Մայր Աթոռը կը քննադատէ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ուսուցման վերաբերեալ ԿԳՄՄ նախարարին դիրքորոշումը

Մայր Աթոռը կը քննադատէ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ուսուցման վերաբերեալ ԿԳՄՄ նախարարին դիրքորոշումը

29/04/2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Harout Nobel / norharatch.com /

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կրթական հարցերու ենթախումբը բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Վահրամ Դումանեանի դիրքորոշումը՝ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ուսուցման առնչութեամբ: Այս մասին ենթախումբը նշած է իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Նախարարը մասնաւորապէս ըսած է, թէ Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկան կը մնայ երկրորդական վարժարաններու մէջ՝ հաւանաբար «Կրօնի և հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն» անուանումով եւ կ՚ուսուցանուի խտացուած ժամերով:

«Մօտեցումը բացարձակապէս անընդունելի է թէ՛ հոգևոր և թէ՛ ազգային շահերի տեսանկիւնից և խորը հակասութեան մէջ է Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածի հիմնադրոյթների հետ: Առաւել անհանդուրժելի է, երբ այն մատուցւում է փոխզիջման անուան տակ: Սերունդների ազգային կրթութեան և դաստիարակութեան հարցում փոխզիջումնային գործելաոճը ուղղակի կործանարար է։ Նախարարութեան առաջարկած այս մօտեցմամբ ի չիք են դարձւում «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման 16 տարիների ընթացքում մեծ դժուարութեամբ արձանագրուած արդիւնքները»,- ընդգծուած է Մայր Աթոռի յայտարարութեան մէջ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթական հարցերու ենթախումբը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը, որ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան իր ամբողջ ծաւալով պէտք է ընդգրկուած ըլլայ պարտադիր ուսուցանուող առարկաներու ցանկին մէջ: Միաժամանակ ենթախումբը կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը՝ բարեփոխումներու ենթարկել «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ծրագիրը, մասնակցիլ դասագիրքերու խմբագրութեան և ուսուցիչներու վերապատրաստութեան՝ յիշեալ գործընթացներու շրջանակներու մէջ անարձագանգ չձգելով մասնագիտական ու ազգային-հասարակական շրջանակներէն հնչող առաջարկները։

Մայր Աթոռի ենթախումբը նախարար Դումանեանի մօտեցումը կործանարար որակած է:

www.norharatch.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail