթարացնէ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, կ՛ապահովէ Հայոց Ցեղասպանութեան հանրայնացումը ամբողջ աշխարհին մէջ եւ իր երկրին ձախողած տնտեսութիւնը կը տանի դէպի սնանկութիւն: Այս մէկը կրնայ յանգեցնել ներքին խառնակ վիճակի եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Էրտողանը նախագահութենէն վերջնականապէս հեռացման, եթէ ոչ՝ աւելի շուտ: Հետաքրքականը այն է, որ Էրտողանը, 26 Ապրիլի ուշ գիշերը, թուրք ժողովուրդին առջեւ երկարատեւ ելոյթ մը ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, իր սովորական սուտերէն բացի, չհամարձակեցաւ յայտարարել Միացեալ Նահանգներու դէմ կատարուելիք որեւէ գործողութեան մը մասին՝ իբրեւ պատասխան Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին։

Այսպիսով, Էրտողան ցուցադրեց իր բացարձակ նուաստացումն ու անզօրութիւնը: Չկարենալով պարտադրել Միացեալ Նահանգներուն՝ հրաժարիլ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր ծրագիրներէն, Թուրքիոյ ղեկավարները ներկայիս կը դիմեն իրենց սովորական հնարքներուն՝ յայտարարելով, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այս ճանաչումը ոչինչ կը նշանակէ: Եթէ ասիկա իսկապէս ոչինչ կը նշանակէ, ապա ինչո՞ւ Թուրքիա քանի մը տասնամեակէ ի վեր միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէր լոպիիստներու վրայ եւ ճնշում կը գործադրէր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վրայ՝ սպառնալով սարսափելի հետեւանքներով:

Աւելի քան ամբողջ դար մը իր սուտերն ու հերքումները շարունակելու փոխարէն, շատ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ Թուրքիա պարզապէս ընդունի իր նախորդներուն ոճրագործութիւնները, ներողութիւն խնդրէ եւ հատուցէ հայ ժողովուրդը՝ հասցուած ահռելի վնասներուն համար: Թուրքիա լաւ կ՛ընէ, եթէ հետեւի Գերմանիոյ՝ ,Հոլոքոսթեէն ետք օրինակին:

Գերմանիա ներողութիւն խնդրեց Հիթլերի զանգուածային ոճիրներուն համար, յուշարձաններ կանգնեցուց ,Հոլոքոսթեի զոհերուն համար եւ միլիառաւոր տոլարներ վճարեց զոհերու յաջորդներուն: Այսպէս կը վարուի քաղաքակիրթ ժողովուրդ մը, երբ իր ղեկավարները ծանր յանցանքներ գործեն:

Միաժամանակ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերը պէտք է հետապնդեն իրենց պահանջները՝ օրինական ճամբաներով՝ դատական բազմաթիւ հայցեր ներկայացնելով ընդդէմ Թուրքիոյ, տարբեր երկիրներու դատարաններու մէջ եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, պահանջելով հատուցանել Ցեղասպանութեան պատճառած վնասները: Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է Թուրքիան տանի Համաշխարհային դատարան, ուր միայն կառավարութիւններուն թոյլ տրուած է դատ բանալ։

Վերջապէս, ճիշդ պահն է յիշելու հայերու մեծ բարեկամ, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Մարշըլ Էվընզը եւ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր, որուն դիւանագիտական ասպարէզը ընդհատուեցաւ 2006ին, երբ Քալիֆորնիա կատարած այցելութեան մը ընթացքին ճշմարտութիւնը ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ճիշդ պիտի ըլլար, որ Պայտընի վարչակազմը Էվընզը նշանակէր Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանը։ Ասիկա նուազագոյնն է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնայ ընել՝ նախագահը պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրելէ ետք Էվընզէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, ,Քալիֆորնիա Քուրիըրե թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail